Ք­սան­թիի ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ դի­մե­լու տեղ­ւոյն քա­ղա­քա­պե­տու­թեան, որ­պէս­զի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը ե­լոյթ մը ու­նե­նայ քա­ղա­քի շարք մը ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս բա­րե­կեն­դա­նի առ­թիւ՝ ա­ռա­ջարկ մը մը, որ սի­րով ըն­դու­նո­ւե­ցաւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն եւ ­Շա­բաթ՝ 15 ­Փետ­րո­ւա­րի ե­րե­կո­յեան վա­յե­լե­ցինք «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բի հա­մեր­գը, ինչ­պէս նաեւ 400է ա­ւե­լի յոյն ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք խան­դա­վա­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան ձեռ­նար­կին եւ ո­րոնց գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նի էր ա­նոր ա­ւար­տին:
«­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց 10 պա­րեր սքան­չե­լի պա­րագ­րու­թիւն­նե­րով՝ ­Ռա­ֆա­յէլ ­Վար­դա­զա­րեա­նի պա­րու­սու­ցու­թեամբ: ­Ներ­կայ էին քա­ղա­քի փոխ քա­ղա­քա­պե­տը, քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ան­դամ­ներ, շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Ար­տա­ւազդ վրդ. ­Շա­րո­յեան, կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ:
­Հա­մեր­գի բա­ցու­մը կա­տա­րեց պա­րա­խում­բի ան­դամ ­Վա­հէ Ե­րի­ջեան եւ ներ­կա­յա­ցուց մէկ առ մէկ պա­րե­րը, բա­ցատ­րե­լով իւ­րա­քան­չիւ­րին պատ­մու­թիւ­նը: ­Նաեւ ան զա­նա­զան տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի նաեւ պատ­մա­կան մա­սե­րուն շուրջ։
­Պա­րե­րուն մի­ջեւ, իր ա­նուշ ձայ­նով մե­ներ­գեց ե­րի­տա­սարդ ­Մա­րիա Ս­փի­րի­տո­նի­տու, կի­թա­ռի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ ­Ռա­ֆա­յէլ ­Վար­դա­զա­րեա­նի, Ան ներ­կա­յա­ցուցւ ծա­նօթ եր­գեր, ինչ­պէս՝ «­Կի­լի­կիա», «­Պին­կէօլ», «Փ­րոս­ֆի­ղա­քի», «Կ­րունկ» եւ «­Տուն իմ հայ­րե­նի»: ­Փակ­ման խօս­քը կա­տա­րեց ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Թագ­ւոր ­Գա­րաօղ­լա­նեան, շնոր­հա­ւո­րե­լով բո­լո­րը այս գե­ղե­ցիկ ե­րե­կո­յին հա­մար:
Ե­լոյ­թէն ետք, ի պա­տիւ պա­րա­խում­բին ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը, ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի ան­դա­մու­հի­նե­րու օգ­նու­թեամբ, կազ­մա­կեր­պեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն ազ­գա­պատ­կան սրա­հէն ներս, ուր ժո­ղո­վուր­դը եւ պա­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րը հա­ճե­լի ժա­մեր վա­յե­լե­ցին եր­գե­րով ու պա­րե­րով:

Զ. Ա.