Ուրբաթ, 18 Նոյեմբեր 2022-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տօնակատարութեան եւ Մատաղօրհնէքի առիթով, տարիներու սովորութեան համաձայն Եկեղեցասէր Տիկնանց մարմնի անդամուհիները սիրոյ սեղան պատրաստեցին, ուր Յունաստանի Թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան, Թաղային խորհուրդի¸ Տիկնանցի եւ դպրաց դասի անդամներուն հետ ճաշկերոյթ ունեցաւ: Ճաշկերոյթի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Տիկնանց մարմնի անդամուհիներուն ու զանոնք բարձրօրէն գնահատեց իրենց նուիրումին եւ կատարած ծառայութեան համար:
Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան հայրը այցելեց «Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոց, ընկերակցութեամբ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ հոգշ. Տ. Եղիա աբղ. Մալխասեանի եւ Թաղական խորհուրդի անդամ Մարգրիտ Գոստիկեանի, դասարաններէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ աշակերտներուն հետ: Այս հարազատ հանդիպումի ընթացքին Սրբազան հայրը զրուցելով աշակերտներուն հետ անոնց փոխանցեց իր հայրական խրատները: Աշակերտները իրենց կարգին, Առաջնորդ Սրբազան հօր ներկայացուցին իրենց պատրաստած երգերն ու արտասանութիւնները։ Սրբազան հայրը աշակերտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ իբրեւ հայորդիներ անհրաժեշտ է, որ իրարու հետ հայերէն խօսին, ըլլայ տուներէն ներս եւ կամ դպրոցը: Ապա Առաջնորդ Սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ դպրոցի տնորէնուհիին եւ ուսուցչաց կազմին հետ, որոնց իր բարձր գնահատանքը յայտնեց իրենց նուիրումին, տքնաջան աշխատանքին եւ զոհողութեան համար: Ներկայ էր նաեւ Հ. Գթ. Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Կիւլա Գասապեան։
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 19:00-ին Մատաղօրհնէքի առիթով եւ բարեպաշտ աւանդութեան համաձայն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան հօր կատարուեցաւ Կիրակամտից Ժամերգութիւն:
Ժամերգութենէն ետք եկեղեցւոյս Թաղային խորհուրդի անդամներու կազմակերպութեամբ «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք: Ընթրիքը սկիզբ առաւ Առաջնորդ Սրբազան հօր կատարած աղօթքով: Ապա բացման խօսքը ընթերցեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան հօր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը: Բացման խօսքէն ետք իր խօսքը արտասանեց նաեւ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթին Աբրահամեան եւ Թաղային խորհուրդի անդամներուն կողմէ բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան հօր: Ապա հայր Եղիա ընթերցեց Թաղային խորհուրդի տեղեկագիրը, ուր ներառուած էին այն բոլոր գործունէութիւնները, որոնք կատարուած են անցնող երկու տարիներու ընթացքին: Ի վերջոյ, ճաշկերոյթի երեկոն եզրաբակեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր հայրական յորդորներով¸ շեշտելով աւանդութեան կարեւորութիւնը եւ զայն փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն եւ իր գնահատանքը յայտնեց եկեղեցւոյս մարմնի բոլոր անդամներուն իրենց կատարած աշխատանքներուն համար:
Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2022-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 119-ամեակի առիթով տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական Ս. եւ Անմահ պատարագ եւ Մատաղօրհնէք:
Ս. եւ Անմահ Պատարագին նաեւ ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Հ. Գթ. Խաչի ատենապետուհի ընկ. Կիւլա Գասապեան եւ անդամներ, Աթէնքէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ. Գէորգ Պօղոսեան, Սերէսի հայ համայնքէն երեսուն հաւատացեալներ՝ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Յարութիւնեանի ընկերակցութեամբ, Քսանթիի Թաղային խորհուրդի ատենապետ Թագւոր Գարաօղլանեան, Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ նախարար Սթաւրոս Գալաֆաթիս, Յունաստանի խորհրդարանի երեսփոխան Քոնսթանտինոս Կիւլեքաս, Յունաստան հիւրաբար գտնուող Հայաստանի Մանկավարժական համալսարանի փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեան եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով Պէյրութէն ժամանած հաւատացեալներ: Իւրայատուկ ներկայութիւն մըն էին Աթէնքէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ. սկաուտական մասնաճիւղերու երէցներու ու անոնց խմբապետներու փաղանգը, որոնք իրենց տպաւորիչ տարազներով պատուոյ դիրք գրաւած էին եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան տօնակատարութեան յատուկ փայլք տուաւ Քալամարիայի քաղաքապետարանի երգչախումբը, որ Ս. եւ Անմահ Պատարագէն որոշ բաժիններ երգեց խմբավար Եաննիս Քուքասի ղեկավարութեամբ:
Պատարագեց, յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ Մատաղօրհնէքը կատարեց Յունաստանի Հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան: Օրուան խորհուրդին ակնարկելով, Սրբազան հայրը անդրադարձաւ Ս. Աստուածածնի առաքինութիւններէն Աստուծոյ կամքին կատարեալ հնազանդութեան, ինչպէս որ կ’երեւի աւետարանական Աւետումի դրուագէն։ «Հնազանդութիւնը կարգապահութեան, պարտաճանաչութեան եւ պարտն ու պատշաճի գիտակցութեան ցուցանիշ է։ Եւայի անհնազանդութեամբ մարդն ու արարծները օտարացան, հեռացան Արարիչ Աստուծմէ, իսկ Մարիամի կատարեալ հնազանդութեամբ մարդ եւ Աստուած հանդիպեցան ու մտերմութեան ու հարազատութեան գործընթացին մէջ մտան», ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ կից Անտոնիու Քամարա պողոտային վրայ կատարուեցաւ նոր «Արցախ» սրահի բացումը: Թաղային խորհուրդին կողմէ գնուած եւ նորոգուած այս սրահը պիտի ըլլայ երիտասարդներու եւ գաղութի միութիւններու տրամադրութեան տակ, որպէսզի իրենց հաւաքներն ու ժողովները այդտեղ կատարեն: Բացումէն ետք Առաջնորդ Սրբազան հայրը կատարեց նոր սրահի օրհնութիւնը: Ապա երիտասարդականի անդամուհիներէն երկու հոգի իրենց շնորհակալական խօսքը ուղղեցին Թաղային խորհուրդին:
Աւարտին¸ Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը եւ բարձր գնահատանքը յայտնեց Թաղային խորհուրդին¸ որ հետեւողական ջանքերով իրագործեցին եւ Թեսաղոնիկէի համայնքին նոր սրահի մը կարելիութիւնը ընձեռեցին¸ որ առաւել զարկ եւ նոր կարելիութիւններ պիտի տայ մեր համայնքին կենսունակութեան։ Սրբազան Հայրը նշեց նաեւ, որ այս նոր իրագործումը ապացոյց մըն է¸ որ Թեսաղոնիկէի Թաղային խորհուրդը պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ոչ միայն պահած է նախորդներուն վաստակն ու ջանքերը¸ այլեւ նորերը կ’աւելցնէ։
ԹՂԹԱԿԻՑ