Մարտ 5ի այս օրը մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ մտքի եւ գրականութեան հսկաներէն Թէոդիկի (Թէոտորոս Գրիգորի Լէպճինճեան), որուն մահուան 90ամեակն է այս տարի։
Թէոդիկ ապրեցաւ եւ գործեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանին՝ դառնալով արժանահաւատ վկան հայոց նահատակութեան, յարութեան եւ վերապրումին։
Հայոց Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնն ու տարողութիւնը մեր սերունդները ճանչցան եւ խորաչափեցին Թէոդիկի մտքի լոյսով ու սրտի յոյզով։ 1919ին լոյս տեսած իր «Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկին (24ին)» հանրագիտական գործով՝ Թէոդիկ անուն առ անուն՝ հակիրճ կենսագրականներով ու արժեւորման վկայութիւններով, պատրաստեց ու հայոց վերապրող սերունդներուն եւ հանուր մարդկութեան յանձնեց վաւերագրութիւնը նահատակ հայ ժողովուրդի անճիտուած մտաւորական սերուցքին։
Կենդանի հանրագիտարանի շնչող ու կենսունակ մարմնաւորումը եղաւ Թէոդիկ, որ 1907էն սկսեալ մինչեւ 1928 իր հրատարակած «Ամէնուն Տարեցոյցը» անուն տարեգիրքներու հարուստ շարքով՝ ոչ միայն հիմնադիրը կը հանդիսանայ հայ կեանքի եւ հոգեմտաւոր երկունքի տարեգրութիւնն ու ամենամեայ արգասիքը խտացնող գրական-հրապարակագրական տարեգիրքի բնագաւառին, այլեւ՝ մեծարժէք ռահվիրան է հայոց «ամէնուն» միտքի եւ հոգիի ծարաւը յագեցնելու հանրակրթական առաքելութեան։
Պատահական չէ, որ վերջին տասնամեակին ամէնուր, վերանկախացեալ Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր գօտիները, Թէոդիկի նորովի յայտնագործման եւ վերարժեւորման ընդհանուր շարժում մը թափ առած է. կը վերահրատարակուի «Ամէնուն Տարեցոյցը» շարքը, թուրք այլախոհը հայերէն բնագրով եւ անոր կցուած թրքերէն թարգմանութեամբ լոյս կ’ընծայէ Թէոդիկի «Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկին (24ին)» գործը, իսկ հայ մտաւորականութիւնը լուսարձակի տակ կը բերէ խորիմաց բանասէրի եւ բանահաւաքի Թէոդիկեան ժառանգութիւնը։
Հայ մտքի եւ մշակոյթի, գրականութեան եւ մամուլի երբեմնի ճառագայթող կեդրոնի՝ Հայկական Պոլսոյ հարազատ ու արժանաւոր ներկայացուցչական դէմքերէն էր Թէոդիկ։ Ծնած էր Սկիւտար, 5 Մարտ 1873ին։ Յաճախած էր Սկիւտարի Ճեմարանը, ապա՝ «Պէրպէրեան» վարժարանը եւ աւարտած էր Պոլսոյ ամերիկեան «Ռոպերթ» գոլէճը։
Վաղ հասակէն Թէոդիկ սկսաւ կանոնաւորաբար աշխատակցիլ իր ժամանակի պոլսահայ թերթերուն («Ծաղիկ», «Հանրագիտակ», «Մանզումէի Էֆքիար», «Սուրհանդակ» եւայլն), գործածելով տարբեր գրչանուններ՝ Մոդոթէ, Մտոստիկ, Թէոդիակ եւ Թ.Ա.։ Սկզբնական շրջանի իր հրապարակումները ունեցան ուղեգրական տոմսերու, նորավէպերու եւ դիմաստուերներու ներկայացման բնոյթ։ Առանձին հատորով լոյս տեսած առաջին գործերէն եղաւ «Ճանչուոր դէմքեր» խորագրով դիմաստուերներու շարքը։ Իր նորավէպերը («Շան խիղճը», «Շրթունք շրթունք»ի եւայլն) 1912ին ամփոփուեցան եւ հրատարակուեցան «Կաղանդ» անունով։
1905ին, «Պոլսոյ Հայեվարը» խորագրով բանասիրական իր անտիպ աշխատասիրութիւնը արժանացաւ ատենի հեղինակաւոր «Իզմիրեան» գրական մրցանակին։ Հայ գրերու ստեղծման եւ տպագրութեան պատմութեան է նուիրուած 1912ին լոյս տեսած Թէոդիկի «Տիպ ու տառ» մեծարժէք ուսումնասիրութիւնը։
Բայց Թէոդիկի կոթողական նուաճումը եղաւ 1907ին իր ձեռնարկած «Ամէնուն Տարեցոյցը», որ ունեցաւ հրատարակութեան երկու շրջան. առաջինը տեւեց մինչեւ 1915, երբ տարեգիրքի այդ տարուան համարի հրատարակութենէն ետք Թէոդիկ իր կարգին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ. հրատարակութեան երկրորդ շրջանը վերսկսաւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին հետ եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 1928ի իր մահը՝ նախ Պոլսոյ մէջ (մինչեւ 1923ին իր վերջնական հեռացումը Թուրքիայէն), ապա՝ Փարիզ, ուր հաստատուեցաւ եւ գործեց հայ մտքի ու գրականութեան այս երախտաւորը։
Առանձին ուշադրութեան եւ յուշատետրի արժանի է Թէոդիկի մազապուրծ փրկութիւնը թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն։ Մ. Աղանալեանի վկայութեամբ՝ դէպի Տէր Զօր աքսորի ճամբուն վրայ, Թէոդիկ ազատագրուած է հայ մարտիկներու խումբի մը կողմէ։ Օտար անձնաթուղթով ընդյատակեայ կեանք ապրած է մինչեւ Աշխարհամարտի աւարտը՝ իբրեւ բանուոր աշխատելով Տաւրոսեան թունելախորշի ռազմական շինարարութեան մէջ։
Զինադադարէն ետք թափ առած պոլսահայ զարթօնքի վերջին ճառագայթումին դրօշակիրը եղաւ Թէոդիկ։ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումն ու հայոց պետականութեան կերտումը ոչ միայն խանդավառութեան անսպառ աղբիւր դարձան Թէոդիկի եւ անոր սերունդի վերապրող մտաւորականութեան նորովի երկունքին համար, այլեւ՝ ազգային-քաղաքական յանձնառու գործունէութեան մղեցին Թէոդիկին։ Յաջորդաբար գրեց եւ հրատարակեց «Յուշարձան»ը, «Զուլումը եւ մեր որբերը» (1920ին) եւ «Գողգոթա»ն, որ լոյս տեսաւ յետ-մահու 1966ին։ Աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ վերահրատարակուող պոլսահայ մամուլին՝ «Ժամանակ», «Ժողովուրդ» եւ «Վերջին Լուր» թերթերուն։
1923ին Փարիզ հաստատուելէ ետք ալ Թէոդիկ նոյն թափով շարունակեց իր աշխոյժ գործունէութիւնը, պահպանեց «Ամէնուն Տարեցոյցը» եւ վերապրող վկան ու անլռելի ձայնը եղաւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին։
Թէոդիկի մեծութիւնը կը կայանայ նախ իր ժամանակի հայ կեանքին մեծ ու փոքր իրադարձութիւններն ու խնդիրները մանրամասն հետազօտելու, տեղեկագրելու եւ գալիք սերունդներուն իբրեւ ազգային յիշողութիւն ու ժառանգութիւն կտակելու մտաւորականի արժանաւորութեան մէջ։
Թէոդիկի մեծութիւնը ապա — եւ յատկապէս — կը կայանայ հայ մտքի եւ մշակոյթի, հայ գրականութեան ու արուեստներու ժամանակակից տաղանդները, Դանիէլ Վարուժանէն մինչեւ Կոմիտաս վարդապետ եւ Հրաչեայ Աճառեան, իր տարեգիրքին շուրջ հաւաքելու, անոնց ստեղծագործական եւ մտաւորական կենսունակութիւնը խրախուսելու արժանիքին մէջ։
Թէոդիկի կոթողական վաստակին եւ խմբագրական մեծ տաղանդին մասին դիպուկ է Մ.Լ.Ադանալեանի վկայութիւնը.-
1907 թուին, իր կնոջ՝ Արշակուհի Թէոդիկի հետ միասին, Թէոդիկ ձեռնարկեց «Ամէնուն Տարեցոյց»ներու հրատարակութեան (1907-1928)։ Այդ գաղափարը Թէոդիկներուն յուշեց անոնց անձնական հարուստ գրադարանին մէջ առկայ հայկական հնագոյն օրացոյցներու եւ տարեցոյցներու հազուագիւտ հաւաքածոն։
Թէոդիկ իր տարեցոյցին առջեւ դրած էր շատ մեծ եւ կարեւոր նպատակ։ Կ.Պոլսոյ մէջ, դարասկիզբին, հայերէն որեւէ գրական հանդէս-պարբերական լոյս չէր տեսներ։ Հայերէն նոր հանդէս հիմնադրելը, համիտեան դաժան գրաքննութեան պայմաններուն մէջ, գրեթէ անհնարին գործ էր, հակառակ որ գրական այդպիսի հրատարակութեան կարիքը խիստ զգալի էր՝ ընթերցող լայն շրջանակները հաղորդակից դարձնելու համար ինչպէս հայ գրողներու լաւագոյն գործերուն, այնպէս ալ նորերու անտիպ ստեղծագործութիւններուն։
Հին ժամանակներէն հայ ժողովուրդին մէջ օրացոյցը կամ տօնացոյցը լայն տարածում ունեցած է։ Թէոդիկ վճռեց վերականգնել այդ աւանդոյթը, օրացոյցին կամ տօնացուցակին կցել ընդարձակ եւ արժէքաւոր գրական, պատմագիտական յաւելուած, օրուայ հայ հասարակական խնդիրներուն արժանի նիւթերով, զայն դարձնել կիսագրական, կէս-ժողովրդատոմարական։
Տարուէ տարի առաւել կատարելագործելով եւ իր տարեցոյցներուն բովանդակութիւնը հարստացնելով գրական, պատմական, վաւերագրական եւ վիճակագրական արժէքաւոր նիւթերով՝ Թէոդիկ բարձրացուց զանոնք հանրագիտարանի մակարդակի, դարձուց երկրի եւ արտասահմանի հայութեան համար մեծապէս ընդունելի եւ համակրելի տարեկան հրատարակութեան մը, ապահովելով «Ամէնուն Տարեցոյց»ներուն հաստատուն տեղը եւ կարեւոր դերը հայ կեանքի մէջ։
Սկզբունք ունենալով տարեցոյցի էջերուն հրապարակել մի միայն անտիպներ, Թէոդիկ «Ամէնուն Տարեցոյց»ներուն մէջ տեղ կու տար ոչ միայն պատմութեան ու մշակոյթի՝ անցեալէն ժառանգութիւն մնացած եւ առաջին անգամ հրապարակուող մեծարժէք վաւերագրերու, յուշերու, նամակներու, յօդուածներու կամ գրական-գեղարուեստական ստեղծագործութեանց, այլեւ իր օրերու երիտասարդ հեղինակներու տաղանդաւոր գործերուն։
Այսպէս, Թէոդիկի տարեցոյցներուն մէջ առաջին անգամ հրատարակուած են դարասկիզբի արեւմտահայ ականաւոր բանաստեղծներու եւ արձակագիրներու ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ արեւելահայ եւ սփիւռքահայ մտաւորականներու գրչին պատկանող առանձին գործեր։ Հայ ստեղծագործ միտքի այսպիսի՛ համախմբումը չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունէր: Թէոդիկ ամուսինները անձնական լայն գրագրութիւն ունէին գաւառի եւ արտասահմանի հայ հասարակական գործիչներու եւ հեղինակներու հետ, որոնց կը յորդորէին աւելի աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալել յանուն հայ ազգային եւ մշակութային կեանքի վերելքի։ Հայ մտաւորականներէն ու ազգային-հասարակական գործիչներէն շատ-շատերու կենսագրականներն ու պատկերները հրապարակուած են «Ամէնուն Տարեցոյց»ի էջերուն, անկախ անոնց քաղաքական պատկանելութենէն։ Հայագիտութեան հետ աղերս ունեցող այս ամէն նիւթերու ամփոփումը տարեցոյցի հատորներուն մէջ թերեւս ստուերէր Թէոդիկի հրատարակութեանց մարտական նպատակասլացութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի պայմաններէն մեկնելով, եթէ նկատի չառնենք անոր հրատարակութեան հանրագիտարանային առանձնայատկութիւնը եւ այն մեծ, լուսաւորական նշանակութիւնը, որ «Ամէնուն Տարեցոյց»ները ունեցան հայ ընթերցողի ազգային ինքնագիտակցման եւ հայ ազատագրական մտքի համախմբման գործին մէջ։ Առանց ազգային որեւէ կուսակցութեան պատկանելու, Թէոդիկ, ինչպէս ինքը կը վկայէ, հետամուտ էր հայ ազգային քաղաքական կեանքի աշխուժացումին։ «Ամէնուն Տարեցոյց»ի հանրագիտակ եւ իմաստուն մտաւորականին՝ Թէոդիկի գաղափարներու աշխարհով վերանորոգուելու առիթը կ’ընծայէ անոր ցիրուցան մտքերէն կազմուած հետագայ ծաղկաքաղը.-
— Հայ նշանաւոր ճարտարապետներու երեք հարիւրամեայ գերդաստանի ներկայացուցիչներից մէկը՝ Յակոբ Պալեանը (1838 -1874) սովորութիւն ունէր շաբաթական աւելցնելու ռոճիկն իր այն գործաւորին, որն իր հետ խօսած ատեն յաջողէր օտար բառեր չգործածել։ («Ամէնուն Տարեցոյց», 1921 թուական, էջ 262)։
— Գաղափարները ոլորուած մագաղաթներ են. խօսակցութիւնն է, որ կը բանայ զանոնք:
— Գաղափարներ ստանալը կը նմանի ծաղիկներ քաղելուն, իսկ խորհիլը՝ ծաղկեփունջ կազմելուն:
— Ուր որ տեսնէք կարգապահութիւն՝ առանց վիշտի, խաղաղութիւն՝ առանց գերութեան եւ լիութիւն՝ առանց շռայլութեան, գիտցէք, որ հոն երջանիկ էակ մըն է, որ կը կառավարէ:
— Պետութիւն մը որքան ապականուի՝ այնքան օրէնքները կը շատնան:
— Զինուորներու դիակները գերագոյն պատուանշաններ են, զորս մայրեր, քոյրեր, այրիներ և որբեր արցունքով կը կախեն իրենց Հայրենիքին կուրծքէն՝ Անոր մշտնջենաւոր փառքին համար:
— Վախկոտը վտանգէն առաջ կը վախնայ, վատ մարդը՝ վտանգի ժամանակ, իսկ քաջը՝ վտանգէն յետոյ:
— Գայլերուն պատերազմը գառնուկներուն խաղաղութիւնն է:
— Դրամին ի՛նչ ըլլալը եթէ գիտնալ կ’ուզես՝ աշխատէ փոխ առնել:
— Շահը բարեկամութեան գերեզմանն է:
— Երբ խնդիրը շահու վրայ է՝ կովերն անգամ արծիւներ կը դառնան:
— Վայելքը երջանկութեան թշուառութիւնն է, իսկ յոյսը՝ թշուառութեան երջանկութիւնը:
— Հաճոյքը յիմարներու երջանկութիւնն է, իսկ երջանկութիւնը՝ իմաստուններու հաճոյքը:
— Կ’ուզե՞ս յաղթել մոլուցքներուդ. մի՛ կռուիր անոնց հետ, փախչի՛ր:
— Հանճարը ստեղծողն է, իսկ ռամիկը՝ ստեղծագործողը:
— Վիշտերը կտակներու նման են՝ ամենավերջինը կ’ոչնչացնէ նախորդները:
— Անթերի գեղեցկութիւնը զտուած ջուր մըն է, որ… համ չունի:
— Մրջիւնի բնակարանին մէջ ջրհեղեղ է ցողը:
— Ժամացույցը կեանքի խարտոցն է:
— Աստուած եթէ ագռաւի ձայնին լսէր՝ վարդավառին ձիւն կու գար:
— Ծեր մարդոց խրատ տալը տարբերութիւն չունի սեւ հագուստի վրայ լու փնտռելէն:
— Հայը ձի հեծնայ՝ Աստուած կը մոռնայ, ձիէն իջնայ՝ ձին կը մոռնայ:
Թէոդիկ (Թէոտորոս Լէպճինճեան, 1873-1928)
Թէոդիկ (Թէոտորոս Լէպճինճեան, 1873-1928). Մեծավաստակ խմբագիրը, հանրագիտակ մտաւորականը Ն.