Շաբաթ՝ 11 Յունուար 2020ի կէսօրուան ժամը 12։00ին, Հ.Գ.Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» Շաբաթօրեայ դպրոցի մեծ ընտանիքը՝ տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը իրենց Նոր Տարուան առաջին շաբաթը, ուսուցչարանէն ներս կտրեցին իրենց գաթան՝ զիրար բարեմաղթանքներ ու շնորհաւորութիւններ կատարելով։ Գաթայի մէջ գտնուող մետաղադրամը յայտնուեցաւ դպրոցի ուսուցիչներէն՝ տիկ. Ռուզաննա Զաքարեան-Ալեքսանեանի մօտ, իսկ աշակերտներուն պարագային 3 հոգիներ՝ Էլենա Խորվարդ (Ե. դասարան), Մարիա Պաղտասարեան (Դ. դասարան), Արմէն Աւերթիտիս (Ա. դասարան) եւ անոնք դպրոցի տնօրէնուհիին կողմէ ստացան գեղեցիկ նուէրներ։ Յայտնենք նաեւ, որ սոյն ուրախ առիթին ներկայ էին նաեւ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւն ու Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութեան անդամուհիներ։ Դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ կը շնորհաւորենք տիկ. Ռուզաննա Զաքարեան-Ալեքսանեանը, Էլենա Խորվարդը, Մարիա Պաղտասարեանն ու Արմէն Աւերթիտիսը, մաղթելով անոնց երջանիկ եւ ուրախ օրեր, առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։
Թեսաղոնիկէի Շաբաթօրեայ դպրոցի ընտանիքը իր գաթան կտրեց
Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» Շաբաթօրեայ դպրոցի մեծ ընտանիքը իր Նոր Տարուան գաթան կտրեց