Աթէնքի «Նիարխոս» հաստատութեան մէջ անցեալ շաբաթավերջին կայացած միջազգային խորհրդաժողովին որպէս շարունակութիւն, Երեքշաբթի՝ 10 Դեկտեմբեր 2019ին, Թեսաղոնիկէի քաղաքապետարանի դահլիճին մէջ, ձեռնարկ տեղի ունեցաւ Յունաստանի Համապոնտական կազմակերպութեանց եւ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետութեան համագործակցութեամբ։
Յատուկ հրաւէրով ներկայ եղաւ եւ հաւաքը ողջունեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը։
Ցեղասպանութեանց ոճրագործութեան դէմ միջազգային պայքարին միանալու եւ այդպիսի ոճիրներու առաջքը առնելու պահանջը շեշտուեցաւ՝ ձեռնարկին ներկայ գտնուած յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններէն, որոնք ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին։
Ներկայ եղան Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Կարօ Նատեան, Թեսաղոնիկէի թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթին Աբրահամեան, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի կողմէ ընկ. Յովիկ Գասապեան, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան անդամները։
Յունաստանի ներքին հարցերու նախարարութեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ փոխ նախարար Թէոտորոս Քարաօղլու, դիտել տուաւ, թէ «Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը մարդկութեան մութ էջերուն մէջ իր տխուր տեղը գրաւած է, հրեաներու Հոլոքոսթի ահաւոր ոճիրէն առաջ, մեր ազգի Հոլոքոսթը հանդիսանալով»։
Թեսաղոնիկէի քաղաքապետ Գոնսթանտինոս Զերվաս անդրադարձաւ միջազգային պայքարին մէջ Թեսաղոնիկէի քաղաքի գործօն մասնակցութիւնը ապահովելու հեռանկարներուն, որու ծիրէն ներս նախատեսուած է հրէական Հոլոքոսթին նուիրուած թանգարանի մը ստեղծումը։
Յատուկ հրաւէրով եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկ. Յովիկ Գասապեան, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման գծով անընդհատօրէն շարունակուող պահանջատիրական պայքարին անդրադարձաւ։
Խօսքերով հանդէս եկան Կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզպետութեան ներկայացուցիչը, Յունաստանի Համապոնտական միութիւններու նախագահ Եորղոս Վարիթիմիատիս, Թեսաղոնիկէի իսրայէլական համայնքի ներկայացուցիչը, իսկ օրուայ խօսքը ուղղեց Իսրայէլի Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Իսրայէլ Չառնի։ Ան խօսեցաւ միջազգային մաշտապի վրայ ցեղասպանութեանց կանխարգիլման դէմ պայքարը մղելու անհրաժեշտութեան մասին, շեշտելով թէ կեանքը յարգելու ուղղուած գաղափարը պէտք է արմատներ նետէ աշխարհի հանրային կարծիքին եւ պետութիւններուն մօտ՝ «Respect, Protect Life» նշանաբանով։ «Եթէ այդ մէկը յաջողուի, միլիոնաւոր մարդիկ աշխարհի վրայ փրկուած պիտի ըլլան» ըսաւ Իսրայէլ Չառնի, աւելցնելով թէ յոյներ ու հայեր կրնան առաջնորդել նման կարեւոր նախաձեռնութիւն մը։
Զրոյցը վարեց Ամերիկայի Միզուրի նահանգի համալսարանի դասախօս, փրոֆ. Նիքոս Միխայիլիտիս։