­­­Գա­հի­րէի «­­­Յու­սա­բեր» օ­րա­թեր­թի աշ­խա­տա­կից ­­­Սա­գօ Ա­րեա­նի հար­ցե­րուն
կը պա­տաս­խա­նէ «Ա­զատ Օր»ի խմբա­գի­ր­ ընկ. ­Քե­րոբ է­քի­զեան

 

Ի՞նչ են Ա­թէնք-Ան­գա­րա տագ­նա­պին խոր­քա­յին պատ­ճառ­նե­րը. միայն ­­­Մի­ջերկ­րա­կա­նեան ջու­րե­րուն մէջ առ­կայ ­­­Յու­նաս­տա­նի ու­նե­ցած կա­զա­յին պա­շար­նե­րու խնդիրն է՞, թէ կան այլ պատ­ճառ­ներ։

­­­Թուր­քիոյ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ­­­Յու­նաս­տա­նի հան­դէպ բազ­մա­կա­ճատ բնոյթ մը ու­նի։ Ա­նոր մէջ կա­րե­լի է դի­տել ու­ժա­նիւ­թի խնդի­րը, որ տա­րա­ծո­ւած է Է­գէա­կան ծո­վու եւ ­­­Մի­ջերկ­րա­կա­նի ջու­րե­րուն վրայ, տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր գո­յու­թիւն ու­նի ­­­Կիպ­րո­սի ան­լոյծ հար­ցը, ինչ­պէս նաեւ՝ հո­ղա­յին նկրտում­նե­րը, ո­րոնք կա­րե­լի է դի­տար­կել յու­նա­կան կղզի­նե­րու եւ Թ­րա­կիոյ վրայ։ ­­­Յու­նաս­տան վեր­ջերս նշեց Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան լու­ծէն ա­զա­տագ­րո­ւե­լու 200-րդ ­տա­րե­դար­ձը։ ­­­Սա­կայն, եր­կու հա­րիւր տա­րի­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ, ­­­Թուր­քիա եր­բեք չհրա­ժա­րե­ցաւ իր ռազ­մա­տենչ ե­րազ­նե­րէն՝ դար­ձեալ իր լու­ծին տակ ու­նե­նա­լու ­­­Յու­նաս­տա­նի հո­ղը։ Տն­տե­սա­կան գոր­ծօ­նը եւս իր կա­րե­ւոր դե­րը կը պա­հէ այս հա­կա­մար­տու­թեան մէջ, ո­րով­հե­տեւ թէ՛ ջու­րե­րու ըն­դեր­քը, որ ու­ժա­նիւ­թա­յին հսկայ ամ­բար­ներ կը պա­րու­նա­կէ, սա­կայն նաե՛ւ յու­նա­կան կղզի­նե­րու զբօ­սաշր­ջա­կան հարս­տու­թիւ­նը կը դառ­նան թրքա­կան ե­րազ­նե­րու թի­րախ։ Թ­րա­կիոյ պա­րա­գա­յին, ­­­Թուր­քե­րը կը փոր­ձեն խան­գա­րել ­­­Յու­նաս­տա­նը, թա­փան­ցե­լով շրջա­նի յոյն մահ­մե­տա­կան տար­րին մէջ, ա­նոնց որ­պէս լծակ օգ­տա­գոր­ծե­լով պե­տու­թեան դէմ, «­­­Փո­մաք»նե­րու ցե­ղա­յին ինք­նու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նե­լով որ­պէս թրքա­կան (ա­նոնք թրքա­խօս են)։ ­­­Վեր­ջին գրե­թէ 20 տա­րի­նե­րուն, յատ­կա­պէս Էր­տո­ղա­նի վար­չա­պե­տու­թեան եւ նա­խա­գա­հու­թեան տակ, ­­­Թուր­քիոյ ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան մի­տում­նե­րը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ ստա­ցած են յստակ դի­մա­գիծ, ո­րուն դառն պտուղ­նե­րը ար­դէն կը ճա­շա­կենք Ար­ցա­խի վրայ։

­­­Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն այս «հա­կա­մար­տու­թիւն»ը սրե­ցաւ, սա­կայն նկա­տե­լի է նաեւ, որ ա­մէն ան­գամ, որ Եւ­րո­պա­կան ­­­Միու­թիւ­նը տագ­նա­պին վե­րա­բե­րեալ փոր­ձէ «խօսք հասկց­նել» ­­­Թուր­քիոյ, Ան­գա­րա քայլ մը ետ քա­շո­ւի, սա­կայն նոյն­պէս ալ չի հրա­ժա­րիր իր մի­տում­նե­րէն։

­­­Տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր ­­­Թուր­քիան կանգ­նած է Եւ­րո­պա­կան ­­­Միու­թեան սե­մին, սա­կայն դռնե­րը կը շա­րու­նա­կեն փակ մնալ։ Յս­տակ է, որ Ե.Մ. չի փա­փա­քիր ­­­Թուր­քիան որ­պէս եւ­րո­պա­կան ըն­տա­նի­քի լիի­րաւ ան­դամ տես­նել։ Ան­ցեա­լին, Ե.Մ. «կը պա­հո­ւը­տէր» այս­պէս կո­չո­ւած «թուրք եւ յոյն հա­կա­մար­տու­թեան» ե­տեւ։ Երբ բա­ւա­կան տա­րի­ներ ա­ռաջ ­­­Յու­նաս­տան յստա­կօ­րէն յայտ­նեց թէ դրա­կան կը տես­նէ ­­­Թուր­քիոյ ամ­բող­ջա­կան ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը, փաս­տօ­րէն խնդի­րը փո­խադ­րեց Ե.Մ. սե­ղա­նին վրայ, հար­ցին մէջ մի­ջա­մուխ դարձ­նե­լով մնա­ցեալ եր­կիր­նե­րը եւս։
Այ­սօր, Էր­տո­ղա­նեան այ­լան­դակ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան լոյ­սին տակ, մաս­նա­ւո­րա­պէս երբ գաղ­թա­կան­նե­րու խնդի­րը ձիւն­հա­լի մը նման կը սպառ­նայ Եւ­րո­պա­յին, վեր­ջի­նը պար­տա­ւոր է ա­մէն տե­սա­կի օգ­նու­թիւն եւ ա­ջակ­ցու­թիւն ըն­ձե­ռել ­­­Յու­նաս­տա­նին, որ մաս­նա­ւո­րա­պէս ան­ցեալ ­­­Մար­տին՝ հա­մա­վա­րա­կի ե­րեւ­ման ա­ռա­ջին շրջա­նին, կա­րո­ղա­ցաւ ա­մուր պա­հել իր սահ­ման­նե­րը գաղ­թա­կան­նե­րու գրոհ­նե­րուն դի­մաց, ո­րոնք ­­­Թուր­քիոյ սպա­սար­կու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ քա­նիցս փոր­ձե­ցին ճեղ­քել յու­նա­կան (ի­մա եւ­րո­պա­կան) սահ­մա­նա­գի­ծը եւ Եւ­րո­պան ո­ղո­ղել տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր գաղ­թա­կան­նե­րով։
Եւ­րո­պան «ստեպ­ղի­նի եւ խա­րա­զա­նի» քա­ղա­քա­կա­նու­թամբ կը փոր­ձէ մերթ պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու, մերթ մեղ­մաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ կար­գի բե­րել ­­­Թուր­քիան։ Ան­շուշտ, ա­րե­ւե­լեան ­­­Մի­ջերկ­րա­կա­նի ու­ժա­նիւ­թի հար­ցը կը շա­րու­նա­կէ բարդ թո­ւա­բա­նա­կան խնդիր մը ըլ­լալ, ո­րուն մէջ տա­կա­ւին ստոյգ չէ, թէ կող­մե­րը ինչ­պէս պի­տի կա­րո­ղա­նան բո­լո­րին գոհ պա­հել։

Ա­թէն­քի ներ­քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու ի­րա­կան տե­սա­կէ­տը ի՞նչ է ­­­Թուր­քիոյ «խառ­նա­կիչ» քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ, ա­ւե­լին՝ կա՞ն կող­մեր, ո­րոնց կար­գա­խօսն է «ա­մէն գնով լե­զու գտնել ­­­Թուր­քիոյ հետ»։

­­­Յու­նաս­տան, իր վեր­ջին յի­սուն տա­րի­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ, միշտ ներ­կա­յա­ցած է հա­մա­խո­հու­թեան ու­ղերձ­նե­րով, հա­ւա­տա­լով ազ­գե­րու եւ պե­տու­թիւն­նե­րու խա­ղաղ գո­յակ­ցու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան սկզբուն­քին։ ­­­Մին­չեւ հի­մա չէ ե­ղած ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան զգա­լի ուժ, որ երկ­խօ­սու­թեան հա­ւատք ըն­ծա­յած չըլ­լայ։ ­­­Միա­ժա­մա­նակ, ­­­Յու­նաս­տան քաջ կը գի­տակ­ցի, որ դրա­ցիի նկրտում­նե­րը անն­կատ պէտք չէ անց­նել։ Եր­կու եր­կիր­նե­րու սպա­ռա­զի­նու­թիւ­նը վկան է այս ի­րա­կա­նու­թեան։
­­­Մինչ յու­նա­կան կող­մը կը ներ­կա­յա­նայ ան­կեղծ մի­տում­նե­րով, թրքա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան յստակ ձեւն ու ո­ճը, ա­նոր ռազ­մա­վա­րա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը մշտա­պէս ե­րե­ւան կը բե­րեն երկ­րի ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան ե­րազ­նե­րը, որ ա­ւե­լին ու ա­ւե­լին պա­հան­ջե­լով կը փոր­ձէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին վրայ տկա­րաց­նել ­­­Յու­նաս­տա­նի դիր­քը։
­­­Յու­նաս­տան միշտ իր յստակ կե­ցո­ւած­քը ցոյց տա­լով ի նպաստ երկ­խօ­սու­թեան, այս ան­գամ ա­ւե­լի վստահ կը ներ­կա­յա­նայ՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով ­­­Միա­ցեալ ­­­Նա­հանգ­նե­րու նոր վար­չա­կար­գին հետ սերտ մօ­տե­ցում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րո­պա­կան ­­­Միու­թեան կող­մէ դրսե­ւո­րո­ւած կե­ցո­ւած­քը։

­­­Գա­լով Ար­ցա­խեան հիմ­նախն­դի­րին, յու­նաց քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րը ինչ­պի­սի՞ գնա­հա­տա­կան­ներ տո­ւին Ար­ցա­խի մէջ հա­յոց ու­նե­ցած կո­րուստ­նե­րուն եւ առ­հա­սա­րակ քա­ղա­քա­կան գնա­հա­տա­կան­ներ ե­ղա՞ն ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին։

Ար­ցա­խի վեր­ջին պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն, ­­­Յու­նաս­տան հան­դէս ե­կաւ եր­կու կող­մե­րուն հա­ւա­սա­րա­պէս մար­տե­րը դադ­րեց­նե­լու կո­չով։ Այս կե­ցո­ւած­քը չէր տար­բե­րէր ա­րեւմ­տեան այլ եր­կիր­նե­րու «հա­ւա­սա­րու­թիւն» պա­հող, գրե­թէ «չե­զոք կե­ցո­ւածք» որ­դեգ­րե­լու մի­տու­մէն։
­­­Պէտք է յայտ­նել, թէ ո­րոշ ժա­մա­նակ յե­տոյ ­­­Յու­նաս­տան ա­ւե­լի յստակ կե­ցուածք ցու­ցա­բե­րեց իր նպաստ ­­­Հա­յաս­տա­նի, պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին յոյն ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան, բայց ոչ ­­­Պա­քու, յստակ ձե­ւա­ւո­րե­լով հա­յան­պաստ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը, որ ար­դէն իր բազ­մա­մեայ ար­մատ­նե­րը նե­տած է եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։
­­­Հոս, պէտք է կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշել, թէ ներ­կա­յիս ­­­Յու­նաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­պե­րը կը գտնո­ւին ի­րենց ա­մէ­նէն ցած մա­կար­դա­կին։
­­­Տա­կա­ւին թարմ են Ա­լիե­ւի դի­ւա­նա­գի­տու­թե­նէ զուրկ՝ յոյն նո­րան­շա­նակ դես­պա­նի ե­րե­սին ար­ձա­կած ­­­Յու­նաս­տա­նի դէմ իր մե­ղադ­րանք­նե­րը։ Այս կա­պե­րը ար­դէն վատ­թա­րա­ցան, երբ տա­րի­նե­րը ա­ռաջ Ատր­պէյ­ճան չյա­ջո­ղե­ցաւ նո­ւա­ճել ­­­Յու­նաս­տա­նի բնա­կան կա­զի պե­տա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը, իսկ եր­կու եր­կիր­նե­րու ու­ժա­նիւ­թա­յին գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ար­դէն կորսն­ցու­ցած էր ան­ցեա­լի ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը։
Կ­­­՚ու­զեմ նաեւ նշել բա­ւա­կան խօսք ե­ղած ­­­Յու­նաս­տան-­­­Հա­յաս­տան-­­­Կիպ­րոս ե­ռա­կողմ ձե­ւա­չա­փի գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին, որ յատ­կա­պէս ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մէն ա­ռաջ ա­ւե­լի աշ­խուժ նա­խան­շան­ներ տո­ւած էր։ ­­­Թէեւ, ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն տակ ­­­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը շատ տկար վի­ճա­կի մէջ կը գտնո­ւի, այ­սու­հան­դերձ՝ ձե­ւա­չա­փի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ւել զար­գաց­ման հե­ռան­կար­ներ կրնան ու­նե­նալ։

­­­Վեր­ջին շրջա­նին նաեւ մենք նկա­տե­ցինք, որ հա­կա­թուրք նոր ճա­կատ մը կը գո­յա­նայ, ո­րուն, ­­­Յու­նաս­տա­նէն զատ, ան­դամ են ­­­Կիպ­րո­սը, Ե­գիպ­տո­սը եւ ­­­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան։ Ի­րա­տե­սա­կան է՞ այս ճա­կա­տի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը, այդ մա­սին ի՞նչ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նիք։

Այս գոր­ծակ­ցու­թիւն­նե­րը ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան եւ մա­նա­ւանդ՝ ու­ժա­նիւ­թա­յին շրջա­գի­ծէն ներս պէտք է դի­տել։ ­­­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, ­­­Յու­նաս­տան կա­րո­ղա­ցաւ ձեր­բա­զա­տիլ զա­նա­զան կարծ­րա­տիպ ընբռ­նում­նե­րէ ու կաշ­կան­դում­նե­րէ եւ բա­ցո­ւիլ դէ­պի ­­­Մի­ջին Ա­րե­ւելք՝ իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ընդգր­կե­լով թէ՛ Իս­րա­յէ­լի հետ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, թէ՛ ալ Ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի եր­կիր­նե­րուն հետ ան­ցեա­լէն ե­կող յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Իս­րա­յէ­լի հետ «EastMed» խո­ղո­վա­կա­շա­րի շի­նու­թիւ­նը, բայց նաեւ ա­րա­բա­կան մնա­ցեալ եր­կիր­նե­րուն հետ գոր­ծակ­ցու­թեան ձե­ւա­ւո­րու­մը յստակ ու­ղերձ­ներ կը ղրկեն ­­­Թուր­քիոյ, որ ներ­կա­յիս ­­­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի «դրա­ցի­նե­րուն հետ զե­րօ խնդիր­ներ»ու սկզբուն­քէն հա­սած է դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­նե­լի առ­ջեւ։ ­­­Յա­տուկ նշում պէտք է ը­նել ­­­Թուր­քիոյ քայ­քա­յո­ւած տնտե­սու­թեան մա­սին, որ ­­­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ եւ այլ հա­րուստ եր­կիր­նե­րու նիւ­թա­կան սռսկում­նե­րուն ա­պա­ւի­նե­լով, կը փոր­ձէ ջլա­տել ­­­Յու­նաս­տա­նի մեր­ձե­ցու­մը տա­րա­ծաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րուն հետ։

­­­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քը ի՞նչ հու­նի վրայ է ներ­կա­յիս, այլ խօս­քով՝ ի՞նչ խմո­րում­ներ կան երկ­րին մէջ, իշ­խա­նու­թիւն-ընդ­դի­մու­թիւ­նը «խաղ»ը ինչ հու­նի վրայ է եւ այս բո­լո­րին ա­ռըն­թեր հայ­կա­կան հա­մայն­քի շա­հե­րը, որ քա­ղա­քա­կան կող­մի ուղ­ղու­թեան մօտ են։

­­­Վեր­ջին տա­սը տա­րի­նե­րուն, ­­­Յու­նաս­տան ճա­շա­կեց տնտե­սա­կան սուր տագ­նա­պի ա­մէ­նէն ծանր ու նո­ւաս­տա­ցու­ցիչ պայ­ման­նե­րը։ ­­­Միշտ ալ, կա­ռա­վա­րու­թիւն-ընդ­դի­մու­թիւն պայ­քար­նե­րու կի­զա­կէ­տը ե­ղած է տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, եր­բեմն ալ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ ­­­Բո­լո­րը լաւ կը հասկ­նան, թէ ­­­Յու­նաս­տան կա­րե­ւոր տեղ եւ գործ ու­նի Եւ­րո­պա­կան միու­թեան ըն­տա­նի­քէն ներս, ո­րու ստեղ­ծած հա­սա­րա­կաց տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րը ազ­դե­ցիկ գոր­ծօն մըն է ­­­Յու­նաս­տա­նի զար­գաց­ման հա­մար։
Ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ եւս հա­կա­մար­տու­թիւն կայ, բայց նաեւ ժո­ղո­վուր­դին մէջ հաս­տա­տո­ւած հա­մո­զում­ներ կան, թէ ար­տա­քին ճա­կա­տի վրայ կա­րե­լի չէ փոր­ձար­կում­ներ ը­նել։
­­­Յու­նա­հայ հա­մայն­քը գոր­ծուն քա­ղա­քա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն չու­նի յու­նա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ինչ­պէս կը պա­տա­հի ­­­Լի­բա­նա­նի պա­րա­գա­յին։ Ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան ուժ, ո­րե­ւէ իշ­խող վար­չա­կարգ միշտ ալ դրա­կան եւ ջերմ կե­ցո­ւածք ցու­ցա­բե­րած է հայ հա­մայն­քին հան­դէպ, ա­նոր մէջ տես­նե­լով գոր­ծու­նեայ եւ աշ­խա­տա­սէր հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը, որ նաե՛ւ ­­­Յու­նաս­տա­նի դի­մագ­րա­ւած ազ­գա­յին խնդիր­նե­րուն մէջ հայ-յու­նա­կան ա­ւան­դա­կան բա­րե­կա­մու­թեան գործ­նա­կան ջա­տա­գովն է։

«ՅՈՒՍԱԲԵՐ», 13 Ապ­րիլ 2021