«Ար­դէն մենք կ­՚ու­նե­նանք օ­տար հիւ­րեր, բարձ­րաս­տի­ճան
քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը
հիա­նան մեր տա­րած գոր­ծով եւ կը փա­փա­քին ի­րենց
եր­կիր­նե­րուն մէջ եւս այս­պի­սի կեդ­րոն բա­նալ»

Զ­րու­ցեց՝ ԳՐԻԳՈՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ France Armenie

ԹՈՒՄՕ «Ս­տեղ­ծա­րար ­Տեխ­նո­լո­գիա­նե­րի (Ար­հես­տա­գի­տու­թեանց ) ­Կենտ­րոն»ը 12-18 տա­րե­կան հա­զա­րա­ւոր պա­տա­նի­նե­րու անվ­ճար կը տրա­մադ­րէ ար­տադպ­րո­ցա­կան ու­սու­ցում հա­մա­կարգ­չա­յին ար­հես­տա­գի­տու­թեան մար­զե­րէ ներս՝ հմուտ մաս­նա­գէտ­նե­րու մի­ջո­ցով, իր տրա­մադ­րու­թեան տակ ու­նե­նա­լով նո­րա­գոյն հա­մա­կար­գիչ­ներն ու գոր­ծիք­նե­րը։ ­Մաս­նա­գի­տա­ցո­ւած դա­սըն­թացք­նե­րը, դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներն ու մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը ու­սա­նող­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տան գործ­նա­կա­նին մէջ կի­րար­կե­լու ի­րենց գի­տե­լիք­ներն ու հմտու­թիւն­նե­րը։ Ս­տո­րեւ՝ կը ներ­կա­յաց­նենք ­Սի­մո­նեան Կր­թա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի եւ ԹՈՒՄՕի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն տիկ. ­Մա­րի-­Լու ­Փա­փա­զեա­նի հետ մեր ու­նե­ցած հար­ցազ­րոյ­ցը։

Ե՞րբ բա­ցո­ւե­ցաւ այս հաս­տա­տու­թիւ­նը։
ԹՈՒՄՕի դռնե­րը բա­ցինք 2011ի ա­մա­ռը՝ Օ­գոս­տո­սին, եւ ­Սեպ­տեմ­բե­րէն սկսեալ կա­նո­նա­ւոր ձե­ւով դա­սե­րը ըն­թա­ցան։ Ան­շուշտ ան­կէ ա­ռաջ ծրագ­րու­մը եւ շի­նա­րա­րու­թիւ­նը սկսեր էր, կրնանք նոյ­նիսկ եր­թալ մին­չեւ 2001-2002 թո­ւա­կան, երբ ա­ռա­ջին ան­գամ ­Սէմ ­Սի­մո­նեա­նը ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ կնքեց պայ­մա­նա­գիր, որ կար­ծեմ այդ ա­տեն ա­ռա­ջին ա­մե­նա­մեծ ներդ­րումն էր՝ 20 մի­լիո­նի ար­հես­տա­գի­տու­թեան կեդ­րոն մը կա­ռու­ցե­լու հա­մար այս տա­րած­քին մէջ, որ պի­տի ըլ­լար ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ուղ­ղուած կեդ­րոն։ Այդ ա­տեն շատ յստակ չէր, թէ կեդ­րո­նը ի՞նչ պի­տի ըլ­լար, բայց տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ա­ւե­լի հա­սու­նա­ցաւ գա­ղա­փա­րը։
2001-2002 տա­րի­նե­րուն պար­զա­պէս հա­մա­ցան­ցա­յին կեդ­րոն կա­րե­լի էր նկա­տել, բայց 2005-6էն ետք շատ ա­ւե­լի յստակ էր, ա­մու­սինս եւ ես ալ միա­ցանք խում­բին, ա­ւե­լի յստակ էր, որ լուրջ կրթա­կան կեդ­րոն մտա­ծենք հիմ­նել եւ ոչ թէ պար­զա­պէս տեղ մը, ուր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նին հա­մա­ցան­ցի միա­նա­լու, ո­րով­հե­տեւ այ­լեւս այդ ի­մաս­տը չէր բա­ւա­րա­րեր մեզ, պար­զա­պէս ի­մաստ չու­նէր միայն հա­մա­ցան­ցի կեդ­րոն ըլ­լալ։

Ի՞նչ է ԹՈՒՄՕն։ Կր­նա՞ք սահ­մա­նում մը տալ։
ԹՈՒՄՕն ար­տադպ­րո­ցա­կան տա­րածք մըն է, ուր ա­շա­կերտ­նե­րը կու գան որ­պէս­զի ո­րոշ դա­սըն­թացք­նե­րու հե­տե­ւին ի­րենց ընտ­րու­թեամբ։ 4 ու­ղի­ներ կան, ա­ռա­ւել՝ 10 հմտու­թիւն­ներ. ընտ­րու­թիւն կ­՚ը­նեն այդ ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ եւ այդ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ի­րենք կը զար­գա­նան ա­ռա­ջին, երկ­րորդ եւ եր­րորդ մա­կար­դա­կի վրայ։
Օ­րի­նակ՝ ա­շա­կերտ մը կրնայ ընտ­րել խա­ղե­րու մշա­կում եւ կայ­քէ­ջի ձե­ւա­ւո­րում, եւ հմտու­թիւն­նե­րէն կա­րե­լի է ընտ­րել օ­րի­նակ՝ գծագ­րու­թիւն եւ ծրագ­րա­ւո­րում, կամ ե­րաժշ­տու­թիւն եւ ծրագ­րա­ւո­րում։
Եւ այս ըն­թաց­քին ծրա­գիր մը կը պատ­րաս­տո­ւի ի­րեն յա­տուկ, ցոյց տա­լու հա­մար, թէ ո՛ր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ի՛նչ դա­սըն­թացք­ներ, աշ­խա­տան­քա­յին պա­հեր տե­ղի պի­տի ու­նե­նան, եւ այդ աշ­խա­տա­նոց­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ին­քը նա­խա­պատ­րաս­տա­կան ի՛նչ վար­ժու­թիւն­ներ պէտք է ը­նէ։
­Չորս ուղ­ղու­թիւն­ներն են՝ խա­ղե­րու ստեղ­ծում, շար­ժան­կար­նե­րու ստեղ­ծում, կայ­քէ­ջե­րու ստեղ­ծում եւ animation։ 10 հմտու­թիւն­ներն են՝ ե­րաժշ­տու­թիւն, շա­րադ­րու­թիւն, գծագ­րու­թիւն, ծրագ­րա­ւո­րում, լու­սան­կար­չու­թիւն, 2D եւ 3D ձե­ւա­ւո­րում, մար­դա­մե­քե­նայ, հա­մա­ցան­ցա­յին գրա­կա­նու­թիւն եւ շար­ժու­մի գրա­ֆի­կա (գծա­պատ­կե­րագ­րու­թիւն)։
Ա­շա­կեր­տը այս չորս ու­ղի­նե­րէն եր­կու եւ հմտու­թիւն­նե­րէն եր­կու հատ կ­՚ընտ­րէ։ Ե­թէ ին­քը մտաւ 12 տա­րե­կա­նին, եւ այս ճա­նա­պար­հը կտրեց եւ ժա­մա­նակ ու­նի, ան­շուշտ կրնայ հարս­տաց­նել եւ ու­րիշ բա­ներ ալ ընտ­րել, եւ ի մի­ջի այ­լոց ու­րիշ բա­ներ ալ սոր­վիլ։

Ի՞նչ է ԹՈՒՄՕի նպա­տա­կը։
­Պատ­րաս­տել մրցու­նակ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք շատ ա­ւե­լի գի­տա­կից, շատ ա­ւե­լի լաւ պատ­րաս­տո­ւած ո­րո­շում­ներ պի­տի առ­նեն։ Օ­րի­նակ՝ հա­մալ­սա­րան եր­թա­լու, գոր­ծի սկսե­լու, ընտ­րու­թիւն ը­նե­լու։ Կր­նանք նաեւ ը­սել, որ պա­տա­նիի մը կամ ե­րի­տա­սար­դի մը մէջ տա­ղան­դի յայտ­նա­բեր­ման եւ զար­գաց­ման նպա­տակ կը հե­տապն­դէ։

­Քա­նի՞ ա­շա­կերտ ու­նիք։
7000 ա­շա­կերտ՝ Ե­րե­ւան, մօ­տա­ւո­րա­պէս 2000՝ ­Գիւմ­րի, 1000՝ Ար­ցախ, 400՝ ­Դի­լի­ջան։ ԹՈՒՄՕի բա­ցու­մէն՝ 2011էն սկսեալ մենք կ­՚ակն­կա­լէինք 1000-2000, ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը 3000 ա­շա­կերտ։ ­Բայց ա­մէն տա­րի շատ ա­րագ բարձ­րա­ցաւ թի­ւը եւ այ­սօ­րո­ւան դրու­թեամբ մօ­տա­ւո­րա­պէս 7000 ա­շա­կերտ ու­նինք Ե­րե­ւա­նի մէջ։
­Բո­լո­րին հա­մար ինչ­պէ՞ս տեղ կ­՚ա­պա­հո­վէք։
­Կը հե­տե­ւինք, որ լրջու­թեամբ մաս­նակ­ցին։ Ե­թէ նկա­տենք, որ 4 ան­գամ բա­ցա­կա­յե­ցան, ար­դէն ի­րենց ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը կը սա­ռե­ցո­ւի, եւ ի­րենց հետ հան­դի­պե­լէ կամ ի­րենց դի­մե­լէ ետք՝ ե­թէ տես­նենք, որ ի­րենք հե­տաքրք­րու­թիւն չու­նին, ար­դէն ի­րենց տե­ղը ու­րի­շին կը տրո­ւի։ Եւ այդ­պէս ինք­նա­բե­րա­բար կը մա­ղո­ւի եւ կը մնան ա­նոնք, ո­րոնք իս­կա­պէս հե­տաքրք­րո­ւած են, ո­րով­հե­տեւ կեդ­րոն մըն է, ուր դուն պի­տի ու­զես սոր­վիլ, պատ­րաստ ես իս­կա­պէս լուրջ դա­սե­րու հե­տե­ւե­լու։ Ամ­բողջ լուրջ ծրա­գիր մը կայ մօ­տա­ւո­րա­պէս 2,5էն 3 տա­րո­ւան վրայ։ 12 տա­րե­կա­նին կ­՚ըն­դու­նինք, մին­չեւ 18 տա­րե­կան կրնան մնալ, եւ ատ­կէ վերջ ալ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կու տանք, որ ի­րենք օգ­տո­ւին մեր դա­սե­րէն։

Ի՞նչ ճիւ­ղե­րու վրայ կը կեդ­րո­նա­նան դա­սե­րը։
4 ուղ­ղու­թիւն­ներ են, զորս կ­՚ամ­բող­ջաց­նենք հմտու­թիւն կո­չո­ւած խումբ մը դա­սըն­թացք­նե­րով, ո­րոնք ի­րա­կա­նու­թեան մէջ այդ չորս ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն շատ օգ­տա­կար են։ Օ­րի­նա­կի հա­մար՝ ծրագ­րա­ւո­րու­մը մենք ուղ­ղու­թիւն չենք հա­մա­րեր, այլ ճա­նա­պարհ մը՝ դա­սըն­թացք, որ օգ­տա­կար է խա­ղե­րու ստեղծ­ման եւ զար­գաց­ման հա­մար, օգ­տա­կար է animationի հա­մար, օգ­տա­կար է նոյ­նիսկ շար­ժան­կա­րի բե­մադ­րի­չին հա­մար, ե­րա­ժիշ­տին հա­մար, եւ ա­ռիթ կու տանք, որ այն ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք կը վախ­նան, չեն հա­մար­ձա­կիր, պի­տի չու­զէին կամ ի­րենց կեան­քին մէջ պի­տի չմօ­տե­նա­յին ծրագ­րա­ւոր­ման, գո­նէ ա­ռա­ջին մի քա­նի դա­սե­րը առ­նեն, որ­պէս­զի հասկ­նան ի՞նչ է ծրագ­րա­ւո­րու­մը. պար­տա­դիր չէ, որ ի­րենք ծրագ­րա­ւո­րող ըլ­լան։ ­Բայց այս­պէս կ­՚ամ­բող­ջաց­նենք ի­րենց կրթա­կան գի­տե­լիք­նե­րը հմտու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք վստա­հա­բար ի­րենց ա­պա­գայ կրթու­թեան եւ կեան­քի աս­պա­րէ­զին մէջ ի­րենց շատ օգ­տա­կար պի­տի ըլ­լան։
Օ­րի­նա­կի հա­մար, այս­տեղ 2-3 տա­րի ե­կո­ղը պայ­ման չէ, որ ծրագ­րա­ւո­րող կամ բե­մադ­րիչ դառ­նայ, կրնայ բժիշկ դառ­նալ։ ­Բայց բժիշկ՝ որ գի­տէ ժա­մա­նա­կա­կից ար­հես­տա­գի­տու­թիւն գոր­ծա­ծել։ ­Կամ փաս­տա­բան մը, որ մեր դա­սե­րէն ան­ցած է, գի­տէ ինչ­պէս ո­րոշ պա­րա­գա­նե­րու ո­րոշ բա­ներ շատ լաւ հասկ­նալ եւ կա­րո­ղա­նալ կողմ­նո­րո­շո­ւիլ կամ ի՞նչ ա­ռիթ­ներ գոր­ծա­ծել, որ­պէս­զի իր աս­պա­րէ­զը ա­ւե­լի յա­ջող ըլ­լայ։ Ու­րեմն կը փոր­ձենք ա­ռիթ­ներ ստեղ­ծել, որ­պէս­զի ա­շա­կերտ­նե­րը փոր­ձեն, չվախ­նան, հե­տապն­դեն, եւ ի­րենց ներ­քին կա­րո­ղու­թիւն­ներն ու հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը գտնեն, նախ­քան հա­մալ­սա­րան կամ կեան­քի աս­պա­րէզ մտնե­լը։

­Կա­րե­լի՞ է ը­սել, որ տե­սակ մը հա­մալ­սա­րան էք, հա­մալ­սա­րա­նի հա­մա­պա­տաս­խան ու­սում կը հայ­թայ­թէք։
­Մենք չենք փո­խա­րի­ներ հա­մալ­սա­րա­նը։ Այն­պէս չէ, որ շա­բա­թը մէկ ան­գամ եւ մին­չեւ իսկ ե­րեք տա­րո­ւան վրայ եր­կա­րող դա­սե­րով ու­սա­նո­ղը ծրագ­րա­ւո­րող կամ բե­մադ­րիչ կ­՚ըլ­լայ։ Ա­սի­կա դէ­պի հա­մալ­սա­րան տա­նող նա­խա­պատ­րաս­տա­կան հանգ­րո­ւանն է, որ­պէս­զի ե­րի­տա­սար­դը գիտ­նայ դէ­պի ուր կ­՚եր­թայ, եւ ար­դէն բա­ւա­կան ճամ­բայ կտրած ըլ­լայ, որ­պէս­զի իր հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սու­մը շատ ա­ւե­լի դիւ­րին եւ յա­ջող ըլ­լայ եւ ա­ւե­լի ժա­մա­նակ ու­նե­նայ ա­ւե­լի խո­րա­նա­լու։
­Մենք կը նա­խա­տե­սէինք, որ մենք կ­՚ա­պա­հո­վենք 12-18 տա­րե­կա­նի այս հանգ­րո­ւա­նը եւ ու­րիշ դրու­թիւն մը կը շա­րու­նա­կէ մեր ճա­նա­պար­հը հա­մալ­սա­րա­նա­կան տա­րի­քին։ ­Բայց ըստ ե­րե­ւոյ­թին ու­զենք-չու­զենք մենք պի­տի ը­նենք։ Եւ հի­մա լրջօ­րէն կը մտա­ծենք նաեւ, զու­գա­հեռ հա­մալ­սա­րա­նա­կան տա­րի­քի հա­մար, ինչ­պէ՛ս կա­րե­լի է նման բան մը ստեղ­ծել, ոչ թէ հա­մալ­սա­րան ստեղ­ծե­լու, այլ ամ­բող­ջաց­նե­լու, ինչ­պէս որ մենք կ­՚ամ­բող­ջաց­նենք հի­մա դպրո­ցը, մենք ամ­բող­ջաց­նենք հա­մալ­սա­րա­նա­կան տա­րի­քի ո­րոշ աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ ի­րենց ու­սու­մը։ Եւ շատ ա­ւե­լի մրցու­նակ ե­րի­տա­սարդ­ներ պատ­րաս­տել, ո­րոնք յե­տոյ ար­դէն կը մտնեն շու­կայ։
­Միշտ կը պնդենք, որ մենք աշ­խա­տուժ չենք պատ­րաս­տեր։ ­Մենք նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք կը տա­նինք, որ­պէս­զի լաւ աշ­խա­տուժ պատ­րաս­տո­ւի, ճիշդ ո­րո­շում­ներ առ­նեն, ճիշդ ուղ­ղու­թիւն ընտ­րեն, ո­րով­հե­տեւ ա­ւե­լի յոյս ու­նին լաւ ա­պա­գայ կեր­տե­լու եւ ­Հա­յաս­տան մնա­լու։ ­Նաեւ՝ այն­պի­սի աս­պա­րէզ­ներ ընտ­րած ենք, որ շատ հեշտ կա­րող ես ­Հա­յաս­տան մնալ եւ այս աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ շա­րու­նա­կել ուղ­ղու­թիւնդ։
­Նաեւ՝ շատ կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տանք, որ մէկ տե­սա­կի գի­տե­լիք կամ մտա­ծե­լա­կերպ չտանք, այլ՝ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին մօ­տա­ւո­րա­պէս 70է ա­ւե­լի օ­տար եւ հայ մաս­նա­գէտ­ներ կը բե­րենք տար­բեր եր­կիր­նե­րէ, որ­պէս­զի ի­րենց ամ­բողջ գի­տե­լիք­նե­րը բե­րեն եւ ա­ւե­լին սոր­վեց­նեն քան, ինչ որ մենք մեր ու­ժե­րով կա­րող ենք հոս ը­նել։ Ու­րեմն՝ այդ ամ­բող­ջի միա­խառ­նու­մով յոյ­սով ենք, որ շատ ա­ւե­լի պատ­րաստ ե­րի­տա­սարդ­ներ ու­նե­նանք հա­մալ­սա­րա­նա­կան ի­րենց ուս­ման հա­մար։

Ար­դէն 6 տա­րի ան­ցած է, ո­րոշ ար­դիւնք­ներ կը տես­նէ՞ք։
Ար­դիւնք­նե­րը շատ հետքրք­րա­կան են. յստակ է, որ ազ­դե­ցու­թիւ­նը շատ զօ­րա­ւոր է, ո­րով­հե­տեւ ես կը յի­շեմ ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը, հի­մա ան­հա­մե­մա­տօ­րէն լաւ են ար­դիւնք­նե­րը։ Ու­սու­ցիչ­նե­րը կամ մաս­նա­գէտ­նե­րը, ո­րոնք կու գան, շատ լաւ տպա­ւո­րո­ւած են այս տա­րի­քին ցու­ցա­բե­րո­ւած այս­քան լրջու­թեամբ եւ ըմբռ­նե­լու կա­րո­ղու­թեամբ։ Ես միշտ կ­՚ը­սէի, որ ­Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ին­չո՛ւ պի­տի տար­բե­րո­ւին ու­րիշ եր­կիր­նե­րու ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն, ե­րի­տա­սար­դը ե­րի­տա­սա՛րդ է, չենք կրնար ը­սել, որ հա­յաս­տան­ցի­նե­րը ա­ւե­լի խե­լա­ցի են կամ չեն, բայց շատ ճիշդ ձե­ւով կ­՚օգ­տո­ւին այս ըն­ծա­յո­ւած ա­ռի­թէն եւ ճիշդ կը գոր­ծա­ծեն եւ ճիշդ ար­դիւնք կու տան։ ­Թե­րեւս՝ ո­րով­հե­տեւ ու­րիշ ա­ռիթ չու­նին, թե­րեւս ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն տրո­ւե­ցաւ ի­րա­ւունք ընտ­րե­լու ի­րենց ու­զա­ծը, ի­րենք ի­րենց տէ­րը ըլ­լա­լու, ի­րենք ո­րո­շե­լու, թէ ի՛նչ պի­տի սոր­վին, ի՛նչ պի­տի ը­նեն, ի՛նչ ուղ­ղու­թեամբ պի­տի եր­թան։ ­Թե­րեւս այդ է, թե­րեւս այդ բո­լո­րի խառ­նուրդն է։ Ա­յո՛, խորհր­դա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն ետք ու­նինք ժա­ռան­գու­թիւն մը, այդ շրջա­նին շատ բարձր էր կրթու­թիւ­նը, վստահ եմ, որ ըն­տա­նիք­նե­րուն մէջ ա­տի­կա շատ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է, ու­րեմն՝ պէտք է ը­սել, որ ամ­բողջ խմո­րը հոն է, պատ­րաստ չէ խմո­րը, բայց կայ խմո­րը, եւ մեր դերն է այդ խմո­րին վրայ աշ­խա­տիլ եւ դէ­պի լաւ ար­դիւնք տա­նիլ։

­Կը մտա­ծէ՞ք ու­րիշ մաս­նա­ճիւ­ղեր բա­նալ։
Ե­րեք տար­բեր տե­ղեր ալ բա­ցինք, եւ մեր նպա­տակն է փոր­ձել ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ տա­րա­ծել, թէեւ կա­րե­լի չէ ա­մէն գիւ­ղի մէջ ԹՈՒՄՕ մը ու­նե­նալ, ո­րով­հե­տեւ, ԹՈՒՄՕն ին­քը պէտք է մեծ ըլ­լայ, որ­պէս­զի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը շատ ըլ­լան, որ­պէս­զի ընտ­րու­թիւն­նե­րը շատ ըլ­լան։ Որ­քան պզտիկ­նայ, այն­քան կը խեղ­ճա­նայ, ընտ­րու­թիւն­նե­րը քիչ կ­՚ըլ­լան, դա­սե­րը ա­ւե­լի կը փոք­րա­նան։ ­Պէտք է աշ­խար­հագ­րա­կան այն­պի­սի տե­ղեր բա­նանք, որ կա­րե­լի ըլ­լայ դիւ­րաւ կազ­մա­կեր­պել շրջան­նե­րէ եր­թե­ւե­կու­թիւ­նը եւ այս­պի­սով բո­լո­րին ա­ռիթ տալ։ ­Բայց ան­շուշտ դժո­ւար է, ո­րով­հե­տեւ լեռ­նա­յին եր­կիր ենք, տա­րածք­նե­րը թէեւ կարճ կը թո­ւին բայց շատ ժա­մա­նակ կ­՚առ­նէ մէկ տե­ղէն միւ­սը եր­թա­լը։
­Հի­մա ե­րեք ԹՈՒՄՕ­ներ կան.- Ե­րե­ւան, ­Դի­լի­ջան եւ ­Գիւմ­րի, ու նաեւ Ս­տե­փա­նա­կերտ՝ Ար­ցա­խի մէջ։ Ե­րե­ւա­նէն զատ 3 հատ կայ։
Այժմ կ­՚աշ­խա­տինք ­Նո­յեմ­բե­րեա­նի շրջա­նի սահ­մա­նա­մերձ ­Կողբ գիւ­ղին մէջ բա­նալ, սպա­սար­կե­լու հա­մար նաեւ շրջա­կայ գիւ­ղե­րուն։ ԹՈՒՄՕ ու­նե­նա­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն ու­նին ­Գո­րի­սը, ­Մա­սի­սը, ­Վա­նա­ձո­րը, Ա­խալ­քա­լա­քը։

ԹՈՒՄՕն ո­րո՞ւ սե­փա­կա­նու­թիւնն է, ո՞վ շի­նած է շէն­քը։ ­Պիւտ­ճէն ինչ­պէ՞ս կը գո­յա­նայ։
­Սէմ եւ ­Սիլ­վա ­Սի­մո­նեան ­Հիմ­նար­կը՝ Ա­մե­րի­կա­յէն։ ­Յա­ջորդ հանգ­րո­ւա­նի մեր ԹՈՒՄՕ­նե­րը նոյն­քան ծախ­սա­լից չեն, ո­րով­հե­տեւ այս­տեղ կեդ­րո­նա­տե­ղին է եւ ամ­բողջ ծրա­գի­րը կը պատ­րաս­տո­ւի, հիմ­նա­կան ծախ­սե­րը հոս կ՚­՚ըլ­լան։ Մ­նա­ցա­ծը շատ ա­ւե­լի ա­ժան են, եւ այդ պա­րա­գա­յին կը փոր­ձենք բա­րե­րար­ներ գտնել եւ հո­վա­նա­ւոր­ներ։ ­Հո­վա­նա­ւոր կը գտնենք շէն­քի եւ կա­ռուց­ման ա­ռա­ջին հիմ­նա­կան ծախ­սե­րուն, եւ յե­տոյ կը գտնենք նաեւ հո­վա­նա­ւոր­ներ եւ բա­րե­րար­ներ, ո­րոնք գոր­ծու­նէու­թեան տա­րե­կան ծախ­սը պի­տի ա­պա­հո­վեն։
Օ­րի­նա­կի հա­մար, ­Գիւմ­րիի եւ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի պա­րա­գա­յին, Հ.Բ.Ը.Մ.ն­ է, որ կը հո­վա­նա­ւո­րէ տա­րե­կան ծախ­սը, ­Կող­բի պա­րա­գա­յին՝ մենք եւ ­Կողբ ­Հիմ­նադ­րա­մը կէս առ կէս թէ՛ շի­նա­րա­րու­թիւ­նը եւ թէ՛ հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը յա­ջորդ 7 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին պի­տի ա­պա­հո­վենք, ­Գո­րի­սի պա­րա­գա­յին ա­ռայժմ կը փոր­ձենք մարզ­պե­տա­րա­նի եւ կարգ մը կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ վե­րա­նո­րո­գել շէն­քը եւ յե­տոյ տես­նել, թէ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ հո­գալ ա­ռօ­րեայ ծախ­սե­րը։ Եւ այդ­պէս քայլ առ քայլ, երբ հո­վա­նա­ւոր­նե­րու խում­բե­րը ա­պա­հո­վո­ւին, կը յայ­տա­րա­րենք եւ կը սկսինք աշ­խա­տե­լու դէ­պի բա­ցում։ ­Բայց գո­նէ պէտք է ա­պա­հո­ված ըլ­լանք շի­նա­րա­րու­թիւ­նը եւ 5 տա­րո­ւան գոր­ծու­նէու­թեան ծախ­սե­րը, որ­պէս­զի այն­պէս չըլ­լայ, որ մէկ տա­րի ետք փա­կո­ւի։ Ե­թէ ո­րե­ւէ հո­վա­նա­ւոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն դուրս գայ, մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է գտնել նոր հո­վա­նա­ւոր, շա­րու­նա­կել աշ­խա­տան­քը։
­Մեր վե­րի յար­կե­րու վարձ­քե­րէն կը գո­յա­նայ Ե­րե­ւա­նի պիւտ­ճէն։ 4-6րդ ­յար­կե­րը գրա­սե­նեակ­ներ են, ո­րոնք վար­ձա­կա­լու­թեան տրո­ւած են եւ ա­նոնց վարձ­քե­րը կ­՚ամ­բող­ջաց­նեն մեր գոր­ծու­նէու­թեան ծախ­սե­րը։ ­Միւս քա­ղաք­նե­րու պա­րա­գա­յին դժբախ­տա­բար չենք կրնար ե­րե­ւա­կա­յել — ինչ­պէս որ Ե­րե­ւա­նի մէջ ը­րինք — կա­րե­նալ հսկայ շէնք մը ստեղ­ծել եւ ա­պա­հո­վել վար­ձա­կա­լու­թեան հա­սոյ­թը, օ­րի­նակ՝ ­Կող­բի պէս տեղ մը, ե­թէ շէնք շի­նենք, որ­քան ալ գե­ղե­ցիկ ըլ­լայ, գրե­թէ անհ­նար է վար­ձա­կա­լու­թեամբ տալ եւ այդ­պէս հա­սոյթ ա­պա­հո­վել, չենք կրնար ա­տոր վրայ հիմ­նո­ւիլ, ու­րեմն պի­տի փոր­ձենք ու­րիշ լու­ծում­ներ գտնել։

Ու­սու­ցիչ­նե­րը ո­րո՞նք են, կա՞ն մնա­յուն ու­սու­ցիչ­ներ, թէ՞ կի­սա­ժամ կը հրա­ւի­րէք մաս­նա­գէտ­ներ։
Մ­նա­յուն ու­սու­ցիչ­նե­րու խմբակ ու­նինք, մօ­տա­ւո­րա­պէս 25-30 հո­գի, ո­րոնք ոչ միայն Ե­րե­ւա­նի մէջ կը դա­սա­ւան­դեն, այ­լեւ կը շրջին նաեւ միւս կեդ­րոն­նե­րը։
Շր­ջան­նե­րը ու­սու­ցիչ չու­նին, մեր ու­սու­ցիչ­ներն են, որ Ե­րե­ւա­նէն կ­՚եր­թան շրջան­ներ։ ­Կը յի­շէք՝ չորս ուղ­ղու­թիւն ա­ռա­ւել 10 հմտու­թիւն, ու­րեմն 14 ու­սու­ցի­չի պէտք ու­նիս, ո­րոնք սա­կայն չեն կրնար դա­սա­ւան­դել 14ը միա­ժա­մա­նակ։ Ու­րեմն մտա­ծած ենք այդ շրջող ու­սու­ցիչ­նե­րու խմբա­կի մա­սին եւ ստեղ­ծած ենք, Ե­րե­ւա­նէն օ­րի­նակ այս ա­միս 3 հո­գի ­Ղա­րա­բաղ գա­ցած է, 5 հո­գի ­Գիւմ­րի, մէկ հո­գի կամ եր­կու հո­գի ­Դի­լի­ջան, մնա­ցա­ծը այս­տեղ կը դա­սա­ւան­դեն։ ­Յե­տոյ ա­նոնք կը վե­րա­դառ­նան ու­րիշ­ներ կ­՚եր­թան։ ­Տա­րին եր­կու, ե­րեք, նոյ­նիսկ չորս ան­գամ պէտք է ի­րենք քա­ղա­քէն դուրս դա­սա­ւան­դեն, մէկ ա­միս։ Եւ որ­պէս­զի բո­լո­րի մա­կար­դա­կը հա­ւա­սա­րա­պէս զար­գա­նայ։

Շր­ջան­նե­րու մէջ Ե­րե­ւա­նէն գա­ցող ու­սու­ցիչ­նե­րու կե­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վո­ւա՞ծ է։
­Հոն մենք կը կազ­մա­կեր­պենք ա­մէն ինչ։ ­Տուն ու­նինք, եր­բեմն ու­րիշ պա­րա­գա­նե­րու՝ հիւ­րա­նոց կը մնան, մենք եր­թե­ւե­կը կը կազ­մա­կեր­պենք, նոյ­նիսկ նաեւ ի­րենց կու տանք ո­րոշ փոքր ծախս մը ի­րենց ա­ռօ­րեայ ճա­շին հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ան­ձը կու գայ Ար­ցախ, ոչ միայն ձրի կ­՚աշ­խա­տի, այլ պի­տի ծախ­սէ, մենք ի­րենց սնունդն ալ կ­՚ա­պա­հո­վենք։ Ու­սու­ցիչ­նե­րը բո­լո­րը ձրի կ­՚աշ­խա­տին, ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան։

­Ձեր եզ­րա­փա­կիչ խօս­քը։
­Կը յու­սանք, որ շու­տով պի­տի ու­նե­նանք սե­րունդ մը, որ ԹՈՒՄՕի շնոր­հիւ պի­տի տար­բե­րի ու­րիշ եր­կիր­նե­րու հա­մալ­սա­րա­նա­ւարտ մաս­նա­գէտ­նե­րէն ո­րա­կով եւ գի­տե­լիք­նե­րու ա­ւե­լի լայն ծի­րով։
Ար­դէն մենք կ­՚ու­նե­նանք օ­տար հիւ­րեր, բարձ­րաս­տի­ճան քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը հիա­նան մեր տա­րած գոր­ծով եւ կը փա­փա­քին ի­րենց եր­կիր­նե­րուն մէջ եւս այս­պի­սի կեդ­րոն բա­նալ։

Այս­տեղ կ­՚ու­զենք հար­ցազ­րոյ­ցը փա­կել՝ մէջ­բե­րե­լով 8 ­Մար­տին նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ ­Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մէջ քա­ղա­քա­պե­տու­հի Անն ­Հի­տալ­կո­յի ար­տա­սա­նած խօս­քէն հե­տե­ւեալ տո­ղե­րը.-
«­Մեզ յատ­կա­պէս ցնցեց ԹՈՒՄՕ կեդ­րո­նի բա­ցա­յայ­տու­մը։ ­Հա­րիւ­րա­ւոր պա­տա­նի­ներ, եր­բեմն գեր-օժ­տո­ւած, եր­բեմն ալ թե­րեւս չօժ­տո­ւած, կը սոր­վին, կը յայտ­նա­գոր­ծեն նո­րա­րար ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­ներ։ Այդ կեդ­րո­նը ան­շուշտ նո­րա­րա­րա­կան կեդ­րոն է, բայց միեւ­նոյն ժա­մա­նակ տա­րածք մըն է՝ նա­խա­տե­սո­ւած ստեղ­ծե­լու ա­պա­գա­յի ու­ղեղ­ներ, եւ նման կեդ­րոն մենք Ֆ­րան­սա­յի մէջ տա­կա­ւին չու­նինք։ Եւ հի­մա մենք աշ­խու­ժօ­րէն կը ջա­նանք ներ­մու­ծել այդ լաւ օ­րի­նա­կը մեր քա­ղա­քին մէջ»։