Հինգշաբթի՝ 17 Յունուար 2019ի առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Տիկնաց Միութեան անդամուհիները, իրենց Նոր Տարուան առաջին հանդիպման ընթացքին, Թեսաղոնիկէի «Հայաստան» սրահի խոհանոցին մէջ, միասնաբար 2019 տարուան գաթան կտրեցին՝ իրարու բարեմաղթանքներ ու շնորհաւորութիւններ կատարելով։ Գաթայի մէջ գտնուող մետաղադրամը յայտնուեցաւ անդամուհիներէն տիկ. Նատիա Պոյաճեանի մօտ եւ ան ատենապետուհիին կողմէ ստացաւ գեղեցիկ նուէր մը։ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Տիկնաց Միութեան անդամուհիներուն կողմէ կը շնորհաւորենք տիկ. Նատիա Պոյաճեանը՝ մաղթելով անոր երջանիկ եւ ուրախ օրեր, առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։
Թղթակից
Թեսաղոնիկէի Տիկնաց Միութիւնը կտրեց իր գաթան
Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Տիկնաց Միութիւնը կտրեց իր Նոր Տարուան գաթան