Ուրբաթ՝ 19 Մայիս 2017ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ եռուզեռ է։
Մուտքին՝ «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի տասներկու տարիներու վաստակը. մեծ կլոր սեղանին վրայ ճաշակաւոր կերպով իրարու վրայ դիզուած թերթերու կոյտը՝ Թորոնթոյի հայ համայնքին յատկապէ՛ս, ու հայութեան՝ ընդհանրապէս, կարծես ըլլայ պատմութենէն փրցուած հատոր մը, որուն էջերուն կան բազմաթիւ յատկանշական ձեռքբերումներ, պատերազմ ու խաղաղութիւն, համով ճաշեր, միութենական անծայրածիր գործունէութիւն, առօրեայ մտորումներ, գրական գոհարներ, թուաբանութեան անկիւն, հին ու նորօրեայ հերոսներ ու, վերջապէս, անցեալն ու ապագան, համամարդկայինն ու ազգայինը իրարու շաղախող թիւով 139 հրատարակութիւն։
Հանդիսավարներուն խանդն ու եռանդը վարակիչ է. գաղութի փայլուն երիտասարդներէն Վարագ Պապեանն ու Արտա Զաքարեանը, վերջինը՝ նաեւ հանրայայտ դէմք, կը կատարեն բացումը — CP24 հեռուստակայանի լաւ համադրուած, իւրայատուկ ոճով եւ երկլեզու — «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի 12րդ տարեդարձին առիթով հանգանակային երեկոյին, աւելի քան երկու հարիւր հանդիսատեսներու ներկայութեան։
Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէքեանի կողմէ սեղանի օրհնութենէն ետք, համայնքի բոլոր եկեղեցիներէն, կուսակցութիւններէն, միութիւններէն, կազմակերպութիւններէն ու կրթական մարմիններէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ արուեստագէտներ, վաճառատէրներ, ընթերցասէր ու մշակութասէր հայորդիներ համադամ ուտեստեղէններու ու գինիի շուրջ իրենց մտերմիկ զրոյցները կը շարունակեն։
Քիչ անց, մեր ուշադրութիւնը կը դարձնենք պաստառներուն վրայ ցուցադրուող, «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի մասին խումբ մը ընթերցողներու կողմէ փոխանցուող վկայութիւններուն ու սրտի խօսքերուն։ Որքա՜ն հաճելի է լսել երիտասարդն ու երէցը, միութենականը, հաշուագէտն ու արուեստագէտը…, զանազան հետաքրքրութիւններով լեցուն անհատներու անդրադարձը թերթին մասին. փաստ՝ որ «Թորոնթոհայ» եղած է բոլորին թերթը, անխտի՛ր։
Տեսերիզը խնամքով համադրուած է կազմակերպիչ յանձնախումբէն Տոքթ. Անի Հասըրճեանի առաջնորդութեամբ։
Սահիկներու միջոցով՝ «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի խմբագիր Կարին Սաղտըճեան մանրամասն կերպով կÿանդրադառնայ ամսաթերթին, առաջին օրէն մինչեւ օրս ձեռքբերումներուն, յաջողութիւններուն, գնահատագիրներուն, նաեւ՝ դժուարութիւններուն, նշելով բոլոր անոնք, որոնք սատարած են թերթի վերելքին, յատկապէս ծանրանալով որոշ անհատներու վրայ, որոնք առաջին օրէն իսկ իրենց ներդրումը ունեցած են, ինչպէս էջադրող արուեստագէտ Արա Տէր-Յարութիւնեան, Անաբել Շարոյեան, ապա նաեւ՝ տոքթ. Անի Հասըրճեան ու Արշօ Զաքարեան։
Շարունակելով՝ Սաղտըճեան կը նշէ աշխատակիցները, նաեւ՝ անձեր, որոնք իրենց գրութիւններով ու նեցուկով սատարած են թերթի վերելքին։ Ան յատկապէս կը շեշտէ թերթը առցանց նաեւ հրապարակելու, կայքէջ մը յառաջացնելու եւ ապագայ գրողներ գտնելու կամ թրծելու կարեւորութիւնը՝ «Թորոնթոհայ»ի յառաջխաղացքին մէջ։
Կարինին կը յաջորդէ Թորոնթոյի հայ համայնքին ծանօթ ու սիրելի դասախօս, գիրքերու հեղինակ ու օրուան պատգամաբեր դոկտ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլ. ան հայերէնով, ապա՝ անգլերէնով վեր կÿառնէ ամսաթերթին կարեւորութիւնը:
Կը յաջորդէ թերթին երկարամեայ աշխատակից, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի ատենապետ Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան: Ան կը կեդրոնանայ հայ թերթի դերակատարութեան վրայ, անցեալէն մինչեւ օրս՝ նշելով կարգ մը յատկանշական երեւոյթներ, որոնցմէ են՝ հայ թերթը իբրեւ դպրոց, ոգեղէն ու հոգեմտաւոր սնունդ՝ ապագայ ղեկավարներու, նաեւ՝ իբրեւ հայ լեզուի արթուն պահակ։
Զիրար ամբողջացնող ներկայացումները պատկերը կուտան սփիւռքի մէջ գործող հայ թերթի իրավիճակին:
Երեկոն կÿաւարտի գեղարուեստական ճոխ յայտագրով:
Ձեռնարկի աւարտին, «Թորոնթոհայ» ամսաթերթին ծնունդ տուող ու հովանաւոր Հ.Յ.Դ. «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէի, ինչպէս նաեւ բոլոր համայնքին թարգմանը կը հանդիսանայ Կոմիտէի հերթապահ Յակոբ Ճանպազեան՝ շեշտելով «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի անհրաժեշտ դերը, գնահատելով խմբագիրը՝ Կարին Սաղտըճեանն ու էջադրող արուեստագէտ Արա Տէր-Յարութիւնեանը, իրենց նուիրումին ու վաստակին համար, քաջալերելով հայ համայնքը, որ շարունակէ իր օժանդակութիւնը բերել՝ սատար հանդիսանալով թերթի վերելքին։