Թեսաղոնիկէի Նոր Քնար երգչախումբը 1929ին Գէորգ Կառվարենցի ղեկավարութեամբ

Թե­սա­ղո­նի­կեան հայ գա­ղու­թը 40-45 տա­րո­ւան կեանք մը ու­նի։ 1881ին, երբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէ կը հաս­նի Պ.Մ. ­Մի­նա­սեան, հոս կը գտնէ մօտ 15-20 հայ ըն­տա­նիք­ներ, մէկ մա­սը՝ տե­ղա­ցի­ներ եւ միւս մասն ալ ­Թուր­քիոյ պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­ներ՝ ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րով։ Այս ըն­տա­նիք­նե­րը յի­շեալ թո­ւա­կա­նէն հա­զիւ 4-5 տա­րի ա­ռաջ հաս­տա­տո­ւեր են հոս։ Այդ տե­ղա­ցի քա­նի մը ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնք մին­չեւ այ­սօր կան, հե­տե­ւեալ­ներն են.- Գ. ­Փա­չա­լեան՝ հան­քա­տէր, ­Մար­գա­րեան՝ ոս­կե­րիչ, ­Խա­չե­րեան՝ ոս­կե­րիչ, Ամ­պար­ճեան՝ երկ­րա­չափ, ­Փիւս­կիւ­լեան՝ պան­րա­գործ։ Ա­ւե­լի վեր­ջե­րը, մին­չեւ 1914, այդ թի­ւը բարձ­րա­ցած է 80ի։ Ա­սոնց մէջ կար ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու ստո­ւար թիւ մը։ ­Հետզ­հե­տէ հոս կը հաս­տա­տո­ւին ­Սիվ­րի-­Հի­սա­րեան ա­ռեւտ­րա­կան տան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ Պ.Գ. ­Պո­յա­ճեան, ­Յո­վա­կի­մեան տան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ Պ.Կ. ­Շամ­տան­ճեան, Չ­պուք­ճեան-­Բար­սե­ղեան տան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, յե­տոյ ­Կա­րա­պետ Էֆ. ­Ղա­զա­րեան եւ ու­րիշ­ներ։ ­Մօ­տա­ւո­րա­պէս 40-42 տա­րի ա­ռաջ գա­ղու­թը կ­’ու­նե­նայ փոք­րիկ մա­տուռ մը, նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ Պ.Պ.Մ. ­Մի­նա­սեա­նի, ­Վա­սի­պի, Խ. ­Տէր-­Յով­հան­նէ­սեա­նի, Տ. ­Պօ­ղոս ա­նուն քա­հա­նա­յի մը քա­հա­նա­յա­գոր­ծու­թեամբ։ 1903ին է, որ գա­ղու­թը, հետզ­հե­տէ բազ­մա­ցած ըլ­լա­լով՝ կը կա­ռու­ցա­նէ իր ե­կե­ղե­ցին, ո­րուն հա­մար ի­րենց օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը բե­րած են Դ. ­Փա­շա­լեան, ­Ման­թա­շո­ֆի տան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Սիվ­րի-­Հի­սա­րեան տան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պ. Գ. ­Պո­յա­ճեան, ­Յո­վա­կի­մեան տան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ Պ.Կ. ­Շամ­տան­ճեան, ­Թագ­ւոր ­Փիւս­կիւ­լեան, Կ. ­Ղա­զա­րեան, Ե. ­Խո­րա­սան­ճեան եւ ու­րիշ­ներ։

­Մօ­տա­ւո­րա­պէս 17-18 տա­րի ա­ռաջ գա­ղու­թը կ­’ու­նե­նայ իր «ծաղ­կո­ցը»՝ օր. ­Տէ­փա­նեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ 20-30 ա­շա­կերտ­նե­րով։ Այս ծաղ­կո­ցը կը տե­ւէ մին­չեւ ընդ­հա­նուր պա­տե­րազ­մին սկիզ­բը, երբ վերջ­նա­կան կեր­պով կը փա­կո­ւի ան։ Օր. ­Տէ­փա­նեան եր­կար ա­տեն պաշ­տօ­նա­վա­րած եւ բա­ւա­կան շունչ սպա­ռած է։

Ե­կե­ղե­ցիին մէջ պաշ­տօ­նա­վա­րած են շարք մը քա­հա­նա­ներ, ո­րոնց մէ­կուն կ­’ար­ժէ մաս­նա­ւոր կեր­պով յի­շա­տա­կել՝ ­Կա­րա­պետ ­Քա­հա­նայ ­Թուխ­մա­նեան, իբ­րեւ կա­րող ե­կե­ղե­ցա­կա­նի մը։

­Տեղ­ւոյս հին գա­ղու­թին ազ­գա­յին գոր­ծե­րը՝ հի­նէն ի վեր, փոխն ի փոխ վա­րեր են հե­տե­ւեալ ազ­գա­յին­նե­րը.- Պ.Պ.Դ. ­Փա­շա­լեան, Մ. ­Մի­նա­սեան, Յ. ­Մար­գա­րեան, Յ. ­Խա­չե­րեան, Մ. Ամ­պար­ճեան, Մ. եւ Թ. ­Փիւս­կիւ­լեան, Կ. ­Ղա­զա­րեան, Գ. ­Պո­յա­ճեան, Կ. ­Շամ­տան­ճեան եւ ու­րիշ­ներ։

ՆՈՐ ԳԱՂՈՒԹԸ­

Փոքր-Ա­սիա­կան ա­ղէ­տը կ­’ըլ­լայ գլխա­ւոր պատ­ճա­ռը՝ այս ըստո­ւա­րա­թիւ նոր գա­ղու­թի բազ­մաց­ման։ Իզ­մի­րէն (Զ­միւռ­նիա­յէն) եւ Թ­րա­կիա­յէն հայ ըն­տա­նիք­ներ կը խու­ժեն դէ­պի այս մեծ ոս­տա­նը, ա­ռա­ջի­նը՝ խու­ճա­պա­հար եւ խղճա­լի վի­ճա­կով մը, իսկ երկ­րոր­դը՝ ա­ռա­ւե­լա­պէս ա­ռեւտ­րա­կան շլա­ցու­ցիչ խայ­ծե­րով։ ­Նոր գա­ղու­թի այս թշո­ւառ դրու­թիւ­նը, ուղ­ղա­կի, յու­սա­հա­տա­կան կը դառ­նայ պահ մը։ Ազ­գա­յին մար­մին­նե­րը շարժ­ման կ­՚անց­նին, կը ստեղ­ծո­ւի Ազգ. Խ­նա­մա­տա­րու­թիւն մը, օգ­նե­լու հա­մար խեղճ եւ ան­պատս­պար ա­ղէ­տեալ­նե­րուն։

Ա­մե­րի­կա­ցի ­Կիւլ­պէն­կեան բա­րե­րար գեր­դաս­տա­նը, նա­խախ­նա­մա­կան դեր կը կա­տա­րէ որբ եւ այ­րի­նե­րու եւ ան­պատս­պար հայ խլեակ­նե­րու օգ­նու­թեան գոր­ծին մէջ։ ­Կա­րա­պետ Էֆ. ­Ղա­զա­րեա­նի ու­նե­ցած բա­րե­րար ու գլխա­ւոր դե­րը ա­նու­րա­նա­լի է այս գոր­ծին մէջ, ո­րով­հե­տեւ ան ե­ղած է միջ­նորդն ու ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը բա­րե­րար­նե­րէն հա­սած մե­ծա­գու­մար նպաստ­նե­րուն։

­Հայ գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը բա­ւա­կան ժա­մա­նակ ան­կա­յուն կեանք մը կ­’ապ­րի։ ­Հետզ­հե­տէ, գաղ­թա­կան­նե­րէն մաս մը զա­նա­զան ուղ­ղու­թեամբ կը ցրո­ւի։ ­Հայ ար­հես­տա­ւո­րը եւ ա­ռեւտրա­կա­նը կը սկսին նոր տնտե­սու­թիւն ստեղ­ծել։ ­Շա­տեր կը սկսին փոք­րիկ բնա­կա­րան­ներ շի­նել եւ տե­ղա­ւո­րո­ւիլ քա­ղա­քին մէջ կամ մօ­տա­ւոր ա­րո­ւար­ձան­նե­րը.- ­Պէշ ­Չի­նար, ­Խա­րի­լաոս, ­Լէմ­պէթ, ­Քա­լա­մա­րիա, ­Թում­պա, ­Հար­ման գիւղ, ­Վէ­նի­զե­լոս գիւղ ե­ւայլն։

­Գաղ­թա­կա­նու­թեան մա­սամբ տե­ղա­ւո­րու­մով՝ կեանք կ­’առ­նեն նաեւ եր­կու հայ վար­ժա­րան­ներ, Ազ­գա­յին եւ ­Կիւլ­պէն­կեան։ ­Դա­նիա­ցի­ներ եւ ա­մե­րի­կա­ցի­ներ եւս ի­րենց կար­գին կը կազ­մա­կեր­պեն ա­պաս­տա­րան-վար­ժա­րան­ներ, ո­րոնց մա­սին կը խօ­սինք ա­ռան­ձինն, վա­րը։

Իսկ գաղ­թա­կա­նու­թեան թի­ւը այ­սօր կա­րե­լի չէ ճշդիւ տալ, ո­րով­հե­տեւ չկայ նախ՝ վի­ճա­կագ­րու­թիւն մը, եւ յե­տոյ՝ դէ­պի օ­տար եր­կիր­ներ եւ ­Հա­յաս­տան մեկ­նու­մի պատ­ճա­ռով միշտ այդ թի­ւե­րը փո­փո­խա­կան են։ Ա­մէն պա­րա­գա­յի կ­’են­թադ­րո­ւի, թէ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ շրջան­նե­րու հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան թի­ւը 7-8000ը չ­’անց­նիր։

ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ

Ազգ. Երկ­սեռ ­Վար­ժա­րան.- Ինչ­պէս որ մատ­նան­շե­ցինք վե­րը, հայկ. հին գա­ղու­թը ան­ցեա­լին մէջ ու­նե­ցեր է իր ման­կա­պար­տէզ-նա­խակր­թա­րա­նը, իր ծաղ­կո­ցը, մին­չեւ 1914 եւ սա­կայն հայ պա­տա­նին ու ե­րի­տա­սար­դը պայ­ման­նե­րէն հար­կադ­րո­ւած, ի­րենց շուն­չը ա­ռեր են օ­տար վար­ժա­րան­ներ, այս­պէ­սով զրկո­ւե­լով տոհ­միկ դաս­տիա­րա­կու­թե­նէ մը, բան մը՝ որ ա­ռա­ւել կամ նո­ւազ չա­փով ազ­դեր է ա­նոնց հո­գե­կան աշ­խար­հին վրայ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն։

­Տոհ­միկ դաս­տիա­րա­կու­թեան ծա­ւալ­ման շարժ­ման սկիզբ կա­րե­լի է ըն­դու­նիլ փոքր-ա­սիա­կան ա­ղէ­տէն յե­տոյ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայկ. խնա­մա­տա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նով բա­ցո­ւած ման­կա­պար­տէզ-նա­խակր­թա­րա­նը, որ սկիզբն ու հի­մը պի­տի ըլ­լար այ­սօ­րո­ւան վար­ժա­րա­նին։

­Թե­սա­ղո­նի­կէի ազգ. վար­ժա­րա­նը եր­րորդ տա­րին է, որ փո­խադ­րո­ւած է ազ­գա­պատ­կան ա­ռան­ձին շէն­քի մը մէջ։ Ա­ռա­ջին տա­րին միայն մէկ յար­կը ծա­ռա­յած է իբր վար­ժա­րան, սա­կայն ան­ցեալ տա­րո­ւը­նէ ի վեր ամ­բողջ շէն­քը յատ­կա­ցո­ւած է դպրո­ցին, իր վեց սե­նեակ­նե­րով։ Աս­կէ զատ կայ նաեւ ազգ. ման­կա­պար­տէզ մը, ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին շրջա­փա­կին մէջ։

­Վար­ժա­րան ար­ձա­նագ­րո­ւած են այս տա­րի 175 երկ­սեռ ա­շա­կերտ­ներ։ ­Շէն­քին տա­րո­ղու­թիւ­նը դժբախ­տա­բար ար­գելք ե­ղած է ա­ւե­լի ա­շա­կերտ­ներ առ­նե­լու։

­Վար­ժա­րա­նը ու­նի ամ­սա­կան 6500 տրախ­մի պիւտ­ճէ մը։ 2500 տրախ­մին կը գո­յա­նայ թո­շակ­նե­րէ, մնա­ցեալն ալ կը վճա­րո­ւի ազգ. սնտու­կէն։ Ամ­սա­կան 1000 տրախ­մի կը վճա­րո­ւի ման­կա­պար­տէ­զի ու­սուց­չու­հիին՝ ­Կիւլ­լա­պի-­Կիւլ­պէն­կեան ֆոն­տէն եւ ­Կա­րա­պետ Էֆ. ­Ղա­զա­րեա­նի ձեռ­քով։

­Վար­ժա­րա­նին պա­տաս­խա­նա­տու վա­րիչն է այս տո­ղե­րը ստո­րագ­րո­ղը, ու­սուց­չա­կան մնա­յուն եւ այ­ցե­լու զօ­րա­ւոր կազմ մը ու­նե­նա­լով իբր գոր­ծա­կից։ ­Տոքթ. ­Մա­լա­քեան, պրն. Ար­սէն ­Պոյ­նի­կեան եւ պրն. Ս. ­Թա­պա­գեան իբ­րեւ այ­ցե­լու­ներ, ստանձ­նած են կա­րե­ւոր դա­սեր. ա­ռա­ջին եր­կու­քը՝ անձ­նո­ւի­րա­բար։ Աս­կէ զատ վար­ժա­րա­նը ու­նի մնա­յուն եւ խղճա­միտ ու­սուց­չա­կան կազմ մը, հինգ հո­գի­նոց, ո­րոնց­մէ մէ­կը յոյն ու­սուց­չու­հի մը, պե­տու­թե­նէն ղրկո­ւած եւ վճա­րո­ւած է։ Ու­սուց­չու­թիւ­նը իր խղճա­միտ աշ­խա­տան­քով կրցած է վար­ժա­րա­նը դնել լա­ւա­գոյն վի­ճա­կի մը մէջ։

­Վար­ժա­րա­նը ու­նի իր կրթա­կան ու­ղե­գի­ծը, ուր­կէ կ­’ըն­թա­նայ կա­նո­նա­ւոր կեր­պով։ Այդ ու­ղե­գի­ծը նկա­տի ու­նե­ցեր է ե՛ւ մեզ հիւ­րըն­կա­լող պե­տու­թեան կրթա­կան ծրագ­րին օգ­տա­կար եւ կա­րե­ւոր մա­սե­րը։ Ա­ռանց վա­րա­նու­մի կա­րե­լի է ը­սել, որ ազգ. վար­ժա­րա­նը ծրագ­րա­յին տե­սա­կէ­տով ան­հա­մե­մատ ա­ւե­լի բարձր է, քան տեղ­ւոյս միւս հայ վար­ժա­րան­նե­րը։

ԽԱՐԻԼԱՈՍԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ԱՂՋԿԱՆՑ ՈՐԲԱՆՈՑ.

­

Հա­մա­նուն որ­բա­նո­ցը որ «Ազ­գա­յին» որ­բա­նոց ա­նու­նով ալ կը ճանչ­ցո­ւի, բա­ցո­ւած է 1921 ­Դեկտ. 21ին, տի­կին ­Մէյ­րի ­Մի­նա­սեա­նի ձեռ­քով։ Ու­նի 12 աղ­ջիկ­ներ 7-14 տա­րե­կան։ Ան­ցեալ տա­րի 32 որ­բու­հի­ներ կա­յին հոն, ո­րոնց 6ը ա­մուս­նա­ցու­ցած են։ 14 հատ ալ ի­րենց ծնող­քին յանձ­նո­ւած։ Ա­ռա­ւե­լա­պէս որ­բա­նոց, մա­սամբ ուս­ման ալ տեղ տո­ւած են։ ­Պիւտ­ճէն կը հո­գա­ցո­ւի պետ. նպաս­տով, բա­ցա­ռիկ հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րով եւ նո­ւէր­նե­րով։

­Բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ կ­’օ­ժան­դա­կեն ամ­սա­կան պա­րէ­նով եւ հա­գուս­տով։ Որ­բա­նո­ցը ու­նի չորս ներ­քին պաշտօ­նեա­ներ։

ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ ԽԱՐԻԼԱՈՍԻ ԱԶԳ. ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԸ

Այս վար­ժա­րա­նը նա­խա­պէս իբր որ­բա­նոց բա­ցո­ւած է, եր­բեմն խնա­մա­տա­րու­թեան կող­մէ։ Խ­նա­մա­տա­րու­թեան լու­ծա­րու­մով՝ որ­բա­նո­ցը կ­’անց­նի ­Բա­րե­գոր­ծա­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մաս­նա­ճիւ­ղին ձեռ­քը։ Որ­բե­րուն թի­ւը հետզ­հե­տէ քիչ­նա­լուն հե­տե­ւան­քով՝ որ­բա­նո­ցը կը փա­կո­ւի եւ խումբ մը ան­չա­փա­հաս որ­բեր ­Պէյ­րութ կը փո­խադ­րո­ւին։ Որ­բա­նո­ցը ան­ցեալ տա­րի ու­նէր եր­կու հո­գի­նոց ու­սուց­չա­կան կազմ մը՝ Ս. ­Թա­պա­քեա­նի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նով։ Որ­բե­րուն թի­ւը, երբ հետզ­հե­տէ կը պակ­սէր, որ­բա­նո­ցին հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը յար­մար կը դա­տէ ցե­րե­կեայ հայ ա­շա­կեր­տու­թեան առ­ջեւ բա­նալ իր դռնե­րը։ Աս­կէ կ­’օգ­տո­ւին քա­նի մը տաս­նեակ գաղ­թա­կան եւ աղ­քա­տիկ ա­շա­կերտ­ներ։ Այս դրու­թիւ­նը տե­ւեց մին­չեւ այս տա­րո­ւան սկիզ­բը, երբ ­Բա­րե­գոր­ծա­կա­նը ձեռն­թափ կ­’ըլ­լար։ ­Պահ մը այն­պէս կը թո­ւէր, թէ այդ որ­բա­նոց-դպրո­ցը վերջ­նա­կան կեր­պով փա­կո­ւած էր, ի մեծ դժբախ­տու­թիւն տեղ­ւոյն ան­չա­փա­հաս պա­տա­նի­նե­րուն։ Ձ­րի ազ­գա­սէր­նե­րու հա­ւար մը ծայր տո­ւաւ պահ մը։ Ա­մէն կող­մէ «օ­ժան­դա­կու­թիւն» խոս­տա­ցո­ւե­ցաւ, բայց խօս­քը խօսք մնաց եւ վար­ժա­րա­նը կը յա­մե­նար իր դռնե­րը բա­նա­լու, երբ տեղ­ւոյս ­Քա­ղաք. ­Ժո­ղո­վի ո­րո­շու­մով կը բա­ցո­ւէր այդ ման­կա­պար­տէզ-նա­խակր­թա­րա­նը, տիկ. ­Շա­քա­րեա­նի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան տակ, 30 երկ­սեռ ա­շա­կերտ­նե­րով եւ այս վեր­ջի­նին բա­ցար­ձակ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով։ ­Նիւ­թա­կան խոս­տում­նե­րը՝ աս­դիէն ան­դիէն ե­կած՝ մնա­ցին ա­պար­դիւն։

Իսկ ­Բա­րե­գոր­ծա­կան ­Միու­թիւ­նը, մին­չեւ այ­սօր, դեռ դրա­կան բան մը չէ ը­րած այս վար­ժա­րա­նին հա­մար, ուր ա­պաս­տան գտած են բա­ցար­ձա­կա­պէս աղ­քա­տիկ եւ գաղ­թա­կան ըն­տա­նիք­նե­րու ու­սում­նա­ծա­րաւ մա­նուկ­ներն ու պա­տա­նի­նե­րը։

ԿԻՒԼԼԱՊԻ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Այս վար­ժա­րա­նը բա­ցո­ւած եւ նո­ւի­րո­ւած է Ա­մե­րի­կա բնա­կող ­Կիւլ­պէն­կեան գեր­դաս­տա­նէն հան­գու­ցեալ ­Կիւլ­լա­պի ­Կիւլ­պէն­կեա­նի ա­նո­ւան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի գաղ­թա­կա­յան­նե­րէն ­Պէշ-­Չի­նա­րի մէջ։ Ան­կաս­կած, որ այդ նա­խակր­թա­րա­նը բա­րե­րար դեր մը կա­տա­րած է եւ կը կա­տա­րէ այդ շրջա­նի գաղ­թա­կան մա­նուկ­նե­րուն հա­մար, ո­րով­հե­տեւ այդ հե­ռա­ւոր եւ աղ­քա­տիկ շրջա­նի հայ մա­նու­կը, ա­ռանց ա­տոր, դպրո­ցէ եւ տար­րա­կան կրթու­թե­նէ պի­տի զրկո­ւէր։ Դպ­րո­ցին շէն­քը ու տե­ղը ու­նի շատ մը ան­պա­տե­հու­թիւն­ներ այն­քա՛ն, որ­քան կա­րե­լի է ե­րե­ւա­կա­յել, սա ան­շուշտ սկզբնա­կան շրջա­նին հա­մար նե­րե­լի էր, մա­սամբ։ ­Բայց, երբ տա­րի­ներ տե­ւած է այդ դրու­թիւ­նը, ուղ­ղա­կի դա­տա­պար­տե­լի է։ Ո­րով­հե­տեւ ­Կիւլ­լա­պի ­Կիւլ­պէն­կեան ֆոն­տը, միշտ ալ մեծ գու­մար­նե­րով, պատ­րաստ եւ տրա­մադ­րե­լի ե­ղած է, կրթա­կան նպա­տակ­նե­րու հա­մար։

­Վար­ժա­րա­նը ու­նե­ցեր է ան­ցեա­լին մէջ «խնա­մա­կա­լու­թիւն» մը, որ յե­տոյ փո­խո­ւեր է «հո­գա­բար­ձու­թեան»։ ­Բայց ցա­ւա­լի է ը­սել, որ այդ «հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը» ցարդ ո­չին­չով չէ հե­տաքրք­րո­ւած, միայն ամ­սա­կան տո­ւեր, փայտն ու ա­ծուխն է գներ, եւ տա­րե­կան եալ­տըզ­լը տե­ղե­կա­գիր­ներ պատ­րաս­տեր։ Այդ ա­նո­ւա­նա­կան հո­գա­բար­ձու­թեան ե­րե­սէն, վար­ժա­րա­նը շատ ու շատ տո­ւեր է, ոչ միայն ա­ռող­ջա­պա­հիկ պայ­ման­նե­րու, այլ կրթա­կան ծրագ­րի տե­սա­կէ­տով։

­Կիւլ­պէն­կեան նա­խակր­թա­րա­նը եւ ման­կա­պար­տէ­զը ու­նին 170-180 երկ­սեռ ա­շա­կերտ­ներ՝ նա­խակր­թա­րա­նի վեց կար­գե­րով։ Աս­կէ զատ, ման­կա­պար­տէ­զը ու­նի 3-4 կար­գեր, մօտ 70-80 ա­շա­կերտ­նե­րով։ Եւ խոր­հիլ՝ որ այդ 9-10 կարգ ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը թխմո­ւած է չորս գետ­նա­յարկ դա­սա­րա­նի մէջ եւ սա՝ այն­պի­սի հաս­տա­տու­թեան մը մէջ, որ մե­ծա­նուն բա­րե­րար ­Կիւլ­պէն­կեան­նե­րու ա­նո­ւան նո­ւի­րո­ւած է։ ­Շեշ­տենք, որ վար­ժա­րա­նը պա­տաս­խա­նա­տու վա­րիչ մը չէ ու­նե­ցած ցարդ, եւ օր մը հո­գա­բար­ձու­թեան մէկ ան­դա­մը տա­րած է, օր մըն ալ ու­սուց­չա­կան կազ­մը, սա­կայն ո՛չ մին եւ ո՛չ միւ­սը չեն կրցած տի­րել դպրո­ցէն ներս կրթա­կան եւ վար­չա­կան գոր­ծե­րուն։

Այժմ, ար­դէն գնո­ւած է նոր շէնք մը, բա­ւա­կան հե­ռու նախ­կին կա­յա­նէն, եւ սա­կայն վար­ժա­րա­նը դեռ չէ փո­խադ­րո­ւած։

ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՕՏԱՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ.- ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ, ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ­

Բա­ւա­կան մեծ թիւ մը կը կազ­մեն այն հայ ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք կը յա­ճա­խեն օ­տար վար­ժա­րան­ներ։ Ի հար­կէ, ե­թէ ա­տոր մէջ կայ՝ բո­լոր հայ ա­շակ­կեր­տու­թիւ­նը, հայ դպրո­ցա­կան յար­կե­րու շուրջ չկա­րե­նալ հա­ւա­քո­ւե­լու պա­րա­գան եւ ար­գել­քը, բայց միւս կող­մէ պէտք է ան­գամ մըն ալ շեշ­տել, որ հայ ծնող­նե­րէն դեռ կա­րե­ւոր մաս մը ե­րէ­կի թիւր գա­ղա­փա­րը կը սնու­ցա­նէ՝ օ­տար կրթա­կան շլա­ցու­ցիչ ու խա­բու­սիկ յար­կե­րու շուրջ։

­Հայ ա­շա­կեր­տու­թեան բա­ւա­կան մեծ թիւ մը կայ ­Խա­րի­լաո­սի Ա­մե­րի­կեան ­Քո­լէ­ճին մէջ։ Ու­րա­խա­լի է այդ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան տո­ւած մէկ նոր ո­րո­շու­մը, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ ա­ռանց ո­րե­ւէ նա­խակր­թա­րան ա­ւար­տած ըլ­լա­լու, ո՛չ մէկ ա­շա­կերտ չպի­տի կա­րե­նայ ուղ­ղա­կի այդ վար­ժա­րա­նը մտնել։

Ա­սի­կա ի հար­կէ, տոհ­մա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան տե­սա­կէ­տով, իր բա­րե­րար օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ։

­Բայց ան­դին կան ֆրան­սա­կան վար­ժա­րան­նե­րը, ի­րենց «pere»ե­րով եւ «soeur»ե­րով, ո­րոնք միջ­նա­դա­րեան դաս­տիա­րա­կու­թեան սպան­նիչ դե­րով դաս կու­տան։

Այդ բա­նը կը տես­նո­ւի մաս­նա­ւո­րա­պէս ստո­րին կար­գե­րու մէջ եւ մա­նա­ւանդ «soeur»ե­րու մօտ։

Ո՛չ մե­թոտ, ո՛չ ծրա­գիր՝ տեղ չու­նին ա­տոնց մօտ։ «Սր­բա­զան ­Պատ­մու­թիւն»ն­ է ա­նոնց ու­սուց­ման ա­ռանց­քը, ձանձ­րա­ցու­ցիչ «grammaire»ով եւ «lecture»ով։

ԴԱՆԻԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ­

Դա­նիա­կան վար­ժա­րա­նը միւս օ­տար վար­ժա­րան­նե­րէն կը զա­տենք հոս, ո­րով­հե­տեւ ան ամ­բող­ջու­թեամբ հայ պա­տա­նիին եւ հայ մա­նու­կին առ­ջեւ բա­ցած է իր դռնե­րը։

­Յու­նաս­տա­նի կամ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, երբ դա­նիա­կան հաս­տա­տու­թիւն ը­սէինք, մեր մտքին մէջ կը լծոր­դո­ւէր ­Միս Էոր­ցի ա­նու­նը։ Այս տար­ւոյն հա­մար պա­րա­գան փո­խո­ւած է։ ­Մեզ չշա­հագրգ­ռող զուտ ներ­քին վէ­ճեր տե­ղի տո­ւին, պահ մը, ան­հա­մա­ձայ­նու­թեանց, ո­րոնց ա­նա­խորժ ար­ձա­գան­գը ե­ղաւ հայ մա­մու­լը։ Իբ­րեւ հե­տե­ւանք այդ վէ­ճե­րուն, ­Միս Էորց կ­՚ել­լէր դա­նիա­կան նա­խորդ կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն՝ հիմ­նե­լով բո­լո­րո­վին նո­րը, բայց ո՛չ այն­քան ծա­ւա­լուն ծրագ­րով, որ­քան նախ­կի­նը։ Իսկ նախ­կին կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կ­՚անց­նէր տէր եւ տի­կին ­Հէն­սը­նի եւ օր. Եէփ­սը­նի։ Այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ա­ռա­ւե­լա­պէս, մաս­նա­ւո­րա­պէս նո­ւի­րո­ւած ըլ­լա­լով հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան գոր­ծին, մենք անհրա­ժեշտ դա­տե­ցինք դա­սել զայն հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ վար­ժա­րան­նե­րու շար­քին։

Այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ու­նի թէ՛ նպաս­տի, թէ՛ ձե­ռա­գոր­ծի եւ թէ՛ վար­ժա­րա­նի բա­ժին­ներ։ ­Ցարդ ցա­ւա­լի է ը­սել, որ ան­ցեա­լին մէջ կրթա­կա­նը շատ ան­տե­սո­ւած էր՝ ա­ռար­կո­ւե­լով, թէ այս հաս­տա­տու­թիւ­նը ա­ռա­ւե­լա­պէս ա­պաս­տա­նա­րան է հայ գաղ­թա­կան մա­նու­կին եւ պա­տա­նիին։

­Հոս ար­դար է շեշ­տել, որ այս տա­րի, դա­նիա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը, ա­ւե­լի ու­շադ­րու­թիւն դար­ձու­ցած է կրթա­կան գոր­ծին, ա­ռանց վնա­սե­լու ե՛ւ միւ­սին՝ բան մը, որ կրնար ան­ցեալ տա­րի եւս գոր­ծադ­րո­ւիլ։

ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ

­

Թե­սա­ղո­նի­կէ նոր ­Յու­նաս­տա­նի թե­մին կեդ­րոնն է՝ իր ­Քա­ղա­քա­կան ­Ժո­ղո­վով, իր ­Դա­տաս­տա­նա­կան ­Մար­մի­նով եւ իր ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նով ու ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նոր­դով։ ­Նոր ­Յու­նաս­տա­նի թե­մը կա­պո­ւած է ուղ­ղա­կի Էջ­միած­նայ։ ­Հին ­Յու­նաս­տա­նի հետ վար­չա­կան ոչ մէկ կապ ու­նի։ Իր հրա­հանգ­նե­րը ուղ­ղա­կի Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Հայ­րա­պե­տէն կը ստա­նայ։

­Յու­նաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քը թէեւ պատ­ճառ ե­ղած է եր­կու ան­ջատ թե­մե­րու, սա­կայն դար­ձեալ փա­փա­քե­լի էր, որ բար­ւոք եւ կա­նո­նա­ւոր կապ պա­հեն այս եր­կու թե­մե­րը ի­րա­րու հետ։ ­Թե­սա­ղո­նի­կէ ու­նի նաեւ ­Թաղ. ­Խոր­հուրդ մը՝ իր ե­կե­ղե­ցիով եւ չորս քա­հա­նա­նե­րով։

ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՀԱՅ ԵՐԻՏ. ԵՐԿՍ. ՄԻՈՒԹԻՒՆ­

Փոքր-ա­սիա­կան ա­ղէ­տէն ետք, ­Թե­սա­ղո­նի­կէ հաս­տա­տո­ւող հայ ե­րի­տա­սարդ­ներն են, որ ծնունդ կու­տան այս ե­րի­տա­սար­դաց միու­թեան, վա­ւե­րաց­նել տա­լով զայն կա­ռա­վա­րու­թեան, օ­րի­նա­ւոր եւ ա­նար­գել գոր­ծու­նէու­թիւն մը կա­րե­նալ ու­նե­նա­լու հա­մար։

Սկզբ­նա­կան շրջա­նին այս միու­թիւ­նը կը ջա­նայ օգ­տա­կար շար­ժում մը ստեղ­ծել հայ կեան­քին մէջ, որ ա­ռանց ա­տոր մե­ռած ու նե­խած էր, եւ դա­տա­պար­տո­ւած այդ­պէս ալ մնա­լու։

­Մին­չեւ 1922ի ­Նո­յեմ­բեր 17, այս միու­թիւ­նը ա­ռա­ւել կամ նո­ւազ չա­փով կը գոր­ծէր հայ կեան­քին մէջ։

Աս­կէ մօտ տա­րի մը ա­ռաջ, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ստո­ւար խում­բի մը ինք­նա­բուխ շար­ժու­մով, այս միու­թիւ­նը նոր գոր­ծու­նէու­թեան մը փա­փաքն ու ճի­գը ի յայտ կը բե­րէ։ ­Կը գու­մա­րէ ընդ­հա­նուր ժո­ղով եւ կ­՚ընտ­րէ իր նոր վար­չու­թիւ­նը հե­տե­ւեալ­նե­րէ.- ­Պա­րոն­ներ Յ. ­Վար­ժա­պե­տեան՝ ա­տե­նա­պետ, Վ. ­Բա­րի­կեան, ա­տե­նադ­պիր, Կ. ­Նէվ­շէ­հիր­լեան՝ գան­ձա­պետ, Ա.Յ. ­Մա­կա­րեան, Ա. ­Պոյ­նի­կեան, Վ. ­Մա­նու­շեան եւ Պ. ­Մոր­ճի­կեան՝ ան­դամ­ներ։

Այս վար­չու­թիւ­նը գոր­ծի կը սկսի։ ­Կո­չե­րով, դի­մում­նե­րով, միու­թեան շուրջ կը հա­ւա­քէ գրե­թէ այն բո­լոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք քիչ թէ շատ հա­սա­րա­կա­կան ջիղ ու­նին, օ­ժան­դակ ու­նե­նա­լով տեղ­ւոյս ա­ռեւտ­րա­կան դա­սը։

­Վար­չու­թիւ­նը կ­՚աշ­խա­տի օր ա­ռաջ հա­ւա­քա­տե­ղի մը ստեղ­ծե­լու։ ­Պահ մը ազգ. վար­ժա­րա­նին մէկ սե­նեա­կը իբր այդ գոր­ծա­ծե­լէ յե­տոյ, կը յա­ջո­ղի գու­մար մը ձեռք ձգել։ ­Կը վար­ձո­ւի ըն­դար­ձակ շէնք մը. սկզբնա­կան շրջա­նին, այս ա­կում­բը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն կը ստեղ­ծէ իր շուր­ջը։ ­Կար­ծես, թէ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ամ­բողջ հա­սա­րա­կա­կան շար­ժում­նե­րուն ա­ռանց­քը պի­տի ըլ­լար։

Հոն կը տե­ղա­ւո­րո­ւէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­ներն ու մար­զիկ­նե­րը, ո­գե­ւո­րո­ւած եւ ի­րենց կար­գին ի­րենց շուր­ջը ո­գե­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծե­լով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ն­ էր կար­ծես, որ Ե­րի­տասր­դաց ­Միու­թեան կող­քին, ա­նոր փայլն ու ա­նու­նը բարձ­րաց­նե­լու կո­չումն ու­նէր։

Ա­կում­բի բա­ցու­մը կը զու­գա­դի­պի ամ­րան ե­ղա­նա­կին, բան մը՝ որ ճա­կա­տագ­րա­կան ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նար ա­նոր կեան­քի վրայ։ Ա­սոր վրայ պէտք է ա­ւելց­նել վար­չու­թեան մեծ գոր­ծով մը սկսե­լու վնա­սա­կար փութ­կո­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ՝ ա­կում­բին մի քիչ հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը։

Այս պատ­ճառ­նե­րով ա­կում­բը երկ­րորդ վե­ցամ­սեա­յին կը գո­ցէ իր դռնե­րը եւ դար­ձեալ ազգ. վար­ժա­րա­նի մէկ յար­կը կը փո­խադ­րո­ւի։

Այս­պէս կամ այն­պէս, ա­ռա­ջին վար­չու­թիւ­նը, պար­բե­րա­կան մաս­նա­կի փո­փո­խու­թիւն­նե­րով գոր­ծը կը բե­րէ մին­չեւ վեր­ջին ա­մի­սը, երբ ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին մէջ կ­’ընտ­րո­ւի նոր վար­չու­թիւ­նը հե­տե­ւեալ ան­ձե­րէն.- ­Պա­րոն­ներ Ա.Յ. ­Մա­կա­րեան՝ ա­տե­նա­պետ, Թ. Ա­ւե­տի­սեան՝ ա­տե­նադ­պիր, Յ. ­Զա­քա­րեան՝ գան­ձա­պահ, ­Խա­չիկ Ս­բար­դա­լեան, Լ. Էս­կի­ճեան, Խ. ­Խան­ճեան եւ Գ. ­Թար­թա­լեան՝ ան­դամ­ներ։

Ան­կաս­կած, ոե­ւէ գի­տա­կից վար­չու­թեան հա­մար ո­ճիր պի­տի ըլ­լար ե­րի­տա­սար­դա­կան գե­ղե­ցիկ միու­թիւն մը սպան­նել եւ մե­ռե­լա­թա­ղի տխուր դե­րը կա­տա­րել։

­Նո­րըն­տիր վար­չու­թիւ­նը, գնա­հա­տե­լով ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րու պէտ­քը, ջա­նա­դիր է՝ բո­լոր վա­ւե­րա­ցո­ւած եւ ճան­չո­ւած միու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը ստեղ­ծե­լով՝ գոր­ծի սկսե­լու։

Երբ Ե­րի­տա­սար­դաց ­Միու­թեան մա­սին կը խօ­սինք, մեծ ա­նի­րա­ւու­թիւն պի­տի ըլ­լար՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս չյի­շա­տա­կել միու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. Յ. ­Վար­ժա­պե­տեա­նի ա­նու­նը եւ չգնա­հա­տել ա­նոր ցարդ ցոյց տո­ւած անս­պառ կո­րովն ու ջան­քը, ­Միու­թեան օգ­տին ու բար­գա­ւաճ­ման հա­մար։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ը՝ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ­

Թե­սա­ղո­նի­կէի հին գա­ղու­թին մէջ, մարմ­նակր­թա­կան կազ­մա­կեր­պո­ւած շար­ժում ե­ղած չէ եր­բեք. ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք, հաս­նող գաղ­թա­կան­նե­րը հա­զիւ թէ քիչ մը ի­րենց վէր­քէ­րը կը կա­պեն, ար­դէն իսկ ծայր կու­տայ մարմ­նակր­թա­կան շար­ժում մը եւս բնազ­դօ­րէն, իբ­րեւ անհ­րա­ժեշտ զբա­ղու­մը մեր պա­տա­նի եւ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին։

Այդ շար­ժու­մը սա­կայն կ­’ըլ­լայ ան­կազ­մա­կերպ եւ սահ­մա­նա­փակ, ա­ռանց ժո­ղովր­դա­կան խա­ւե­րու լայն ու­շադ­րու­թեան եւ հա­մակ­րու­թեան ա­ռար­կայ ըլ­լա­լու, նկա­տի ու­նե­նա­լով նախ՝ նա­խա­ձեռ­նող­նե­րու թոյլ վե­րա­բե­րու­մը, եւ յե­տոյ՝ կարգ մը ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ան­կար­գա­պահ ո­գին։ Ա­սի­կա իր ան­խու­սա­փե­լի հե­տե­ւան­քը կ­’ու­նե­նայ՝ քայ­քա­յում եւ վախ­ճան՝ ար­դէն իսկ մարմ­նակր­թա­կան վտիտ շար­ժու­մին։

Ա­ռա­ջին ան­գամ 1925 ­Նո­յեմ­բեր 5ին է, որ սկիզբ կ­՚առ­նէ Հ.Մ.Ը.­Միու­թեան շար­ժու­մը։ ­Տե­ղա­կան մա­մու­լին մէջ կո­չեր եւ յօ­դո­ւած­ներ կը տե­ղան՝ այս շարժ­ման շուրջ, հա­մակ­րան­քի մեծ հո­սանք մը արթնց­նե­լով։

­Կը սկսին մար­զան­քի փոր­ձեր եւ խա­ղեր։ Չ­կար սա­կայն ո՛չ մէկ գոյք, ո՛չ մէկ սան­թիմ։ ­Միու­թիւ­նը թէեւ ընտ­րեց իր ա­ռա­ջին վար­չու­թիւ­նը, սա­կայն, ան ոչ մէկ բան կրցաւ ը­նել։ Չ­կար նաեւ հա­ւա­քա­վայր մը, ուր պա­տա­նի­նե­րը հա­ւա­քուէին, դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ սար­քէին։

­Պա­տա­նի­նե­րը, սա­կայն, հետզ­հե­տէ կը ստո­ւա­րաց­նէին միու­թեան շար­քե­րը։ Ա­նոնց քով նաեւ հա­մա­կիր­նե­րու խո­շոր թիւ մը կ­՚ա­ւել­նար։

­Պա­տա­նի­նե­րու այս ե­ռան­դը պատ­ճառ կ­’ըլ­լար, որ նա­խա­պէս գո­յու­թիւն ու­նե­ցող Ե­րիտ. ­Միու­թիւ­նը իր ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը գու­մա­րէ եւ աս­պա­րէզ նե­տո­ւի։

Այս միու­թիւնն ալ կը տա­ռա­պէր հա­ւա­քա­տե­ղիի ցա­ւով։

­Վեր­ջա­պէս ազգ. վար­ժա­րա­նի մէկ սե­նեա­կը, գի­շե­րէ գի­շեր եւ ­Կի­րա­կի օ­րե­րու հա­մար, կը վե­րա­ծո­ւի հա­ւա­քա­տե­ղիի կամ առ­ժա­մեայ ա­կում­բի, ուր կ­՚այ­ցե­լեն նաեւ մարմ­նակր­թա­կա­նի ան­դամ­նե­րը։ Այս հա­ւա­քա­տե­ղին իր բա­րե­րար ար­դիւն­քը կ­’ու­նե­նայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հա­մար։

Ա­ւե­լի վեր­ջը, երբ Ե­րիտ. Երկս. ­Միու­թիւ­նը իր սե­փա­կան շէն­քը կ­՚ու­նե­նար, սե­նեակ մըն ալ Հ.Մ.Ը.Մ.ին կը յատ­կաց­նէր։

­Շէն­քի հար­ցը լու­ծո­ւած էր, կը մնար հա­գուս­տի եւ այլ գոյ­քե­րու խնդի­րը։ Ա­ռա­ջին վար­չու­թեան յա­ջոր­դած էր երկ­րորդ վար­չու­թիւն մը, որ իր ա­ռա­ջին գործն ը­րաւ սկաուտ­նե­րը հա­գո­ւեց­նե­լու խնդի­րը։

­Վար­չու­թիւ­նը կը բաղ­կա­նար հե­տե­ւեալ­նե­րէ.- ­Պա­րոն­ներ Ա.Յ. ­Մա­կա­րեան, տոքթ. Յ. ­Պա­լեան, Վ. ­Մա­նու­շեան, Լ. Էս­կի­ճեան, օ­ժան­դակ ան­դամ ու­նե­նա­լով՝ պա­րոն­ներ Օ­շին ­Քիւ­չիւ­քեան եւ Ա­հա­րո­նեան։

Այս վար­չու­թիւնն է, որ «հա­գուս­տի ֆոնտ» մը կը բա­նայ եւ բա­ւա­կան կլո­րիկ գու­մար մը ձեռք ձգե­լով սկաուտ­նե­րը կը հա­գո­ւեց­նէ։

Ա­սոր կը յա­ջոր­դէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաու­տա­կան բա­ժի­նին վա­ւե­րա­ցու­մը՝ ­Պետ. սկաու­տա­կան կեդ­րո­նէն, ա­ռանց ո­րուն կա­րե­լի չպի­տի ըլ­լար գոր­ծել, նկա­տի ու­նե­նա­լով Թ­րա­կիոյ եւ ­Մա­կե­դո­նիոյ աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քը, եւ այդ մա­սին գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հրա­հանգ­նե­րը։

­Պետ. Ս­կաու­տա­կան ­Կեդ­րո­նը սի­րով ըն­դա­ռաջ կ­’եր­թայ միու­թեան ա­ռա­ջար­կին եւ, անհ­րա­ժեշտ վա­ւե­րա­ցու­մը տա­լէ ետք, ընդհ. պա­տաս­խա­նա­տու եւ խմբա­պետ կը նշա­նա­կէ այդ տո­ղե­րը ստո­րագ­րո­ղը։

­Հայ սկաուտ­նե­րը կը մաս­նակ­ցին, պաշ­տօ­նա­պէս, Ա­թէն­քի սկաու­տա­կան մրցում­նե­րուն, ­Մա­կե­դո­նիոյ սկաու­տա­կան կեդ­րո­նին հրա­ւէ­րով։ ­Յե­տոյ կ­՚ու­նե­նանք շարք մը ֆութ­պո­լի եւ վո­լի-պո­լի մրցում­ներ՝ ­Պետ. Ս­կաու­տա­կան խում­բե­րու հետ։

Երկ­րորդ ­Վար­չու­թեան կը յա­ջոր­դէ եր­րոր­դը՝ յան­ձին պա­րոն­ներ Ա­րամ Ֆ­րա­նեա­նի. տոքթ. Յ. ­Պա­լեա­նի, Ա­րամ ­Պու­լու­տեա­նի, Լ. Էս­կի­ճեա­նի եւ ­Վահ­րամ Ար­շա­ւի­րի։

Ե­րիտ. Երկս. ­Միու­թեան Ա­կում­բին փա­կու­մով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւս կը զրկո­ւի կեդ­րո­նա­տե­ղիէ. սա­կայն ա­սի­կա շու­տով կը փա­րա­տի, եւ ազգ. մար­մի­նը ման­կա­պար­տէ­զը կը տրա­մադ­րէ սկաուտ­նե­րուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Այս հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ կը շա­րու­նա­կո­ւին դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րը։

­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Մ.Ը.Մ.ը ան­կախ է այժմ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պալ­քան­նե­րու առ­ժա­մեայ ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան մէկ հրա­ւէ­րը՝ ի մա­սին դէ­պի ընդհ. կեդ­րոն մը ըն­թա­նա­լու հար­ցին, հա­մակ­րան­քով ծա­փա­հա­րո­ւած է, մնա­լով հան­դերձ առ­ժա­մա­պէս ան­կախ։

ՀԱՅ ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉ­

Կա­րիքն ու ա­ղէտ­ներն են, որ յա­ճախ կը մղեն մարդ­կու­թիւ­նը գե­րա­գոյն զո­հո­ղու­թիւն­նե­րու եւ օգ­տա­նո­ւէր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու։

­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ. Կ. ­Խաչն ալ ծնունդ ա­ռեր է փոքր-ա­սիա­կան ա­ղէ­տէն ետք, 1923ի ­Յու­նիս 10ին, երբ գաղ­թա­կա­նու­թեան հոծ բազ­մու­թիւն մը, այս մեծ ոս­տա­նին մէջ, իր սրտաճմ­լիկ թշո­ւա­ռու­թիւ­նը կը պտտցնէր։

Այս կազ­մա­կեր­պու­թեան շուրջ կը բո­լո­րո­ւին տեղ­ւոյս հայ տի­կին­նե­րու ընտ­րա­նին, կարգ մը բժիշկ­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նով.- Ա­հա՛ Հ. Կ. ­Խա­չի ա­ռա­ջին վար­չու­թիւ­նը.- ­Տի­կին ­Մէյ­րի ­Մի­նա­սեան՝ ա­տե­նա­պե­տու­հի, տիկ. ­Շամ­տան­ճեան՝ գան­ձա­պահ, տի­կին­ներ ­Կիւ­միւ­շեան, ­Մեն­ծի­կեան, ­Մա­լեան, ­Խա­չե­րեան, օր. ­Փա­նո­սեան եւ բժիշկ­ներ Օ­հա­նեան՝ ա­տե­նադ­պիր, ­Պա­լեան, ­Գա­լէն­տէ­րեան, Աբ­րա­հա­մեան՝ ան­դամ­ներ։

Այս վար­չու­թիւ­նը կ­’ու­նե­նայ բա­ւա­կան ար­դիւ­նա­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւն մը, թէ՛ նիւ­թա­կան եւ թէ բա­րո­յա­կան գետ­նի վրայ։

Այս նիւ­թա­կան գոր­ծառ­նու­թիւ­նը կը հաս­նի մին­չեւ 65 հա­զար տրախ­միի, ո­րուն մօտ 25 հա­զա­րո­վը ըն­դար­ձակ հող մը կը գնո­ւի Հ. Կ. ­Խա­չի ա­նու­նով։

Հ. Կ. ­Խա­չը կ­՚ու­նե­նայ իր յա­տուկ բժիշ­կը՝ յան­ձին բժիշկ Յ. ­Գա­լէն­տէ­րեա­նին եւ իր դե­ղա­գոր­ծը՝ յան­ձին դե­ղա­գործ Ղ. Հ­րանդ ­Դար­պա­սեա­նին, ո­րոնք թէ՛ յա­տուկ դար­մա­նա­տան մէջ եւ թէ գաղ­թա­կա­յան­նե­րու ա­ղի­տա­հար հայ խլեակ­նե­րուն օգ­նու­թեան կը հաս­նին բժշկա­կան դար­մա­նում­նե­րով։

Այս վար­չու­թեան կը յա­ջոր­դեն ո­ւիշ­ներ, ո­րոնք գոր­ծը կը տա­նին ա­ռա­ւել կամ նուազ ար­դիւ­նա­ւոր կեր­պով։

Բժշ­կա­կան սպա­սար­կու­թիւ­նը, ժա­մա­նակ մը, կը ստանձ­նէ տեղ­ւոյս բժիշկ­նե­րէն անձ­նո­ւէր­նե­րու փա­ղանգ մը բո­լո­րո­վին ձրի։ Կ­՚ար­ժէ տալ այդ անձ­նո­ւէր բժիշկ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը.- Բ­ժիշկ­ներ Կ. ­Խա­չե­րեան, Յ. ­Պա­լեան, Յ. ­Ղա­պի­կեան, Տ. ­Մա­լա­քեան, Յ. ­Գա­լէն­տէ­րեան, Ա. Աբ­րա­հա­մեան եւ Բ. ­Վար­ժա­պե­տեան։

­Հայ գաղ­թա­կան­նե­րու ձրի դար­մա­նու­մի գոր­ծը բա­ւա­կան ա­տեն այս կեր­պով տա­րո­ւե­լէ ետք, երբ ­Կար­միր ­Խա­չի պիւտ­ճէն կը բա­րե­լա­ւո­ւի, դար­ձեալ դար­մա­նա­տու­նը մնա­յուն բժիշկ մը կը կար­գո­ւի՝ յան­ձին բժիշկ Յ. ­Պա­լեա­նի, եւ դե­ղա­գործ մը՝ յան­ձին՝ Պ. Հ­րանդ ­Դար­պա­սեա­նի, վճա­րե­լով գրե­թէ ճամ­բու ծախք մը միայն։

Կ. ­Խա­չը ցարդ ար­տա­քին ո՛չ մէկ օգ­նու­թիւն չէ ստա­ցեր։ Իր պիւտ­ճէն հայ­թայ­թո­ւեր է՝ ան­դա­մավ­ճար­նե­րով եւ տա­րե­կան ընդհ. քօ­քար­տա­բաշ­խու­թիւ­նով։

­Հոս յի­շենք, որ իբր պե­տու­թե­նէն վա­ւե­րա­ցո­ւած բա­րեն­պա­տակ կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, տա­րին մէկ ան­գամ ի­րա­ւունք ու­նի ընդ­հա­նուր քօ­քար­տա­բաշ­խու­թիւն կա­տա­րե­լու ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ։ Ա­սի­կա ե­ղած է գրե­թէ իր հա­սոյ­թին գլխա­ւոր աղ­բիւ­րը։

­Հայ ­Կար­միր ­Խա­չը մին­չեւ այ­սօր մօ­տա­ւո­րա­պէս 10 հա­զար աղ­քատ­ներ դար­մա­նած է։

Իսկ այ­սօր կը դար­մա­նէ մօտ 300-400 հի­ւանդ­ներ, ա­ռանց ազ­գի խտրու­թեան։ ­Դե­ղը կը հայ­թայ­թո­ւի թա­ղա­պե­տա­կան դար­մա­նա­տու­նէն՝ միշտ ձրի։ ­Ծանր հի­ւանդ­նե­րը ­Պետ. ­Հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ կը դար­մա­նո­ւին։

­Հայ գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը այս մա­սին եւս ու­նի իր ե­րախ­տի­քի հար­կը՝  հել­լէն ազ­գին եւ պե­տու­թեան։

Ա­հա՛ Կ. ­Խա­չի այժ­մու ­Վար­չու­թիւ­նը.-

Կ. ­Գա­զան­ճեան, տոքթ. Յ. ­Պա­լեան, տիկ. Ս. ­Մա­կա­րեան, տիկ. ­Թէհ­լէ­րեան։ Օր. ­Մա­լա­քեան, օր. Գլ­ճեան, պա­րոն­ներ Ա. ­Թէհ­լէ­րեան, Կ. ­Նէվ­շէ­հի­րեան եւ Յ. ­Մու­թա­ֆեան։

Կ. ­Խա­չը կա­րօտ գաղ­թա­կան­նե­րուն դրա­մա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն եւս կ­՚ը­նէ։

Հ.Բ.Ը.ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ­

Տեղ­ւոյս մէջ գո­յու­թիւն ու­նի Հ.Բ.Ը.­Միու­թեան մաս­նա­ճիւղ մը՝ ա­տե­նա­պե­տու­թեամբ տոքթ. Գ. Աս­լա­նեա­նի։ ­Տեղ­ւոյս կարգ մը ա­ռեւտ­րա­կան­ներ կը սա­տա­րեն այս կազ­մա­կեր­պու­թեան՝ ի­րենց նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նով։

Այս մաս­նա­ճիւ­ղը ան­ցեա­լին մէջ ու­նե­ցած է ման­կանց դար­մա­նա­տուն մը՝ տոքթ. Կ. ­Խա­չե­րեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, որ յե­տոյ փա­կո­ւած է։

Ան­ցեա­լ տա­րի այս մաս­նա­ճիւ­ղը կը պա­հէր նաեւ 15-20 հո­գի­նոց որ­բա­նոց մը, ­Խա­րի­լաո­սի մէջ։ Այս որ­բա­նոցն ալ, կարգ մը որ­բե­րուն ցրո­ւե­լուն պատ­ճա­ռով, փա­կո­ւե­ցաւ եւ մնա­ցած քա­նի մը որ­բերն ալ ­Պէյ­րու­թի ­Բա­րե­գոր­ծա­կա­նի որ­բա­նո­ցը փո­խադ­րո­ւե­ցան։

­Բա­րե­գոր­ծա­կա­նը հի­նէն ի վեր տեղ­ւոյս մէջ բա­ցեր է նաեւ աղջ­կանց ձե­ռա­գոր­ծի ար­հես­տա­նոց մը։ Այ­սօր ալ, ար­հես­տա­նո­ցը կայ ե­կե­ղեց­ւոյ մէկ պա­հա­րա­նին մէջ, սա­կայն աղ­ջիկ­նե­րու սահ­մա­նա­փակ թի­ւով եւ ղե­կա­վա­րու­թեամբ օր. ­Շու­շա­նիկ ­Բա­րի­կեա­նի։

Աղ­ջիկ­նե­րը կը բա­նին զա­նա­զան ձե­ռա­գործ­ներ՝ միու­թեան հաշ­ւոյն։ Այդ ձե­ռա­գործ­նե­րը վի­ճա­կա­հա­նու­թեան կը դրո­ւին, ի նպաստ ­Բա­րե­գոր­ծա­կա­նի։

­Տի­կին­ներ տոքթ. Գ. Աս­լա­նեան, ­Շամ­տան­ճեան եւ Ա­րիս­տա­կէ­սեան՝ ար­հես­տա­նո­ցի վե­րին հսկիչ­ներն են։