Թրքական իշխանութիւնները Սուրիոյ հետ սահմանին անվտանգութեան պատ կառուցելէ ետք, նոյն ծրագիրը կ՛իրականացնեն նաեւ Հայաստանի եւ Իրանի հետ սահմանին վրայ: Այդ մասին կը հաղորդէ «Էրմենի Հապէր»՝ վկայակոչելով թրքական «ANFNews» լրատուական գործակալութիւնը: Հայաստան-Թուրքիա եւ Իրան-Թուրքիա սահմաններուն վրայ, Թուրքիա կը նախատեսէ կառուցուելիք պատի հետ միասին ներդրել նաեւ «ամբողջական սահմանային անվտանգութեան համակարգ», որ շուրջօրեայ վերահսկողութիւն սահմանէ նշեալ սահմաններուն վրայ: Ըստ աղբիւրին՝ երկրի սահմանները կը պարսպապատուին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ 2017ի Յունուարին Թուրքիոյ քաղաքական քուլիսներուն մէջ յայտնի դարձաւ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը պիտի պարսպապատուի Արտահան, Կարս եւ Իգդիր քաղաքներու կողմէ։
Ատկէ որոշ ժամանակ անց ալ Եւրոպական Միութեան (Ե.Մ.) եւ Թուրքիոյ համատնտեսաւորմամբ ականազերծման աշխատանքներ սկսան Թուրքիոյ այն տարածքներուն մէջ, որոնք սահմանակից են Հայաստանին, Ատրպէյճանին եւ Իրանին:
Ատոր վերաբերեալ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդական-Հանրապետական Կուսակցութեան (CHP-Ժ.Հ.Կ.) Պոլսոյ պատգամաւոր Մահմութ Թանալ հարցում ուղղած էր պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքի: Վերջինս հաստատած էր, որ Թուրքիա կը պատրաստուի Հայաստանի եւ Իրանի հետ սահմանին անվտանգութեան պատ կառուցելու:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները Հայաստանի սահմանին պատ կը կառուցեն
Թուրքիոյ իշխանութիւնները Հայաստանի սահմանին պատ կը կառուցեն