Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութեան Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոցը, Շաբաթ` 17 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, իր 2020-21 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի դռները անգամ մը եւս բացաւ, ներկայութեամբ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեանի, դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութեան անդամուհիներուն։ Նկատի առնելով Յունաստանի տարածքին ու յատկապէս եւ մասնաւորաբար Թեսաղոնիկէի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումն ու պետական մարմիններու որոշած սահմանափակումները, եկեղեցւոյ մէջ չկատարուեցաւ բացման արարողութիւնը, որպէսզի աշակերտներ քով-քովի չկանգնին։ Առ այդ, դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ դասարանները դասաւորելէ ետք, հոգշ. հայր սուրբը, ընկերակցութեամբ դպրոցի տնօրէնուհի՝ ընկ. Զապէլ Գալֆայեանի, իւրաքանչիւր դասարան այցելեց, բարի մաղթանքներ կատարեց եւ աշակերտներուն հետ արտասանեց Տէրունական աղօթքը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր աշակերտի յանձնեց աղօթքով լեցուն գունազարդ թղթիկներ։ Իր կարգին, տնօրէնուհին իր խօսքը ունեցաւ դպրոցի բացման առթիւ եւ յաջողութիւն ու բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին։
Աւարտին, հայր սուրբը հանդիպեցաւ նաեւ դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու Շրջանային վարչութեան անդամուհիներուն հետ եւ փոխանցեց Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հայրական բարեմաղթութիւններն ու թելադրութիւնները, դպրոցի բացման առթիւ՝ հայ դպրոցի կարեւորութեան ու անոր պահպանման մասին, յորդորելով բոլորին հայ լեզուն անաղարտ պահելու, մշտական կերպով օգտագործելու, իրենց հայու ինքնութիւնը բարձր պահելու, յատկապէս իրենց օճախներէն ու մասնաւորաբար ա՛յս դպրոցէն ներս։ Ան բարձրօրէն գնահատեց ա՛յն ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կ’ուղարկե՛ն նաեւ հայ դպրոց՝ հայ ընտանիքի ջահը միշտ վառ պահելու վճռակամութեամբ։
Ի վերջոյ, հայր սուրբը դպրոցի մեծ ընտանիքին՝ յանուն Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ բարի վերամուտ եւ յաջողութիւններով լի տարեշրջան մը մաղթեց եւ իր օրհնութիւնը բաշխեց բոլորին։
ԹՂԹԱԿԻՑ