ՄԻՆՍԱՐ
Անշուշտ ձեզի հարցնելը եթէ «Նոր Տարուան գիշերը խաղաթուղթ խաղցա՞ծ էք», բոլորովին անիմաստ պիտի ըլլար, որովհետեւ վստահ եմ, որ ինծի նման նաեւ դուք, այդ խորհրդանշական գիշերը, այսպէս ըսուած, «նորածին» տարին ուրախութեամբ դիմաւորելու նպատակով, քանի մը ժամ թղթախաղով զբաղած էք, եւ կամ շահած, կամ ալ կորսնցուցած էք…
Մէկ բանի վրայ կը տարակուսիմ սակայն, ան ալ… չեմ գիտեր եթէ ձեր գլխուն ալ պայթած են, այդ բոլո՜ո՜ո՜ր փորձանքները, որոնք այս տարի, ի՛մ գլխուս պայթեցան…
Տանս հիւրասենեակը նստած, (այո՜, այո՜, հէ՛չ մի զարմանաք: Տօնական օրերուն ես ինծի կ’արտօնեմ հոն նստիլը), «Ազատ Օր»ը կը թղթատէի, երբ դուրսի դուռին զանգը լսուեցաւ…
Գացի, դուռը բացի եւ ներս մտաւ բարեկամս՝ Մկրտիչը…
Հա, չմոռնամ ըսելու որ տարուան վերջին օրն էր, ու քանի մը ժամէն հրաժեշտ տալով եւ այլեւս մեր ետին ձգելով հինցած 2021-ը, պիտի դիմաւորէինք բոլորովին նոր 2022-ն…
Մկրտիչը նախ ինծի բարեւեց ու ապա հարցուց…
— Վաղունա՞կ, գիշերը ո՞ւր պիտի խաղաս…
— Ի՞նչ պիտի խաղամ եղեր…
— Թո՜ւղթ եղբայր, թո՜ւղթ, ուրիշ ի՞նչ պիտի խաղայիր…
— Վազ անցիր կարտաշ, (եղբայր), թուղթը ո՜ւր, ես ո՜ւր…
— Այսինքն դուն գիշերը տեղ մըն ալ պիտ’ չերթա՞ս…
— Չէ՛, պիտ’ չերթամ… բարի-բարի հոս տունիկս պիտի նստիմ, շիշ մը գինի պիտի բանամ, եւ Նոր Տարին պիտի դիմաւորեմ, գինի խմելով, չոր մրքեղէն ուտելով եւ հեռատեսիլէն Կաղանդի տօնական յայտագիրը դիտելով…
— Անկարելի է, այս ըսածդ չըլլալիք բան է…
— Ինչո՞ւ եղեր…
— Ամօթ է եղբայր, ամօթ է…
— Ինչո՞ւ ամօթ է եղեր…
— Որովհետեւ սիրելիս դուն շատ լաւ գիտես, որ Կաղանդի գիշերը բոլորն ալ խաղաթուղթ կը խաղան… ասանկ… Նոր Տարին ուրախութեամբ դիմաւորելու համար…
— Այսինքն եթէ Կաղանդին գիշերը ես խաղաթուղթ չխաղամ, Նոր Տարին տխրութեա՞մբ պիտի դիմաւորեն…
— Հա, հա, հա… խնդամ տէ պարապի չերթայ… պաղ ապուր կատակներդ սկսա՞ր նորէն… լաւ գիտես, որ այս մէկը հինէն եկած շատ գեղեցիկ սովորութիւն մըն է…
— Այո, այո, հինէն եկած շա՜ա՜ա՜տ գեղեցիկ սովորութիւն մըն է… եւ ըստ այս գեղեցիկ սովորութեան, պէտք է որ գրպանիդ ունեցած-չունեցածը ամէնն ալ կորսնցնես, քովդ հէչ բարա (դրամ) չմնայ, որ նոյնիսկ «թաքսի» մը առնելով տունդ վերադառնաս…
— Հիմա կը չափազանցես կոր Վաղունակ, վերջապէս այս ըսածդ կը վերաբերի պարտուողներուն, սակայն կը կարծեմ, որ դուն դիտմամբ շահողներուն կը մոռնաս կոր…
— Չկրցայ հասկնալ… ո՞ր շահողներուն…
— Կ’ուզեմ ըսել, որ շահիս կամ կորսնցնես, գոնէ ԴՈ՛ՒՆ… վերջաւորութեան շահաւոր պիտի ելլաս… վստա՛հ…
Այս «դուն»ը անանկ մէկ շեշտեց, անանկ մէկ շեշտեց, որ հետաքրքրութիւնս արթնցուց…
— Այսինքն ես ինչպէ՞ս շահաւոր պիտի ելլամ, եղեր…
— Գիտե՞ս սիրելիս որուն տունը պիտի հաւաքուինք այսօր…
— Որո՞ւն տունը…
— Վարսենիկին…
— Ո՞ր Վարսենիկին…
— Ինչու դուն քանի՞ Վարսենիկ գիտես… ծօ ինծի լօ-լօ մի կարդար ու անտեղացին մի ձեւացներ… այն Վարսենիկին, որուն վրայ դուն կը խենթենաս, այն Վարսենիկին, որուն վրայ դուն աչքդ դրած ես… շիտակը՝ երկու աչքերդ ալ դրած ես…
Խնդիրը լրջացաւ… «կը խենթանաս կոր» ըսելը խօ՞սք էր…
Շիտակը… ես Վարսենիկին համար հոգի կու տայի, կը հալէի՜, կը մաշէի՜ի՜… կը մեռնէի՜ի՜ի՜…
Առանց երկրորդ մտածումի հարցուցի…
— Օրդախ (ընկեր), գիշերը քանիի՞ն պիտի հաւաքուինք…
— Տասէն ետք… ուրեմն… եկայ… քեզի տեղեկացուցի… հիմա ներողամիտ կ’ըլլաս, պէտք է մեկնիմ մնացեալներուն ալ լուր տալու համար… մնաս բարի… Աստուած ուզէ, գիշերը կը հանդիպինք…
— Երթաս բարի, Մկրտիչ… ցըտ, ցըտ…
Մկրտիչը մեկնեցաւ, ես ալ գացի եւ նորէն տոտոզուեցայ բազկաթոռիս վրայ…
Սկսայ լրջօրէն մտածել…
Ճիշդը, ես Վարսենիկին չափազանց կը հաւնէի եւ շարունակ առիթ մը կը փնտռէի, իրեն աւելի մօտենալու համար… նաեւ տեսակ մը համոզուած էի, որ ինքն ալ նոյնանման զգացումներ ունէր անձիս հանդէպ…
Ասանկ մտածեցի, անանկ մտածեցի եւ թեր ու դէմ բոլոր պարագաները լաւ մը չափելէ ու կշռելէ ետք, յանգեցայ այն եզրակացութեան, որ այս գիշեր լաւագոյն առիթը պիտի ունենայի, Վարսենիկին մօտենալու եւ սիրտս ու հոգիս բանալով, անմեղ ու անշահախնդիր բոլոր զգացումներս իրեն ներկայացնելու…
Ասանկ երանելի ու երջանիկ երազներու մէջ թաղուած էի, երբ յանկարծ անդիէն… անհրաւէր սեւ ամպ մը եկաւ եւ կայնեցաւ, ճիշդ այս բարեբաստիկ երազներուս, պայծառ երկինքին վրայ…
Այդ անհրաւէր սեւ ամպն ալ… Թորգոմն էր… Վարսենիկին մեծ եղբայրը…
Կազմով հսկայ, հրէշի նման այլանդակ արարած մը, որ կարծես թէ Ամենակալը, իր քովը աւելցած մէկ սուրու (բաւական) ցեխը չնետելու համար, որոշեց նստիլ եւ Թորգոմին ստեղծել…
Թաղեկիցներուս համար գաղտնիք չէր անշուշտ, որ այս Թորգոմ կոչեցեալը՝ գող, խաբեբայ, նենգաւոր, խարդախ ու խման անձ մըն էր…
Անթիւ էին անգամները, որ իր գործած սա կամ նա անօրինութեան համար, իրեն ձերբակալած եւ ուղղակի բանտին ծակը նետած էին…
* * *
Վերջապէ՜ս ժամը հասաւ եւ գացի Վարսենիկենց տունը…
Պահու մը, երբ միւս բոլորը զանազան ուրիշ գործերով զբաղած էին, առիթը ունեցայ Վարսենիկին հետ խօսելու, սիրտս իրեն բանալու եւ ճաշասեղանին առջեւ անցնելէ առաջ, իրմէ գողնալու… մեր առաջին համբոյրը…
Խոստացայ յաջորդ օրն իսկ, դարձեալ իրենց տունը այցելել… բայց այս անգամ… ծնողքէն իր ձեռքը խնդրելու համար…
«Ա՜ա՜ա՜հ Վաղունակ», ըսելը եւ գիրկս իյնալը մէկ եղաւ… առիթէն օգտուելով իրմէ գողցայ… մեր երկրորդ համբոյրը…
Անցանք ճաշասրահ ու նախ փառաւորապէս ուտել-խմելէ ետք, յաջորդաբար նստանք մասնաւորապէս թղթախաղին համար պատրաստուած սեղանին շուրջ…
Սկիզբը բոլորս ալ փոքրիկ գումարներով կը խաղայինք, սակայն ժամը որքան կը յառաջանար, թղթախաղը մէկ աւելի կը «տաքնար» ու կը «լրջանար»…
Մէկ բան միայն զարմանքիս եկաւ…
Որքան ժամանակ պզտիկ գումարներներով կը խաղայինք, ես ու մէկ քանի ուրիշ բարեկամներ, անդադար կը շահէինք, աւելի յետոյ սակայն, երբ գումարները բաւական «լրջացան», շահողը շարունակ Թորգոմն էր…
Պահու մը, սեղանին վրայ հաւաքուած էր բաւական նկատելի գումար մը…
Ձեռքիս խաղաքարթերը շատ զօրաւոր էին, անանկ որ սկսայ սեղանին գումարը «զարնել»…
Միւս խաղընկերները սկսան կամաց-կամաց ետ ընել…
Վերջաւորութեան մնացինք ես եւ Թորգոմը…
— Կը տեսնեմ…
Ըսի եւ ունեցած բոլոր գումարս սեղանին կեդրոնը հրելով, իրմէ խնդրեցի որ իր խաղաքարթերը բանայ…
Բացաւ եւ սեղանին վրայ շարեց… չորս հատ մէկնոց մէկ հատ ալ տասնոց…
Բայց եկուր տես որ… ես ալ ճիշդ նոյն խաղաքարթերը ունէի…
Մեր միւս խաղընկերները զարմանքով կը դիտէին, մէյ մը իմին, մէյ մըն ալ Թորգոմին նոյնանման խաղաքարթերը…
Ամէն բան յստակացաւ… հասկցայ որ «պարոն» Թորգոմը, մեզի աղուորիկ մը, հաւու ճուտիկի պէս կը «փետտէր» կոր…
Բերանս բացի եւ պատրաստուեցայ խայտարակել ու իրմէ հաշիւ պահանջել… բայց դժբախտաբար չհասայ…
Թորգոմը մէկ ոստումով ոտքի նետուեցաւ եւ ինծի «թղթագող» ու «անպիտան» ըսելով, իր հսկայ բռունցքը ուղղակի քիթիս-բերնիս վրայ իջեցուց… յաջորդաբար օձիքէս բռնելով, պարապ տոպրակի նման տունէն դուրս նետեց…
* * *
Այդ օրէն սկսեալ, բարեկամներէս ոեւէ մէկը, նորէն հետս խօսիլ չուզեր կոր…
Իսկ Վարսենի՞կը…
Նոյնիսկ երեսս տեսնել չուզեր կոր…
Սակայն գիտէ՞ք, թէ որն է հեգնութիւնը…
Թորգոմը ամէնուն կ’ըսէ կոր եղեր, որ բարեբախտաբար կրցած է իր քոյրը ազատել, ինծի նման անպատիւ ու վատահամբաւ անձի մը ճիրաններէն…
Ա՜ա՜ա՜խ Մկրտիչ, ա՜ա՜ա՜խ… ծօ դուն մէկ հատ դէմս պիտի չելլա՞ս մը… գլխուդ գալիքը միայն ե՛ս գիտեմ… ե՛ս…
* * *
Սիրելի ընթերցողներ, Նոր Տարուան ու հայոց Ծնունդի զոյգ տօներուն առիթով, խնդրեմ ընդունեցէք իմ սրտաբուխ ու ամենաանկեղծ բարեմաղթանքներս: Թող Աստուած ձեր բոլորին պարգեւէ առողջութիւն, երկարակեցութիւն, ասպարէզի յաջողութիւն, բայց մանաւանդ՝ ընտանեկան մշտական երջանկութիւն…
Շատ տարիներու…
Աթէնք՝ 10/12/2021
minsar55@gmail.com