­­Ե­րեք­շաբ­թի՝ 16 ­­Յու­նո­ւար 2018ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 12։30ին, շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւի գրա­սե­նեա­կէն ներս, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­­Մա­լա­քեան-­­Գաս­պա­րեան ­­Ծաղ­կոց» շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­­Զա­պէլ ­­Գալ­ֆա­յեան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­­Փա­շա­յեա­նին։
­­Տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին, տնօ­րէ­նու­հին ­­Հայր ­­Սուր­բին տե­ղե­կա­ցուց եւ ա­ռա­ջար­կեց, որ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ օ­րո­ւը­նէ սկսեալ, ­­Հայր ­­Սուր­բը ա­մէն ­­Շա­բաթ օ­րե­րը, կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 12։00-1։00, դպրո­ցի ա­շա­կերտ-ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րուն հո­գե­ւոր, ազ­գա­յին եւ այլ տե­սա­կի ժո­ղովր­դա­կան եր­գեր սոր­վեց­նե­լով՝ դպրո­ցին ա­ռա­ւել աշ­խու­ժու­թիւն պար­գե­ւէ։
Իր կար­գին, ­­Հայր ­­Սուր­բը ըն­դու­նեց կա­րե­ւոր ա­ռա­ջար­կը եւ բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց դպրո­ցի տա­րած ան­խոնջ աշ­խա­տան­քը, ի նպաստ՝ հա­յա­պահ­պան­ման եւ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան ու մաղ­թեց յա­րա­տեւ վե­րելք ու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով լե­ցուն տա­րեշր­ջան մը։