ՄԱՐԻԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ՏԱՄԱՏԵԱՆ
«Ես միշտ ձեզ հետ եմ, ձեր մէջ եմ…»
Յ. Թումանեան
Ան մեզ հետ է դեռ օրօրոցէն՝ մայրիկի երգերով, հեքիաթներով, պատմուածքներով, ասոյթներով եւ խորիմաստ քառեակներով։ Թումանեան իր գոհարներով մեզ հետ ու մեզմէ անբաժան եղած է եւ կը շարունակէ մնալ մեր ծանր ու դժուարին, լուսաւոր եւ արեւաշող օրերուն։ Ան մեր Ամենայն Հայոց բանաստեղծն է, ազգային գործիչը, ուսուցիչը… Թումանեանի ստեղծագործութիւնները բոլոր ժամանակներուն այժմէական են, դաստիարակչական, իմաստալից եւ այնքա՜ն սրտամորմոք։ Ցեղասպանութեան տարիներուն Մեծ մտաւորականի անձնուրաց նուիրումը իր ժողովուրդին եւ անոր արդար դատի լուծման, ապա այդ
տարիներու ազգային եւ որբախնամ գործունէութիւնը («Հայրիկ» կը կոչէին անոր՝ որբերը) յատկապէս կ՚առանձնանայ մշակոյթի գործիչներու պատմութեան մէջ: Այն բացառիկ է, եզակի ո՛չ միայն հայ մշակոյթի, այլե՛ւ համաշխարհային պատմութեան մէջ եւս։
«Գիքորը», «Սասունցի դաւիթը», «Չարի վերջը», «Շունն ու կատուն», «Թմկաբերդի առումը» եւ հազար ու մէկ խորախորհուրդ իր ստեղծագործութիւններով Թումանեանը՝ ան մեր մէջ է, ամենուր է։ Իսկ ահա «Քաջ Նազար»ով, «Ախթամար»ով, «Անուշ»ով, երգերով ու պարերով, կենդանի պատկերի վերածուած կենսագրական դրուագներով՝ իր անմահ ներկայութեամբ ան մեզ հետ էր նաեւ Կիրակի՝ 16 Փետրուարին «Արամ Մանուկեան» ակումբէն ներս։
Կազմակերպութեամբ Ատտիկէի «Սօս-Վանի» վարչութեան, մասնակցութեամբ տաղանդաւոր եւ ստեղծագործ երիտասարդներու եւ փոքրիկներու (բանաստեղծի տարեդարձէն երեք օր առաջ)՝ տեղի ունեցաւ Յ. Թումանեանի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած մշակութային երեկոն։ Յայտագիրը սկսաւ «Քաջ Նազար» մանկական թատերականով, որ ի սկզբանէ նախատեսուած՝ անակնկալ մըն էր վարչութեան կողմէ ներկաներուն։ Հռիփսիմէ Կարապետեանի պատրաստութեամբ՝ 10 երեխաներ կը մասնակցէին ներկայացման, որոնք բեմին վրայ փայլեցին իրենց տաղանդով՝ Արմէնուհի Ղազարեան, Գէորգ Ճինէճեան, Մելինէ Մալթոզեան, Ներսէս Չթէյեան, Արման Դաւթեան
Արթուր Դաւթեան, Սարգիս Զաֆիրուլիս, Կարէն Էքիզեան, Ռիտա Բաղդասարեան, Ագնէսա Եփրեմեան։
Խոստումնալից ապագայով փոքրիկ շնորհալիները նոր շունչ հաղորդեցին երեկոյին իրենց դերասանական խաղով, պարով եւ հմայքով՝ արժանանալով հանդիսատեսի ջերմ գնահատանքին, ծնողներու գորովալից, սիրով լի հայացքներուն։ Կարեւորելով սփիւռքի մէջ հայ մշակույթի պահպանման եւ զարգացման դերը՝ «Սօս-Վանի» վարչութեան ատենապետը նշեց, որ մեր ակումբներէն ներս կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկներու հիմնական նպատակներէն է՝ ամէն անգամ նոր անձերու, յատկապէս շնորհալի երեխաներու եւ երիտասարդներու ներգրաւումը եւ անոնց տաղանդի բացայայտումը։ Խորհուրդ ունենալով աշխուժացնել անոնց շփումը ազգային-միութենական, մշակութային շրջանակներու մէջ, դիմագրաւելու սփիւռքի մէջ սերունդներու հայապահպանման, հայախօսութեան օրհասականը։
Յաջորդաբար հնչեցին Թումանեանի խօսքերու հիման վրայ գրուած երգեր, գործիքային կատարումներ, ներկայացուեցան պարեր եւ երկու կենդանի պատկերներ։ «Ախթամար» երգը կատարեց Հայաստանէն ուսման նպատակով Յունաստան գտնուող երաժիշտ, մանկավարժ, շուիահար Քրիստինա Էլեֆթերովան։
Ջութակի կատարումը «Վարդը» ստեղծագործութեամբ՝ Սամուէլ Կարապետեանի (ուսանող, «Underground Youth Orchestra»ի անդամ)։
Հնչեցին երգեր. «Ա՜խ, ի՜նչ լաւ է սարին վրայ» երիտասարդ, անուշ ձայն՝ Մարիաննա Խաչատրեան։ «ԱՄՊԻ ՏԱԿԻՑ», «ԿԱՔԱՒԻԿ»՝ «Համազգային»ի երգչախումբի անդամ Լիլիթ Արզումանեան, խմբային կատարում «ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ՀԵՏ» երգով՝ Արմիկ Պարազեան, Մարիաննա Խաչատրեան, Լիլիթ Արզումանեան։
Երաժշտական բաժինի դաշնակի նուագակցութիւնը անգամ մը եւս սիրով ընդառաջեց երիտասարդ երաժիշտ Երուանդ Մանուկեան (նաեւ հնչիւնային ձեւաւորումը՝ Երուանդ Մանուկեանի եւ Սիմոն Ասիպեանի)։
«Զով գիշեր» եւ «Անմահ Թումանեան» պարերով հանդէս եկաւ «Նանօր» պարախունբը՝ բեմը զարդարելով 20 աննման ու նազանի պարուհիներով՝ նուիրեալ եւ սիրուած պարուսոյց Աննա Պօղոսեանի բեմադրութեամբ։
Կենդանի պատկերներուն՝ «Ամուսնութիւն» եւ «Սիրոյ պատմութիւն» (Թումանեանի կեանքեն հատուածներ), ուշագրաւ խաղով մասնակցեցան առաջին անգամ ըլլալով՝ Ժուլի Մանոյեան եւ Արման Տէր-Յովակիմեան, ապա Լիլիթ Արզումանեան, Ժագ Տամատեան եւ Արլէթ Հարունեան՝ գաղութի մէջ արդէն իսկ սիրուած եւ գնահատելի սիրողական դերասաններ։
Կենդանի պատկերները վարչութեան քաջալերանքով եւ օգնութեամբ պատրաստած էր Հռիփսիմէ Կարապետեան, նաեւ ան՝ Լուիզա Պօղոսեանի հետ միասին նաեւ օրուան հանդիսավարուհիներ էին. շնորհալի եւ հմայիչ մեկնաբանութեանբ ողջ ձեռնարկի ընթացքին, երաժշտական եւ պարային ելոյթներէն առաջ կը ներկայացնէին Թումանեանի կենսագրութեան, գործունէութեան եւ անձնական կեանքէն պատառիկներ՝ համեմուած գեղեցիկ ասմունքներով։
Ձեռնարկին ներկայ էին ազգային կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, մշակութասէր հայրենակիցներ՝ ծայրէ ծայր լեցուն սրահէն ներս։
Երեկոյի աւարտին «Սօս-Վանի» վարչութեան ատենապետ ընկ. Ժագ Տամատեան, իր փակման խօսքին ըսաւ. «Սիրելի ներկաներ, 3 օրէն մեր Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին տարեդարձն է: 2019ին UNESCOն նշեց Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտասի ծննդեան 150ամեակները։ Մշակութային կապերը խորացնելու նպատակով՝ Հռոմի մէջ այս տարի պիտի տեղադրուի բանաստեղծին արձանը: «Համազգային»ի Ատտիկէի «Սօս-Վանի» վարչութիւնը անգամ մը եւս համախմբելով մեր միութեան ուժերը, մասնակցութեամբ՝ պարախումբի, հովանաւորութեամբ՝ Շրջանային վարչութեան, միացաւ յոբելեանական ձեռնարկներու շարքին։
Յովհաննէս Թումանեանը, 10 զաւակներու հայր, միշտ յատուկ սէր եւ գուրգուրանք ունեցած է կրտսեր սերունդներու հանդէպ: Այսպէս՝ պատահական չէր, որ մեր յայտագիրի մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը երիտասարդ են. հարկ է ներշնչել եւ ուղղորդել անոնց դէպի հայ մշակոյթը»։
Ապա, ան վարչութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի վարչութեան, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի խորհուրդին, Աւետարանական եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ բոլոր աջակիցներուն եւ հանդիսատեսներուն՝ ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար:
Ձեռնարկի աւարտին իր տպաւորութիւնները արտայայտեց Հ.Կ.Խաչի Գոքինիոյ ազգային վարժարանի երկար տարիներու աւանդ ունեցող ուսուցիչ-տնօրէն ընկ. Կիրակոս Մկրտիչեան, ըսելով՝ «Մշակոյթը օվասիս մըն է անապատի մէջ, պնդեցէ՛ք, համառեցէ՛ք եւ լիաբուռն շարունակեցէ՛ք»։
Յաջողութեան մաղթանքներ «Համազգային»ի «Սօս-Վանի» վարչութեան։