Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, Շարլ Ազնաւուր յայտարարեց «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան դափնեկիրի անունը: Ան Նուբայի լեռներուն վրայ «Գթութեան մայր» հիւանդանոցի վիրաբոյժ, կաթողիկէ միսիոնար՝ ամերիկացի Թոմ Քաթինան է, որ Սուտանի պատերազմական Նուբա լեռներուն վրայ տարիներ շարունակ աշխատող միակ վիրաբոյժը հանդիսացած է: Ան տարեկան 1000 վիրահատութիւն կ’իրականացնէ եւ կը սպասարկէ օրական աւելի քան 400 հիւանդի:
Այս տարուան մրցանակաբաշխութեան դափնեկիրը կը ստանայ $100.000 պարգեւ՝ շարունակելու համար իր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ $1.000.000 դրամաշընորհ, որը բացառիկ հնարաւորութիւն պիտի տայ իրեն շարունակելու նուիրատուութեան շղթան՝ աջակցելով իրեն ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն:
Յիշեցնենք, որ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը եւ 1 միլիոն տոլարի նուիրատուութեամբ «Աւրորա» մրցանակը ստեղծուած են Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու անունով եւ ի երախտագիտութիւն անոնց փրկած մարդոց ու կազմակերպութիւններուն:
2016ի Ապրիլ 24ին Երեւանի մէջ կայացած էր «Աւրորա»ի անդրանիկ մրցանակաբաշխութիւնը, որու դափնեկիրն էր Պուրունտիի REMA հիւանդանոցի եւ Խաղաղութեան Տան (Maison Shalom) հիմնադիր Մարգարիտ Բարանկիձէն:
Ռուբէն Վարդանեան կþերազէ Աւրորա 2020ը Հալէպի մէջ կազմակերպել
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան ըսած է, որ կ՛երազէ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութիւնը 2020ին Հալէպի մէջ կազմակերպել, կը յայտնէ «Մեդիամաքս»։
«Ցեղասպանութեան տարիներուն սուրիական Տէյր Զօր անապատը շատ հայերու գերեզմանը դարձաւ եւ կ’ուզէի Հալէպի մէջ կազմակերպել «Աւրորա»ն: Ատիկա իմ երազանքն է, բայց հնարաւոր է, որ հանգամանքներու բերումով անիկա չկատարուի»,– ըսած է նախաձեռնութեան համահիմնադիրը:
Ռուբէն Վարդանեան նշած է, որ յառաջիկայ տարիներուն կարեւոր է նախաձեռնութեան հիմնական ուղերձներու հետեւողական տարածումը, վստահութեան կառուցումը եւ «Աւրորա»ն համաշխարհային շարժման վերածելը:
Նախաձեռնութեան համահիմնադիրին կարծիքով՝ «Աւրորա» մարդասիրութեան ցուցիչը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է փոխել իրադրութիւնը եւ աւելի շատ երիտասարդներ ներգրաւել նման նախաձեռնութիւններու մէջ:
«Մարդասիրական ճգնաժամը, անտարբերութիւնը, կարեկցանքի պակասը եւ հաստատութիւններու նկատմամբ հաւատքը կորսնցնելը հիւանդութեան մը ախտանիշներ են, որու զարգացումը հարկաւոր է կանգնեցնել: Մենք չենք փորձեր մեղաւորներ գտնել, մենք կը փորձենք հասկնալ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել՝ զայն շտկելու համար»,-ըսած է ան: