­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, 17-19 ­Մա­յիս 2019ին, ե­րեք օ­րե­րու վրայ տա­րա­ծու­թեամբ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան բազ­մա­լե­զո­ւեան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու հան­դի­սու­թիւն­ներ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ գտնո­ւող տար­բեր հա­մայնք­նե­րու կող­մէ։ Այս ծի­րէն ներս, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քը եւս ան­մասն չմնաց այս­պի­սի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու եւս իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րել։ Առ այդ, «­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւղն ու Հ.Յ.Դ. ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան խում­բը միաս­նա­բար ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ու մա­նա­ւանդ մաս­նակ­ցու­թեամբ, ա­ռա­ւել ճո­խա­ցու­ցին ե­րեք օ­րե­րու վրայ տա­րո­ւած հան­դի­սու­թիւն­նե­րը։ ­Հա­մազ­գա­յին»ի մաս­նա­ճիւ­ղի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան-ա­ւան­դա­կան պա­րեր, իսկ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի խում­բը մաս­նակ­ցե­ցաւ տա­ղա­ւա­րի տակ ներ­կա­յաց­նե­լով նկար­ներ, յու­շա­նո­ւէր­ներ եւ գիր­քեր՝ օ­տար­նե­րուն  ցոյց տա­լով հայ ա­րո­ւեստն ու պա­րը, հայ գրա­կա­նու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը։