­Թուր­քիոյ մէջ խորհր­դա­րա­նա­կա­նէն նա­խա­գա­հա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի անց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քին կողմ­նա­կից­նե­րը յաղ­թա­նակ տա­րին Ապ­րիլ 16ին կա­տա­րուած հան­րա­քո­ւէի ար­դիւնք­նե­րով:
­Քո­ւէար­կու­թեան մաս­նակ­ցած քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ձայ­նե­րուն 100 տո­կո­սին հա­շո­ւար­կի ար­դիւն­քով պարզ դար­ձած է, որ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րուն ի նպաստ քո­ւէար­կած է քո­ւէար­կող­նե­րուն 51,4 տո­կո­սը, իսկ դէմ`48,6 տո­կո­սը:
­Նա­խա­գա­հա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի անց­ման կողմ­նա­կից­նե­րը ա­ռա­ջա­տար դիր­քեր գրա­ւած են ­Թուր­քիոյ 81 նա­հանգ­նե­րէն 48ին մէջ: ­Դէմ քո­ւէար­կող­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը քիւր­տե­րով բնա­կե­ցո­ւած հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րէն է:
­Պոլ­սոյ եւ Ան­գա­րա­յի մէջ ոչ-մեծ տար­բե­րու­թեամբ ա­ռա­ջա­տար են սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րուն հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը։ Ինչ­պէս ա­ւե­լի շուտ սկսած էր հա­ղոր­դո­ւիլ, ­Թուր­քիոյ գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ու­ժը` ­Ժո­ղովր­դա­վար-­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ քո­ւէ­նե­րու 60 տո­կո­սին վե­րա­հա­շո­ւարկ կա­տա­րել: