Տա­ւու­շի մար­զի սահ­մա­նա­մերձ ­Կողբ հա­մայն­քին մէջ, Ե­րեք­շաբ­թի՝ 6 ­Յու­նի­սին տե­ղի ո­ւե­ցաւ «ԹՈՒՄՕ ­Կողբ»ի հիմ­նար­կէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը:
«ԹՈՒՄՕ ­Կողբ» պի­տի կա­րե­նայ 600-1000 ու­սա­նող­ներ ըն­դու­նիլ ­Կող­բէն, ­Նո­յեմ­բե­րեա­նէն եւ յա­րա­կից սահ­մա­նա­մերձ բնա­կա­վայր­նե­րէն: Ծ­րա­գի­րը կ­՛ի­րա­կա­նա­ցո­ւի «­Կողբ» հիմ­նադ­րա­մին հետ միաս­նա­բար: «­Կողբ» հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Ար­ման ­Բար­սե­ղեան հիմ­նար­կէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին նշեց, որ ծրա­գի­րը խորհր­դան­շա­կան է եւ ու­նի շարք մը կա­րե­ւոր բա­ղադ­րիչ­ներ:
«Ա­ռա­ջին բա­ղադ­րի­չը, զոր ցան­կա­նում եմ նշել, կրթա­կանն է, ո­րը եր­կա­րա­ժամ­կէտ փո­փո­խու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար, թե­րեւս, ա­մե­նա­կա­րե­ւոր գոր­ծիքն է: Երկ­րորդ կա­րե­ւոր հան­գա­ման­քը տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին զար­գաց­ման խնդիրն է: ­Սա եւս մէկ ծրա­գիր է, ո­րը նպաս­տում է Ե­րե­ւա­նից դուրս մար­զե­րի զար­գաց­մա­նը: Այս ի­մաս­տով՝ մենք կար­ծում ենք, որ ­Կող­բի եւ յա­րա­կից այլ բնա­կա­վայր­նե­րի հա­մար «­Թու­մօ-­Կողբ» ծրա­գի­րը շատ լուրջ նշա­նա­կու­թիւն է ու­նե­նա­լու»,- շեշ­տեց ­Բար­սե­ղեան:
­Կեդ­րո­նը պի­տի հա­մա­գոր­ծակ­ցի նաեւ բա­նա­կին հետ. ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն կեդ­րո­նը պի­տի օգ­տա­գոր­ծո­ւի նաեւ զի­նո­ւոր­նե­րու կող­մէ:
­Կեդ­րո­նի շէն­քին յա­տա­կա­գի­ծը ար­դէն հաս­տա­տուած է: ­Շէն­քի ճար­տա­րա­պետն է ­Պեռ­նար ­Խու­րին՝ ­Պէյ­րու­թէն: ­Խու­րի Ե­րե­ւա­նի ԹՈՒՄՕի ներ­քին յար­դար­ման հե­ղի­նակն է:
­Կեդ­րո­նի շի­նա­րա­րու­թեան եւ հիմ­նադր­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­նե­րը պի­տի ա­պա­հո­վուին «­Կողբ» հիմ­նադ­րա­մի, ԹՈՒՄՕի, «Եու­քոմ»ի, «Mission Enfance» ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ու մաս­նա­ւոր բա­րե­գործ­նե­րու նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րէն: