­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ օծ­ման 120-ա­մեակ

0
98

Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ 120-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, ­Շա­բաթ, 25 ­Նո­յեմ­բեր 2023-ին եւ ժա­մը 19:00-ին, պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Կի­րա­կամ­տից ժա­մեր­գու­թիւն, նա­խա­գա­հու­թեամբ՝ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի ­Բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի:
Առ այդ, կը հրա­ւի­րենք մեր բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուր­դը, ներ­կայ գտնո­ւե­լու եւ ա­ղօ­թա­կից դառ­նա­լու սոյն հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թեան:
­Ժա­մեր­գու­թե­նէն ետք, ժա­մը 20:00-ին, «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հին մէջ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք, ներ­կա­յու­թեամբ՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր:
Ա­նոնք, ո­րոնք կը փա­փա­քին ներ­կայ գտնո­ւիլ սոյն ընթ­րի­քին, կը խնդրո­ւի նա­խօ­րօք տե­ղեակ պա­հեն քար­տու­ղա­րին, հե­ռա­ձայ­նե­լով ե­կե­ղեց­ւոյս գրա­սե­նեա­կին հե­ռա­խօ­սա­հա­մար­նե­րուն:
­Մաս­նակ­ցու­թեան սակ՝ 15 Եւ­րօ չա­փա­հաս­նե­րուն, 10 Եւ­րօ պա­տա­նի­նե­րուն եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն

***

­Կի­րա­կի, 26 ­Նո­յեմ­բեր 2023-ին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հան­դի­սա­ւոր Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ եւ ­Մա­տա­ղօրհ­նէք: ­
Պի­տի պա­տա­րա­գէ, յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զէ եւ մա­տա­ղօրհ­նէ­քը կա­տա­րէ՝
­Թե­միս ­Բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­ն: ­
Կը հրա­ւի­րենք մեր սի­րե­լի հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը, որ­պէս­զի մաս­նա­կից դառ­նայ Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գին եւ ունկնդ­րէ Սր­բա­զան ­Հօր պատ­գա­մը:
­Ժա­մեր­գու­թիւն՝ ժա­մը 09:30-ին:
Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ՝ ժա­մը 10:30-ին: