Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական Կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան յայտարարած է, թէ Թուրքիա կը փափաքի աչքերը փակել իր պատմութեան մութ էջերուն առջեւ՝ սահմանափակելով խորհրդարանականներուն արտայայտուելու տարրական ազատութիւնը:
Ան յիշեցուցած է, թէ երբ խորհրդարանին մէջ ինք խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, «անոնք (իշխանամէտ եւ ազգայնամոլ երեսփոխանները) խոչընդոտեցին արտայայտուելու ազատութիւնս», եւ աւելցուցած է.- «Հիմա անոնք կը փորձեն այդ մէկը կատարել օրինական ճամբով՝ վաւերացնելով օրէնք մը, ըստ որուն՝ կարելի պիտի չըլլայ խօսիլ Թուրքիոյ պատմութեան մութ էջերուն, ներառեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը եւ անոր զօրակցող Ազգային Շարժում կուսակցութիւնը պատրաստած են օրէնսդրական ծրար մը, որ կ՛առնչուի պատգամաւորներու վարքին, նիստերու կանոնակարգին եւ այլ փոփոխութիւններու, եւ որ կ՛ընդգրկէ «թուրք ժողովուրդի պատմութիւնն ու Թուրքիոյ ժողովուրդներու ընդհանուր անցեալը վիրաւորելու եւ մեղադրանքներ ներկայացնելու» պարագային՝ պատգամաւորները նիստերէն հեռացնելու եւ անոնց 12.000 թրքական լիրայով տուգանք պարտադրելու պայմանը:
Փայլան, որ արդէն իսկ առիթով մը երեք օրով զրկուած էր խորհրդարանի նիստերուն մասնակցելու իրաւունքէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելուն պատճառով, աւելցուցած է, որ ինք յաճախ շեշտած է, թէ նման սահմանափակումներ անիմաստ են, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ երկրին պատմութեան մութ էջերուն մասին չխօսուի, այդ պատմութեան մասին քննարկումները պիտի շարունակուին այլ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ:
«Այլ խորհրդարաններ որոշումներ կը կայացնեն Թուրքիոյ պատմութեան վերաբերեալ, կը քննարկեն եւ կը դատապարտեն Թուրքիոյ պատմութեան մութ էջերը: Այս պատճառով, ես միշտ կ՛առաջարկեմ իմ գործընկերներուս, որ մենք եւս ազատօրէն խօսինք Թուրքիոյ պատմութեան մութ էջերուն մասին, սակայն անոնք կ՛ընդդիմանան»,- նշած է Փայլան:
Ան աւելցուցած է, թէ մեծ է հաւանականութիւնը, որ նշեալ օրէնսդրական ծրարը վաւերացուի վերջնականապէս, որովհետեւ անիկա կը վայելէ իշխող կուսակցութեան «օրհնութիւնը»:
«Մարդիկ մեզի ընտրած են, որպէսզի ազատօրէն իրենց ձայնը խորհրդարան հասցնենք: Բայց խորհրդարանը առիթ չի տար, որ մենք բարձրացնենք հայերու, քիւրտերու եւ ալաուիներու ձայները ու խօսինք Հայոց Ցեղասպանութեան եւ քրտական հիմնախնդիրին մասին»,- ըսած է Փայլան՝ աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ օրէնքը վերջնականապէս վաւերացուի, ինք պիտի շարունակէ խօսիլ Ցեղասպանութեան մասին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Թուրքիա «Թուրքիա կը փափաքի աչքերը փակել իր պատմութեան մութ էջերուն առջեւ»
«Թուրքիա կը փափաքի աչքերը փակել իր պատմութեան մութ էջերուն առջեւ»
«Թուրքիա կը փափաքի աչքերը փակել իր պատմութեան մութ էջերուն առջեւ»