­Կի­րա­կի, 18 ­Սեպ­տեմ­բեր 2022-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։00-էն սկսեալ, կազ­մա­կեր­պութեամբ Հ.Յ.Դ. ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­յու­թիւ­նը «Ս­պի­տակ Աշ­տա­րակ»ին մօտ, հա­րիւ­րա­ւոր հա­յոր­դի­նե­րով, իր բո­ղո­քի ցա­սու­մը ար­տա­յայ­տեց ­Հա­յաս­տա­նի վրայ սար­ձա­զեր­ծո­ւած ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն դէմ։
Ա­նոնք դա­տա­պար­տե­ցին կա­տա­րո­ւա­ծը եւ կոչ ուղ­ղե­ցին հա­մայն աշ­խար­հին ճշմար­տու­թեան կո­չը բարձ­րա­ձայ­նել ա­մե­նու­րեք, ինչ­պէս նաեւ ի­րենց ձեռ­քե­րուն վրայ բարձ­րա­ցու­ցած Ե­ռա­գոյն դրօ­շով զօ­րա­վիգ կը հան­դի­սա­նա­յին հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար զո­հո­ւած իւ­րա­քան­չիւր զի­նո­ւո­րի։
Ե­լոյ­թի ներ­կայ էին նաեւ օ­տար անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ինչ­պէս՝ ­Կիպ­րա­ցի Ու­սա­նող­նե­րու միու­թեան քար­տու­ղար՝ Եո­թա Խ­րիս­թո­տու­լու, ­Յու­նական Լուծում կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րէն՝ ­Գոմ­նի­նոս Եոր­ղոս եւ այլ քա­ղա­քա­կան դէմ­քեր, ո­րոնք ե­լոյթ ու­նե­ցան այս կա­պակ­ցու­թեամբ եւ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին ­Հայ ժո­ղո­վուր­դին։ ­Հայ­կա­կան կող­մէ ներ­կայ էին շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Ս­տե­փա­նոս Ծ. Վրդ. ­Փա­շա­յեան, ­Հայ դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի, ազգ. կա­ռոյց­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ ­միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ե­րի­տա­սարդ­ներ եւ պա­տա­նի­ներ։
Հ.Յ.Դ. ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կող­մէ բա­ցու­մը կա­տա­րեց Ա­լեք­սիա ­Ռա­ֆա­յե­լի­տու։ ­Խօսք ա­ռաւ նաեւ վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի՝ ընկ. Ան­նա-­Մա­րիա Ա­լեք­սա­նեան, ման­րա­մաս­նե­լով կա­տա­րո­ւած բո­լոր ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն ներս, ինչ­պէս նաեւ ­Մար­գա­րի­տա Մ­նա­ցա­կա­նեան։
Ա­ւար­տին, բո­ղո­քի ներ­կա­նե­րը մեկ­նե­ցան ­Չի­միշ­քի փո­ղո­ցին վրայ գտնո­ւող խաչ­քա­րին մօտ, ուր գերպ. հայր սուր­բին կող­մէ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ղօթք, ինչ­պէս նաեւ ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում եւ մո­մա­վա­ռու­թիւն։ ­Բո­ղո­քը վերջ գտաւ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան քայ­լերգ­նե­րով։

ԹՂԹԱԿԻՑ