Տ­նօ­րի­նու­թեամբ ­­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ արք. ­­Խա­չե­րեա­նի եւ ըն­դա­ռա­ջե­լով ­­Սէր­րէ­սի ­­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի փա­փա­քին, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­­Փա­շա­յեան, սկսած է հեր­թա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ կա­տա­րել ­­Սէր­րէ­սի մօ­տա­կայ շրջա­նի հայ հա­մայն­քին մօտ եւ յանձն ա­ռած է հա­մայն­քի հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին կա­րիք­նե­րուն հա­մար զբա­ղե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։
Այս­պէս, 19 ­­Հոկ­տեմ­բեր 2019ի ե­րե­կո­յեան, հայր սուր­բը հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ­­Սէր­րէ­սի հա­մայն­քի ժո­ղո­վուր­դին հետ եւ հո­գե­ւոր աշ­խա­տանք­նե­րու ծրա­գիր­նե­րը ներ­կա­յա­ցուց։ Ան, ա­ռա­ջին հեր­թին, իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց շրջա­նի ­­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դին գե­ղե­ցիկ մտայ­ղ­ցու­մին հա­մար, ա­պա ծա­նօ­թա­ցաւ բո­լոր ներ­կա­նե­րուն հետ, փա­փաք յայտ­նեց յա­ջոր­դա­կան այ­ցե­լու­թեամբ իւ­րա­քան­չիւ­րին տու­նը այ­ցե­լել եւ օրհ­նել, խոր­հուրդ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ (մկրտու­թիւն, պսակ, թա­ղում, ե­ւայլն) մատ­նան­շեց հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը եւ սրբու­թիւն­նե­րը հե­տե­ւե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ընդգ­ծեց դպրաց դաս յա­ռա­ջաց­նե­լու ծրա­գի­րը, որ­պէս­զի Ս. պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը միա­նո­ւագ եւ միա­շունչ կեր­պով կա­տա­րո­ւի, ինչ­պէս նաեւ խնդրեց ­­Սէր­րէ­սի հա­յու­թեան մար­դա­հա­մա­րը ու­նե­նալ։ Ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մին, հայր սուր­բի ղե­կա­վա­րու­թեամբ կա­տա­րո­ւե­ցաւ տէ­րու­նա­կան «­­Հայր ­­Մեր»ի Եկ­մա­լեան տար­բե­րա­կը սոր­վե­լու փոր­ձը։ Ա­ւար­տին, ան գօ­տեպն­դեց ու ո­գեշն­չեց բո­լո­րին, միաս­նա­բար աշ­խա­տե­լու եւ բարձր յանձ­նա­ռու­թեամբ շրջա­նը ծաղ­կեց­նե­լու հա­մար։
­­Սէր­րէ­սի ­­Թա­ղա­կան ­­Խոր­հուրդն ու ներ­կա­նե­րը բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ ի­րենց խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր եւ հայր սուր­բին՝ հա­մայն­քի հո­գե­ւոր կեան­քը կազ­մա­կեր­պե­լու եւ ճիշդ հու­նի մէջ դնե­լու կա­րե­ւոր գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։
­­Տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ ո­րո­շո­ւե­ցաւ, որ յա­ջորդ հան­դի­պու­մը նկա­տի ու­նե­նալ ­­Շա­բաթ՝ 30 ­­Նո­յեմ­բե­րին հա­մար։

Թղթակից