Թեսաղոնիկէի հանրային փոխադրական հաստատութեան տնօրէն փրոֆ. Եորղոս Քոնտրասի հրաւէրով, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ Պետրոս Հալաճեան եւ Սարգիս Տակազեան տեսակցութիւն մը ունեցան տնօրէնին հետ, հաստատութեան գրասենեակներէն ներս, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ ատրպէյճանական շրջանակներուն կողմէ հակահայ գովազդի հարցը։ Հաստատութեան կողմէ նշուեցան թեսաղոնիկահայ համայնքին եւ հայրենակիցներուն հետ բարեկամական կապերը, ինչպէս նաեւ առնուած անմիջական քայլերը՝ չեղարկելու համար հայութեան դէմ ուղղուած քարոզչական սադրանքը։
Հայ դատի յանձնախումի անդամները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին կատարուած քայլերուն մասին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Թեսաղոնիկէի հանրակառքերու տնօրէնը ընդունեց Հայ դատի յանձնախումբի անդամները