­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 14 ­Հոկ­տեմ­բեր 2020-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8։00-էն սկսեալ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Հա­յաս­տան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւաք, ուր ա­ւե­լի քան 20 ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ միա­հա­մուռ եւ միաս­նա­կան ո­գիով ի­րենց ձեռ­քով աշ­խա­տե­ցան ­Հայ­րե­նի­քի եւ Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար պաս­տառ­ներ պատ­րաս­տե­լով եւ ­Հինգ­շաբ­թի՝ 15 ­Հոկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, զա­նոնք զե­տե­ղե­ցին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մեղ. Ա­լեք­սանտ­րու» մայր պո­ղո­տա­յի «­Մա­քե­տո­նիա» հիւ­րա­նո­ցի դի­մաց, ինչ­պէս նաեւ ինք­նա­շարժ­նե­րով ազ­գա­յին եւ յե­ղա­փո­խա­կան եր­գեր ձայ­նասփ­ռե­լով շրջա­նէն ներս, մօ­տա­ւո­րա­պէս 2-3 վայր­կեան­ներ փա­կե­լով պո­ղո­տան, պաս­տառ­նե­րը կա­մուր­ջի վրայ բարձ­րա­ցու­ցին՝ առ ի զօ­րակ­ցու­թիւն հայ­րե­նի­քի եւ Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան, ինչ­պէս նաեւ դա­տա­պար­տե­լով թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան պա­տե­րազ­մը։
Ապ­րի՛ն մեր ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րը։

ԹՂԹԱԿԻՑ