­Յու­նո­ւար 25ին մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի Դ­սե­ղի ­Տուն-­Թան­գա­րա­նի են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու շի­նա­րա­րու­թեան հա­մար հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր ստո­րագ­րո­ւած է: ­Փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րած են ա­մե­րի­կա­հայ ե­րա­ժիշտ, բա­րե­րար Ա­շոտ ­Տիգ­րա­նեան եւ ­Չա­րեն­ցի ա­նո­ւան գրա­կա­նու­թեան, ա­րուես­տի թան­գա­րա­նի տնօ­րէն ­Կա­րա­պետ ­Վար­դա­նեան,- կը յայտ­նէ Panorama.am:
­Թէեւ «­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեան-150» յո­բե­լի­նա­կան տա­րին 2019ին է, բայց յո­բե­լի­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րուն մեկ­նար­կը տրո­ւած է:
Ըստ հա­մա­ձայ­նա­գի­րին՝ Հ.Հ. մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան մշա­կած նա­խա­գի­ծով եւ բա­րե­րա­րին կող­մէ յատ­կա­ցո­ւող 8 մի­լիոն դրա­մով տուն-թան­գա­րա­նին մէջ պի­տի կա­ռու­ցո­ւին յու­շա­նո­ւէր­նե­րու կրպակ, սան­հան­գոյց, փոք­րիկ սրճա­րան: ­Թան­գա­րա­նի տա­րած­քին հա­տո­ւած ծա­ռե­րու բու­նե­րով քան­դա­կա­գործ­նե­րը պի­տի ստեղ­ծեն թու­մա­նեա­նա­կան հե­տաքրք­րա­կան կեր­պար­ներ:
«­Նա­խա­տե­սում էինք ծրա­գիրն ի­րա­կա­նաց­նել դեռ 2016ին: ­Սա­կայն խան­գա­րեց շատ ցուրտ ձմե­ռը: ­Բա­ցի այդ՝ մենք փոր­ձում էինք գտնել ա­ջա­կից­ներ, ըն­կեր, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, ով­քեր կ’օգ­նէին ի­րա­կա­նաց­նե­լու այդ ծրա­գի­րը»,- նախ­քան հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­մը ը­սած է մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան: Ան ը­սած է, որ օ­դա­նա­ւին մէջ հան­դի­պած է Ա­շոտ ­Տիգ­րա­նեա­նին, ո­րուն հետ մօտ հինգ ժամ խօ­սած են ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին կեան­քի, ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու, ծրա­գիր­նե­րու մա­սին:
«­Հե­տաքր­քիրն այն էր, որ մա­յեստ­րօ Ա­շոտ ­Տիգ­րա­նեան միան­գա­մից ար­ձա­գան­գեց մեր ծրագ­րե­րին եւ խոս­տա­ցաւ օգ­նել Դ­սե­ղի թան­գա­րա­նի են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րը ստեղ­ծե­լու հար­ցում: Օգ­նել` ող­ղա­կիօ­րէն ֆի­նան­սա­ւո­րել»,- ա­ւել­ցու­ցած է նա­խա­րա­րը:
Ա­նոր խօս­քով, երբ բա­րեն­պաստ ե­ղա­նա­կա­յին պայ­ման­ներ ըլ­լան, պի­տի սկսի ծրա­գի­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մը:
Ա­շոտ ­Տիգ­րա­նեան իր հեր­թին ը­սած է, որ օ­դա­նա­ւի մէջ հան­դի­պու­մը շատ հե­տաքրք­րա­կան էր, այդ ըն­թաց­քին նա­խա­րա­րը ծա­նօ­թա­ցու­ցած է այս նա­խա­գի­ծը: «Ե­րեք տաս­նա­մեակ Ա.Մ.Ն. ապ­րե­լուց յե­տոյ` ես ա­ռա­ջին ան­գամ այ­ցե­լե­ցի ­Հա­յաս­տան: ­Շատ յու­զիչ էր, գե­ղե­ցիկ պա­հեր ապ­րե­ցի: Ծ­նո­ւել եմ Ե­րե­ւա­նում` ­Մոս­կո­վեան փո­ղո­ցի վրայ, ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի թան­գա­րա­նի դի­մաց: ­Վեր­ջերս ե­ղել եմ Դ­սե­ղում եւ ինքս տե­սել, որ ան­պայ­ման պէտք է նման ծրա­գիր ի­րա­կա­նա­ցո­ւի: Իմ ե­րազ­նե­րից մէ­կը ի­րա­կա­նա­ցաւ: ­Մեծ հա­ճոյ­քով ու պար­ծան­քով կը կա­տա­րեմ իմ խոս­տու­մը»,- նշած է բա­րե­րա­րը: