­Յու­նիս 26ին Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան ըն­դու­նեց ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րա­րի յու­նա­կան սփիւռ­քի հար­ցե­րով տե­ղա­կալ ­Թե­րենս ­Քո­ւի­քին:
Ող­ջու­նե­լով հիւ­րին՝ Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րը կա­րե­ւոր նկա­տեց ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան եւ երկ­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան աշ­խու­ժա­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ՝ տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ մի­ջազ­գա­յին պայ­մա­նագ­րե­րու եւ յու­շագ­րե­րու ստո­րագ­րու­մը:
­Թե­րենս ­Քո­ւիք շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար եւ ա­ւել­ցուց.- «­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին շեշ­տո­ւե­ցաւ, որ պէտք է սփիւռ­քի նե­րու­ժը օգ­տա­գոր­ծենք ի խնդիր ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան-­Կիպ­րոս ե­ռա­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման: ­Մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը քրի­տո­նեայ են, նոյն ճա­կա­տա­գի­րը ու­նե­ցած են եւ, ցա­ւօք սրտի, ու­նե­ցած ենք եւ ու­նինք ան­յա­ջող հա­րե­ւան մը՝ ­Թուր­քիան: ­Մեր եր­կու նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը կրնան ար­դիւ­նա­ւէտ ձե­ւով օգ­տա­գոր­ծել սփիւռ­քի նե­րու­ժը եւ միա­տե­ղել գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը՝ բա­նակ­ցե­լով եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով: Ըլ­լանք ընդ­հա­նուր բռունցք մը: Ես պատ­րաստ եմ լսե­լու ձեր ա­ռա­ջարկ­նե­րը եւ քննար­կե­լու կէտ առ կէտ: ­Նաեւ յի­շեց­նեմ, որ ­Կիպ­րո­սին կող­մէ ե­ռա­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ստեղ­ծե­լու, ­Կիպ­րո­սի մէջ հան­դի­պե­լու եւ ե­ռա­կողմ հա­մա­ձայ­նա­գիր ստո­րագ­րե­լու ա­ռա­ջարկ ե­ղած է»:
Ս­փիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան սփիւռ­քի ընդ­հա­նուր նկա­րա­գի­րը, ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան ո­լոր­տը եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գը, գե­րա­տես­չու­թեան ծրա­գիր­նե­րը, սփիւռ­քի հետ աշ­խա­տան­քի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը: Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս նշեց.- «­Մենք պի­տի բռնցքուենք՝ աշ­խար­հում մեր շա­հերն ու ի­րա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար: ­Մին­չեւ այ­սօր աշ­խա­տել ենք Եր­կիր-Ս­փիւռք ձե­ւա­չա­փով: ­Հի­մա ժա­մա­նակն է զար­գաց­նե­լու Ս­փիւռք-Ս­փիւռք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: ­Մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի տե­սա­կէ­տից այ­սօր սփիւռ­քա­գի­տու­թեան մա­սին կան փոք­րիկ հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ, չկայ նոյ­նիսկ սփիւռ­քի սահ­մա­նու­մը, չկան հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ սփիւռ­քի ի­րա­ւունք­նե­րի ու պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րի, միջ-պե­տա­կան, վեր-պե­տա­կան, երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րում սփիւռ­քի դե­րի մա­սին: ­Կա­րող ենք ա­ռա­ջար­կել Մ.Ա.Կ.ին՝ յանձ­նախմ­բեր ստեղ­ծե­լու այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ու­սում­նա­սի­րե­լու: ­Կա­րող ենք Եւ­րո­պա­յի սփիւռք­նե­րի հա­մա­ժո­ղով կազ­մա­կեր­պել եւ քննար­կել այդ հար­ցե­րը»:
Զ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ ե­ղաւ վեր­ջերս ­Կիպ­րո­սի նա­խա­գա­հի հու­մա­նի­տար եւ ար­տերկ­րեայ հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տա­րի գրա­սե­նեա­կի հետ կնքուած փո­խըմբռն­ման յու­շագ­րին: Ս­փիւռ­քի նա­խա­րա­րը նշեց, որ ­Հա­յաս­տա­նը պատ­րաստ է բա­նակ­ցե­լու նաեւ յու­նա­կան կող­մի հետ՝ սփիւռ­քի հար­ցե­րու շուրջ հա­ման­ման յու­շա­գիր կնքե­լու հա­մար:
«­Հա­յաս­տան-­Կիպ­րոս-­Յու­նաս­տան ե­ռա­կողմ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, կար­ծում եմ, լուրջ քա­ղա­քա­կան ու­ղերձ է մեր երկր­նե­րի սփիւռք­նե­րին, որ­պէս­զի նրանք հա­մա­գոր­ծակ­ցեն մի­մեանց հետ, միաս­նա­կան լի­նեն ընդ­հա­նուր շա­հե­րի պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծում», — ա­ւել­ցուց սփիւռ­քի նա­խա­րա­րը: