«Համազգային»ի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբը արդէն իսկ վերակազմուած ու վերականգնած վիճակի մէջ կը գտնուի։ Պարախումբին մէջ կը պարեն երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ։ Պարախումբին նպատակը մի՛շտ եղած է ու կը շարունակէ մնալ՝ հայ մշակոյթը, հայ արուեստը, հայ պարը հրամցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ միշտ եկեղեցւոյ հովանիին տակ գտնուելով ու մանաւանդ առանց որեւէ ակնկալիքի։ «Մասիս» Պարախումբը այսօր ունի 20 անդամ-անդամուհիներ, որոնք ամէն Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը, երեկոյեան ժամը 8։30էն 10։30, եկեղեցւոյ կից գտնուող «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս պարի փորձեր կը կատարեն ու, ամենակարեւորը, լաւ, առողջ եւ ուրախ մթնոլորտ կ’անցընեն իրար հետ։
Յայտնենք, որ «Մասիս»ի պարի ուսուցիչներն են՝ Ռաֆայէլ Վարդազարեան, Յարութ Յովհաննիսեան եւ Սարգիս Քիւրտեան. իսկ երաժշտական պատասխանատու՝ Հրայր Գանապետեան։ Անոնք միասին, գործակցաբար եւ իւրաքանչիւրը իր հմտութեամբ, կը փորձեն իրենց կարելին տալ մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն։ Նշենք, որ պարախումբը արդէն զանազան շրջաններէ հրաւէր ստացած է՝ անոնց մօտ եւս իր մասնակցութիւնը բերելու։
Հետեւաբար անոնք, որոնք կ’ուզեն եւ պատրաստ են մաս կազմելու «Համազգային»ի պարախումբին, կրնան անմիջապէս կապ հաստատել Ռաֆայէլ Վարդազարեանի (697-068-9211) կամ գաղութիս հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի (698-341-5025) հետ եւ անդամագրուելու, որպէսզի մեր երիտասարդ ուժերով շարունակենք մեր ժողովուրդին հրամցնել հայ մշակոյթը, հայ արուեստը եւ հայ պարը։
Թղթակից