Յու­նաս­տա­նի ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. ­Սի­նո­տի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ հրա­ւէ­րով, նա­խա­գա­հու­թեամբ Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի Ար­քե­պիս­կո­պոս Տ. Տ. Ե­րո­նի­մո­սի, տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­կա­դե­մա­կան մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գո­ւար՝ նուիո­ւած «­Թեո­լո­յիա» գի­տա­կան պար­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րակ­ման 100-ա­մեա­կին։ ­Հա­մա­գու­մա­րը կը կրէր «Ուղ­ղա­փառ Աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թիւ­նը նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ան­նիւ­թե­ղէն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ»։
­Հա­մա­գու­մա­րի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Չո­րեք­շաբ­թի, 11 ­Հոկ­տեմ­բեր 2023-ին, կ­.ե. ժա­մը 6.30-ին, Ա­թէն­քի մայր տա­ճա­րին մէջ։ ­Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը գլխա­ւո­րե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գահ տիկ. Է­քա­թէ­րի­նի ­Սա­քե­լա­րո­փու­լու եւ Կ. ­Պոլ­սոյ ­Տիե­զե­րա­կան պատ­րիարք Տ. Տ. ­Պար­թո­լո­մէոս։ ­Ներ­կայ էին՝ Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի Ար­քե­պիս­կո­պոս Տ. Ե­րո­նի­մոս, ­Կիպ­րո­սի ե­կե­ղեց­ւոյ Ար­քե­պիս­կո­պոս Տ. Եոր­ղիոս, բիւ­զան­դա­կան օր­թո­տոքս այլ պատ­րիար­քու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ­Յու­նաս­տա­նի ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր մետ­րո­պո­լիտ­ներ, նա­խա­րար­ներ, պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ ա­կա­դե­մա­կան դա­սա­խօս­ներ։ Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կան ­Պար­թո­լո­մէոս ­Պատ­րիար­քը, Ե­րո­նի­մոս Ար­քե­պիս­կո­պո­սը եւ նա­խա­գահ տիկ. ­Սա­քե­լա­րո­փու­լու։ Ս. ­Սի­նո­տի հրա­ւէ­րով ­Թե­միս Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեան, ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ հան­դի­սու­թեան, ո­րուն ա­ւար­տին շնոր­հա­ւո­րա­կան խօսք փո­խա­նա­կեց ­Պար­թո­լո­մէոս ­Պատ­րիար­քին ու Ե­րո­նի­մոս Ար­քե­պիս­կո­պո­սին հետ։
­Հինգ­շաբ­թի, 12 ­Հոկ­տեմ­բեր 2023-ԻՆ, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9.00-ին, Ա­թէն­քի 0rovan քա­ղա­քա­պետ ­Քոս­թաս ­Պա­քո­յեան­նի­սի հրա­ւէ­րով, Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի դահ­լի­ճէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք, ի պա­տիւ ­Պար­թո­լո­մէոս ­Պատ­րիար­քին, եւ Ե­րո­նի­մոս Ար­քե­պիս­կո­պո­սի գա­հա­կա­լու­թեան 15-ա­մեա­կին առ­թիւ։ Ըն­դա­ռա­ջե­լով պրն. ­Քա­ղա­քա­պե­տի հրա­ւէ­րին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ներ­կայ ե­ղաւ ճաշ­կե­րոյ­թին, սե­ղա­նա­կից ըլ­լա­լով ­Պար­թո­լո­մէոս ­Պատ­րիար­քին եւ Ե­րո­նի­մոս Ար­քե­պիս­կո­պո­սին։ ­Պատ­րիար­քը ող­ջու­նե­լով Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, իր եղ­բայ­րա­կան ող­ջոյն­նե­րը եւ մաղ­թանք­նե­րը ու­ղար­կեց մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի եր­կար տա­րի­նե­րու մտե­րիմ եւ գոր­ծա­կից ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին։