­Թուր­քիա «Fatih» եւ «Yavuz» ա­նու­նով հո­րա­տող նա­ւե­րը ­Կիպ­րո­սի ա­փա­մերձ ծո­վը ու­ղար­կե­լէ յե­տոյ, այժմ 3րդ ­հո­րա­տող նա­ւը այն­տեղ ու­ղար­կե­լու ըն­թաց­քին մէջ է: Այս մա­սին կը յայտ­նէ BBCի թրքա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը՝ յղում ը­նե­լով անգ­լիա­կան «Times» թեր­թին: ­Լու­րը կը հա­ղոր­դէ «Էր­մէ­նի­հա­պէր»ը։ ­Կը նշո­ւի, որ անգ­լիա­կան թեր­թը ­Թուր­քիոյ այս քայ­լը բնո­րո­շած է որ­պէս Եւ­րո­պա­կան միու­թեան ուղ­ղո­ւած մար­տահրա­ւէր՝ հա­կա­ռակ Պ­րիւք­սե­լի բազ­մա­թիւ զգու­շա­ցում­նե­րուն: «­Յան­դուգն ­Թուր­քիան 3րդ ­հո­րա­տող նա­ւը կը տե­ղա­կա­յէ ­Մի­ջերկ­րա­կան ծո­վին մէջ» վեր­նագ­րով յօ­դո­ւա­ծին մէջ նշո­ւած է, որ Ան­գա­րան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ 3րդ ­հո­րա­տող նա­ւը ձեռք բե­րե­լու նպա­տա­կով: ­Բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կ­՚ըն­թա­նան նաեւ ­Նոր­վե­կիոյ հետ. այդ երկ­րէն ­Թուր­քիա ար­դէն գնած է ա­ռա­ջին 2 հո­րա­տող նա­ւե­րը: ­Թեր­թը անդ­րա­դար­ձած է նաեւ 27 ­Նո­յեմ­բե­րի ­Թուր­քիոյ ու ­Լի­պիա­յի մի­ջեւ ­Մի­ջերկ­րա­կան ծո­վի ա­րե­ւե­լեան մա­սէն ներս բա­ցա­ռիկ տնտե­սա­կան գօ­տի ստեղ­ծե­լու ու եր­կու եր­կիր­նե­րուն հա­մար ա­նոր սահ­ման­նե­րը ո­րո­շե­լու նպա­տա­կով կնքո­ւած հա­մա­ձա­նա­գի­րին: ­Հե­ղի­նա­կը նշած է, որ ­Յու­նաս­տա­նի շա­հե­րուն հա­կա­սող հա­մա­ձայ­նա­գի­րը հան­դի­պած է Ա­թէն­քի քննա­դա­տու­թեան ու դա­տա­պար­տու­մին:

Ի­տա­լա­կան ռազ­մա­նաւ ­Կիպ­րո­սի շուրջ.
«մենք պատ­րաստ ենք», կ­՚ը­սէ Ի­տա­լիա

«Ի­տա­լիա ռազ­մա­նաւ մը ղրկած է ­Կիպ­րո­սի մօտ, իր ազ­գա­յին շա­հե­րը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար», կը գրէ ի­տա­լա­կան «­Լա ­Ռե­փուպ­լի­քա» թեր­թը, ա­ւելց­նե­լով, որ նա­ւը ան­ցեալ Ուր­բաթ հա­սաւ ­Կիպ­րոս։ Թեր­թը կը յի­շեց­նէ, թէ ­Հոկ­տեմ­բե­րին ­Թուր­քիա վերսկ­սաւ հո­րա­տում­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը ­Կիպ­րո­սի ա­փա­մերձ ծո­վե­րուն մէջ, տա­րա­ծու­թեան մը վրայ, որ ար­դէն կապ­տո­ւած է ֆրան­սա­կան «Total» եւ ի­տա­լա­կան «Eni» ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։ Ի­տա­լա­կան «Martinego» ռազ­մա­նա­ւը ան­ցեալ Ուր­բաթ հա­սաւ ­Լառ­նա­քա­յի նա­ւա­հան­գիս­տը եւ շրջա­գա­յու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ ա­րե­ւե­լեան ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի մէջ, «նպա­տակ ու­նե­նա­լով հսկել ծո­վա­յին շրջան­նե­րը, յար­գե­լու հա­մար մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք­նե­րը եւ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար ազ­գա­յին շա­հե­րը», կը նշո­ւի Ի­տա­լիոյ կող­մէ հրա­պա­րա­կո­ւած պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ։ «­Յա­ջորդ օ­րե­րուն, «Martinego» ռազ­մա­նա­ւը պի­տի մաս­նակ­ցի ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի միա­ցեալ ռազ­մա­փոր­ձե­րուն», կը նշէ թեր­թը։ «Ան­գա­րա­յին ղրկո­ւած պատ­գա­մը յստակ է. ե­թէ պէտք պի­տի ըլ­լայ մեր դրօ­շը ցոյց տա­լ, մենք պատ­րաստ ենք», կ­՚ընդգ­ծէ ի­տա­լա­կան թեր­թը։