Աւանդութիւն դարձած Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ ուխտի օրը այս տարի առաւել եւս մեծ շուքով տօնուեցաւ։ Թեսաղոնիկէ հաստատուած հայորդիները հետեւելով իրենց ազգային ոգիին ու հոգեւոր արժէքներուն, 1903 թուականին քաղաքիս մէջ կառուցեցին «Ս. Աստուածածին» եկեղեցին։ Որպէս երախտիք, ամէն տարի եկեղեցւոյս հիմնադրութեան եւ անուանակոչութեան օրը կը կատարուի մատաղ։ Տարուէ-տարի սովորութիւնը դարձաւ աւանդութիւն, իսկ աւանդութիւնը՝ ժողովուրդի հոգւոյն անբաժան մասնիկը։
Առաջնորդ սրբազան հօր ժամանում
Երեքշաբթի՝ 19 Նոյեմբեր 2019ի երեկոյեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ժամանեց Թեսաղոնիկէ եւ դիմաւորուեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեանի եւ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի ատենապետ Արթին Աբրահամեանի կողմէ։
Աղի օրհնութիւն եւ մատաղի նախապատրաստական աշխատանքներ
Ուրբաթ՝ 22 Նոյեմբեր 2019ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Թեսաղոնիկէի հայ համայնքէն ներս առաւել եւս եռուզեռ տեղի ունեցաւ, երբ իւրաքանչիւր Թաղական խորհուրդի անդամ, Տիկնանց միութեան անդամուհի, միութենական կեանքի մէջ գործող անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ թեսաղոնիկահայ հաւատացեալներ, անգամ մը եւս միախմբուեցան եկեղեցւոյ շուրջ հանդիսաւոր կերպով նշելու եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 116րդ ամեակի տօնախմբութեան օրը։
Առ այդ, օրը սկսաւ Տիկնաց միութեան կողմէ նախապատրաստական աշխատանքներով աղի օրհնութեան համար։ Առաւօտեան, շրջանիս հոգեւոր հովիւը կատարեց աղի օրհնութիւնը, որպէսզի Տիկնանց միութեան անդամուհիներ եւ կամաւորներ սկսին Մատաղի պատրաստութեան՝ որպէս նախօրեակ յաջորդ օրերուն հանդիսաւոր տօնակատարութեանց։ Տիկնանց միութեան բծախնդիր աշխատանքով ամբողջ օրը կատարուեցան Մատաղի պատրաստական աշխատանքները։ Ապա, տեղի ունեցաւ ճաշ ներկայութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդին՝ ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյս Թաղական խորհուրդի եւ Տիկնանց միութեան անդամ-անդամուհիներուն եւ կամաւոր աշխատողներուն։ Ապա, Սրբազան հայրը իր գնահատանքը յայտնեց եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց բոլորին։
Առաջնորդ Սրբազան հօր այցելութիւնը դպրոց
Շաբաթ՝ 23 Նոյեմբեր 2019ի կէսօրուան, Առաջնորդ Սրբազան հայրը ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւին, Ազգ. վարչութեան անդամներու ինչպէս նաեւ «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի անդամներու այցելեց Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ «Մալաքեան-Գասպարեան» Ծաղկոց շաբաթօրեայ դպրոցը, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնուհի Զապէլ Գալֆայեանի եւ Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջ. վարչութեան ատենադպրուհի Կիւլա Պէքթաշեանի կողմէ։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը ամէն մէկ դասարան այցելելով աշակերտ-աշակերտուհիներուն յորդորեց ու օրհնեց, ըսելով. «Ձեր Մայրենի լեզուն մաքուր ու անարատ պահեցէք, սորվեցէք հայ լեզուն ու հայոց պատմութիւնը եւ օգտագործեցէք զանոնք յատկապէս ու մասնաւորաբար օտարներուն ներկայացնելով մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը…»։ Ի պատիւ Սրբազան հօր եւ ընկերակից հիւրերուն, աշակերտութեան կողմէ եղան արտասանութիւններ։
Աւարտին, այցելուները հետաքրքրուեցան դպրոցէն ներս տարուած աշխատանքներուն եւ շնորհաւորեցին տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ Հ.Գ.Խ.ի Շրջ. Վարչութեան անդամուհիներուն, իրենց նուիրեալ ու կամաւոր աշխատանքին համար։
Կիրակմուտքի ժամերգութիւն եւ պաշտօնական ընթրիք
Շաբաթ երեկոյեան, հանդիսապետութեամբ թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, իր կողքին ունենալով հոգեւոր հովիւը եւ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակմուտքի ժամերգութիւն։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բացատրեց ուխտի հասկացողութիւնը մեր եկեղեցիէն ներս եւ ուխտագնացութիւնը նկատեց ճանապարհորդութիւն մը դէպի Աստուած, դէպի երկինք ու դէպի կատարեալը։
Նոյն գիշեր, Թեսաղոնիկէի «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս, կազմակերպութեամբ Տիկնանց միութեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք։ Սոյն ընթրիքին ներկայ էին Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան պրն. Ֆաթէյ Չարչօղլեան, Յունաստանի Հայոց թեմի Ազգ. վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, ազգ. երեսփոխաններ, Թաղական խորհուրդի, Տիկնանց միութեան, Թեսաղոնիկէի միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ աւելի քան 100 թեսաղոնիկահայեր, ինչպէս նաեւ Աթէնքէն, Գոմոթինիէն, Քսանթիէն, Գաւալայէն, Ալեքսանտրուպոլիսէն եւ Տիտիմոթիխոյէն ուխտաւորներ։
Օրուան բացումը կատարեց Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Վերգին Աւետիսեան՝ հայերէն եւ յունարէն լեզուներով՝ ողջունելով բոլորը եւ Միութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ կանխաւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ 116րդ ամեակը։ Ապա, Հայր սուրբին կողմէ ընթերցուեցաւ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի միամեայ տեղեկագիրը՝ պաստառին վրայ ունենալով նաեւ յունարէն լեզուով թարգմանուած տարբերակը։
Իր սրտի խօսքը ունեցաւ Թաղական խորհուրդի ատենապետը, որ բարի գալուստ յայտնելով եւ եկեղեցւոյ 116րդ ամեակը շնորհաւորելով, մաղթեց բոլորին առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։
Ապա հրաւիրուեցաւ Ազգ. վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան եւ իր սրտի խօսքը ունեցաւ, Ազգ. վարչութեան անունով շնորհաւորեց եւ մաղթանքներ փոխանցեց եկեղեցւոյ կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ շրջանի միութիւններուն, մաղթելով ամենայն բարիք բոլորին։ Ան նշեց, որ այսօր ո՛չ միայն Թեսաղոնիկէն ուրախ մթնոլորտի մէջ է, այլ նաեւ ամբողջ յունահայութիւնը, որովհետեւ ազգ եւ եկեղեցի միաշաղախուած՝ հաւաքուած այս սրահէն ներս մեծաշուք կերպով կը տօնախմբեն եկեղեցւոյ 116րդ ամեակը։
Իր ողջոյնի եւ սրտի խօսքը ունեցաւ նաեւ Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան՝ պրն. Ֆաթէյ Չարչօղլեան, նախ շնորհակալութիւն յայտնելով այս քաղցր ու պատիւ բերող հրաւէրին եւ շնորհաւորեց տեղւոյն պատասխանատուները եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ անուանակոչութեան կապակցութեամբ։
Ուրախ մթնոլորտը իր աւարտին հասաւ, երբ բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, իր հայրական պատգամը փոխանցելու ներկաներուն։ Նախքան պատգամը, տեղւոյս թաղականութեան կողմէ նկատի առնուած էին երկու անձնաւորութիւններու յուշանուէրներով պատուելու հանդիսաւոր պահը, որոնք Թեսաղոնիկէի ազգային եւ հոգեւոր ոլորտներէն ներս մեծ ներդրում ունեցած են՝ Անահիտ Գալէնտէրեան եւ Արմինէ Տիարեան, որոնք Առաջնորդ Սրբազան հօր ձեռամբ ստացան յուշանուէրները։ Անահիտ Գալէնտէրեան առողջական վիճակով չկրցաւ ներկայ ըլլալ սոյն ձեռնարկին, սակայն, որոշուեցաւ հոգեւոր հովիւը եւ Թաղական խորհուրդի անդամները միասնաբար յառաջիկայ օրերուն այցելեն եւ յանձնեն յուշանուէրը։
Փակման խօսքին մէջ, թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հայրը շնորհաւորեց ներկաները եկեղեցւոյ 116րդ ամեակին առիթով, անդրադարձաւ Տիկնաց միութեան անխոնջ աշխատանքին ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց շրջանի հոգեւոր հովիւը եւ Թաղական խորհուրդը, որոնք խոնարհ սրտով ու համեստութեամբ, համագործակցութեան ոգիով միասնաբար կը ծառայեն շրջանէն ներս՝ եկեղեցւոյ ու համայնքի պայծառութեան համար։ Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Այս գաղութը նախանձելի՛ գաղութ է, եւ այդ նախանձելիութիւնը պէտք է պահել ու արժեւորել՝, հա՛յ մնալու, հա՛յօրէն ապրելու ու ապրեցնելու, շարունակելու եկեղեցւոյ շուրջ համախմբումը ու առաւել եւս ծաղկեցնելու զայն»։ Ան անդրադառնալով պաշտօնական ընթրիքի կարեւորութեան, ըսաւ. «Այս ընթրիքը պարզ ընթրիք մը չէ, այլ ամէն տարի երբ կը հաւաքուինք այս սրահէն ներս, կ’ուզենք մեր ինքնութի՛ւնը հաստատել, որ կա՛նք ու կը շարունակենք մնալ եւ պիտի մնանք։ Կը յիշենք անոնք, որոնք մեզմէ բաժնուած են, անոնք որոնք մեզմէ առ յաւէտ մեկնած են, կը յիշենք անցեալի յիշատակները եւ այսօր 116 տարիներ ետք մեզմէ կը պահանջուի միասնակամ ոգի ցուցաբերել գաղութին հանդէպ, նոր ոգի ու շունչ տալ գաղութի առաւել զարգացման ու վերելքին եւ այս բոլորը կը կատարուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցութեամբ»։
Հանդիսաւոր ս. եւ անմահ պատարագ եւ մատաղօրհնէք
Կիրակի՝ 24 Նոյեմբեր 2019ի առաւօտեան, «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր եպիսկոպոսական Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագին ներկայ էին հարիւրաւոր հաւատացեալներ, որոնց մէջ կային նաեւ Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններէն եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ։ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան։
Ս. Խորանէն երգեցողութիւնը կատարեց Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հոգեւոր հովիւի օգնական Արտաւազդ վրդ. Շարոյեան, որ իր քաղցր ու անոյշ ձայնով հմայեց ներկաները։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին, ինչպէս նաեւ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին եկեղեցւոյս սպասաւորներ՝ դպիրները եւ սարկաւագները։ Թեսաոնիկահայ սիրուած երգչուհի՝ սոփրանօ Սիրանոյշ Չալըքեան իր գեղգեղուն եւ հմայիչ ձայնով մասնակցութիւն բերաւ Ս. Պատարագի երգեցողութեան։
Իր քարոզին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը խօսելով համայնքիս եկեղեցւոյ տօնի կարեւորութեան մասին, ըսաւ. «Պէտք չէ՛ մոռնալ որ այս եկեղեցին կառուցուած է Հայկական ցեղասպանութենէն առաջ, եւ մեր հայրերն ու մայրերը Տէր-Զօրի տօթակէզ անապատէն ինչ-ինչ տառապանքներով կարողացան իրենց հաւատքը պահել հանդէպ Հայ եկեղեցւոյ, Հայ լեզուին, Հայ ոգիին, Հայ մշակոյթին… եւ այսօր՝ 116 տարիներէ ի վեր Հայ եկեղեցին իր բոլոր կառոյցներով կը շարունակէ աննկուն կամքով ու վճռակամութեամբ ի սպաս դնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն բոլոր կարիքները։ Այս եկեղեցին հիմնուեցաւ յոյն եւ հայ համատեղ համակեցութեան, իրար հետ սերտօրէն ապրելու. այս գմբէթը որ բարձրացաւ առ Աստուած, մեր ժողովուրդի զաւակներուն ձեռամբ որպէս արժանաւոր որդիներ՝ հա՛յ մնալու եւ մեր հայկականութիւնը բարձր պահելու ամրակուռ գիտակցութեամբ»։
Սրբազան Հայրը տեղեկացուց, որ «այս եկեղեցին պատահական կերպով չէ՛ որ անուանուեցաւ «Ս. Աստուածածին», այլ՝ անուանուեցաւ «Ս. Աստուածածին», մեր բոլոր սուրբերուն որպէս Թագուհին արժանանալով. որ առաջին անձնաւորութի՛ւնը եղաւ, որ ո՛չ միայն Աստուծոյ հրեշտակին ձայնը լսեց, այլ մանաւանդ հաւատաց Անոր ձայնին, որ իրմէ ծնածը աշխարհի Փրկիչը, Օծեալը պիտի ըլլար…»։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան, Տիկնանց մարմնի անդամ-անդամուհիներու, բարերարներու եւ սպասաւորներու ննջեցեալ հոգիներուն համար։
Յայտնենք, որ Կիրակի օրը, «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը եկեղեցւոյ շրջաբակէն ներս ցուցադրեց եւ վաճառքի դրաւ 2020 տարուան իր նոր յուշատետր-օրացոյցը։
Այս բոլորէն ետք, «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդը, միութիւններու մասնակցութեամբ, կազմակերպած էր հաւաքական ճաշ քաղաքի ճաշարանի մը մէջ, ուր աւելի քան 60 հայրենակիցներ մասնակցեցան եւ ուրախ մթնոլորտ անցուցին։ Այստեղ եւս, արտասանուեցան ողջոյնի խօսքեր, բաժակաճառեր եւ աւարտին, լսուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան հօր հայրական պատգամը, որ բոլորին առաւել եւ ոյժ ներշնչեց շարունակելու համար իրենց երթը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան ու յատկապէս պայծառացման ի խնդիր։
Արիւնատուութիւն
Նշենք, որ Կիրակի առաւօտեան ժամը 9։30էն մինչեւ 13։30, «Հայաստան» սրահէն ներս, Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» Մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ արիւնատուութիւն մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ։ Գնահատելի երեւոյթ էր մեծ մասնակցութիւնը մեր երիտասարդ սերունդին։ Բոլորին վարձքը կատար։ Թող Աստուած բոլորին ուժը աւելցնէ եւ պարգեւէ առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։
ԹՂԹԱԿԻՑ