Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «ԹՈՒՄՕ» ստեղ­ծա­րար ար­հես­տա­գի­տու­թեանց կեդ­րո­նին մէջ մեկ­նար­կեց նոր ծրա­գիր մը, յատ­կա­պէս բա­նա­կի զի­նո­ւոր­նե­րուն հա­մար: «ԹՈՒՄՕ-բա­նակ» ծրա­գի­րի բաց­ման ներ­կայ ե­ղան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով Ար­ցախ գտնո­ւող ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան եւ Ար­ցա­խի նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան: «ԹՈՒՄՕ-բա­նակ» ծրա­գի­րին կը մաս­նակ­ցին Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մօ­տա­կայ զօ­րա­մա­սե­րու 200է ա­ւե­լի ժամ­կէ­տա­յին զի­նո­ւոր­ներ: ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ «­Սի­մո­նեան» կրթա­կան հիմ­նադ­րա­մի հա­մա­տեղ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ար­դէն ան­ցեալ ­Փետ­րո­ւա­րէն կը գոր­ծէ: « ԹՈՒՄՕ -բա­նակ» ծրա­գիր մը կը գոր­ծէ նաեւ ­Դի­լի­ջա­նի ԹՈՒՄՕի կեդ­րո­նին մէջ, ուր զի­նո­ւոր­նե­րը ար­դէն յաղ­թա­հա­րած են կրթա­կան ծրա­գի­րով նա­խա­տե­սո­ւած շա­րու­նա­կա­կան ու­սուց­ման ա­ռա­ջին փու­լը: Ծ­րա­գի­րը, ըստ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, հայ­կա­կան բա­նա­կի զի­նո­ւոր­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ իւ­րա­յա­տուկ կրթա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ ձեռք բե­րե­լու գի­տե­լիք­ներ եւ հմտու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը բարձ­րաց­նեն ա­նոնց մրցու­նա­կու­թիւ­նը թէ՛ ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին, թէ՛ զօ­րաց­րո­ւե­լէն ետք: