­Քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նարկ

Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ Թեսաղոնիկէի մարզպետարանի համակազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Կիրակի, 23 Ապրիլին, քաղաքի Զի­նո­ւո­րա­կան սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նարկ, ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Ե­ղիա աբղ. ­Մալ­խա­սեա­նին, ­Թա­ղա­յին ­խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­թին Աբ­րա­հա­մեա­նի, Ազգ. կա­ռոյց­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, միու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ յոյն հո­գե­ւոր, քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, յոյն ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեան:
­Ձեռ­նար­կի բաց­ման խօս­քը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. միու­թեան ան­դա­մու­հի Ա­լէք­սիա ­Ռա­ֆաի­լի­տո­ւի կող­մէ: Ա­պա հրա­ւի­րո­ւե­ցան քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ու ի­րենց ող­ջոյ­նի խօս­քը փո­խան­ցե­ցին ներ­կա­նե­րուն:
Մ­շա­կու­թա­յին ծի­րէն ներս, հան­դէս ե­կաւ ­Գա­լա­մա­րիա­յի երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ Եան­նիս ­Քուքա­սի, որ մեր ժո­ղո­վուր­դին հրամ­ցուց «­Կո­մի­տա­սեան» պա­տա­րա­գի նմուշ­ներ:
­Ձեռ­նար­կին բա­նա­խօ­սեց Թ­րա­կիոյ «­Տի­մոք­րի­թիօ» հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս տքթ. Եա­քո­վոս Աք­ծօղ­լու: Ան ման­րա­մաս­նօ­րէն խօ­սե­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան, հա­յոց չար­չա­րանք­նե­րուն ու տա­րա­պանք­նե­րուն մա­սին:
Ե­լոյ­թէն ան­մի­ջա­պէս ետք, բո­լոր ներ­կա­նե­րը, քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը թա­փօր կազ­մած քայ­լար­շաւ կա­տա­րե­ցին դէ­պի Եր­րորդ զօ­րա­բա­նա­կի Ան­ծա­նօթ զի­նո­ւո­րի յու­շար­ձա­նը՝ ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­լու հա­մար: Ե­լոյ­թը եզ­րա­փա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին քայ­լերգ­նե­րու կա­տա­րու­մով:

­Բա­րե­խօ­սա­կան կարգ Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ

Եր­կու­շաբ­թի, 24 Ապ­րիլ 2023-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11:30-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րուն ­Բա­րե­խօ­սա­կան կար­գը, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Ե­ղիա Աբղ. ­Մալ­խա­սեա­նի, ներ­կա­յու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­Կա­րօ ­Նա­տեա­նի, ­Թա­ղային խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­թին Աբ­րա­հա­մեա­նի եւ ան­դամ­նե­րուն, Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին, ազգ. հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, պե­տա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան, քա­ղա­քա­կան բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ե­րես­փո­խան­նե­րու ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու:
Ն­շենք, որ ե­կե­ղեց­ւոյ կեդ­րո­նը զե­տե­ղո­ւած էր Ապ­րի­լեան Ս. նա­հա­տակ­նե­րու նո­ւի­րո­ւած փայ­տեայ շար­ժուն յու­շար­ձա­նը, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու մա­սունք­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ զար­դա­րո­ւած ծա­ղիկ­ներով:
Ե­կե­ղե­ցա­կան գո­հա­բա­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւը փո­խան­ցեց իր խօս­քը, ա­պա բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ի­րենց կար­գին, մեր ժո­ղո­վուր­դին փո­խան­ցե­ցին ի­րենց սրտի խօս­քը:

Ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի ցոյց դէ­պի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան

­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին, Եր­կու­շաբ­թի, 24 Ապ­րիլ 2023-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 17:30-էն սկսեալ «Ա­րիս­տո­տե­լուս» հրա­պա­րա­կին առ­ջեւ տե­ղադ­րո­ւած Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի տա­ղա­ւա­րէն ըն­թացք ա­ռաւ ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի ցոյ­ցը դէ­պի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան, ներ­կա­յու­թեամբ հա­րիւ­րա­ւոր թե­սա­ղո­նի­կա­հայ պա­տա­նի­նե­րու, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, փոք­րե­րու եւ տա­րէց­նե­րու, ո­րոնք ներ­կայ ե­ղան հայ­րե­նա­սի­րա­կան ո­գիով եւ պատ­րաս­տա­կամ ուղ­ղո­ւե­լու տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թեամբ:
Ն­շենք, որ Ե­րեք­շաբ­թի, 18 Ապ­րի­լէն մին­չեւ Ե­րեք­շաբ­թի, 25 Ապ­րիլ 2023, Ա­րիս­տո­տե­լեան հրա­պա­րա­կին առ­ջեւ տե­ղադ­րո­ւած էր Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի տա­ղա­ւա­րը, ուր մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ան­ցորդ­նե­րուն՝ հայ թէ յոյն, ու մա­նա­ւանդ օ­տար­նե­րուն, տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին ­Հայ դա­տի վե­րա­բե­րեալ, մաս­նա­ւո­րա­բար ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճշմար­տու­թեանց կա­պակ­ցու­թեամբ:
Ե­րե­կո­յեան ժա­մը 06:30-ին ըն­թացք ա­ռաւ բո­ղո­քի ցոյ­ցը, շար­քե­րու խմբուա­ծու­թեամբ, մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ճշդա­պահ կար­գա­պա­հու­թեամբ եւ բարձ­րա­խօս­նե­րու ու մա­նա­ւանդ օ­րո­ւան կար­գա­խօս­նե­րը պար­զող ցու­ցա­պաս­տառ­նե­րու եւ ցու­ցա­տախ­տակ­նե­րու կող­քին՝ ե­ռա­գոյն դրօ­շով։ ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թիւ­նը իր բո­ղո­քի ցա­սու­մը յայտ­նեց ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան: Բ­նա­կա­նա­բար, ճամ­բու ըն­թաց­քին, ա­պա­հո­վու­թեան ոս­տի­կան­ներ հսկե­ցին ներ­կա­նե­րուն քայ­լեր­թին եւ օգ­տա­կար դար­ձան ճամ­բորդ­նե­րուն՝ ուղ­ղո­ւե­լու տար­բեր ճա­նա­պարհ­նե­րով: Երբ բո­ղո­քի ցու­ցա­րար­նե­րը մօ­տե­ցան թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան, այս ան­գամ եւս՝ ինչ­պէս միշտ, յոյն ոս­տի­կան­ներ ար­գելք հան­դի­սա­ցան յա­ռա­ջա­նա­լու դէ­պի հիւ­պա­տո­սա­րա­նի փո­ղո­ցը, հե­տե­ւա­բար, չար­տօ­նե­ցին նաեւ, որ ցոյ­ցը ներ­կա­յաց­նող պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը մօ­տե­նայ ու յանձ­նէ յու­շա­գի­րը, այլ՝ թե­լադ­րե­ցին պա­տի մը վրայ փակց­նել հա­յու­թեան պա­հանջ­նե­րը: ­Ցու­ցա­րար­նե­րը ա­ւե­լի բարձ­րա­ձայն հնչե­ցու­ցին ար­դա­րու­թեան ձայ­նի պա­հանջ­նե­րը: Ի վեր­ջոյ, ե­րի­տա­սարդ­նե­րը յու­նա­րէն լե­զո­ւով խօսք ա­ռին եւ ո­գե­շունչ ու խրա­խու­սիչ պատ­գամ­նե­րով յոր­դո­րե­ցին բո­լո­րին, վճռա­կամ քայ­լե­րով շա­րու­նա­կե­լու մեր եր­թը, յա­նուն ար­դա­րու­թեան, յա­նուն պա­հան­ջա­տէր մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն ու մա­նա­ւանդ յա­նուն մեր Ս. ­Նա­հա­տակ­նե­րու թա­փած ա­րիւ­նի ա­մէն մէկ կա­թի­լին փո­խա­րէն:
­Բո­ղո­քի ցոյ­ցը եզ­րա­փա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին քայ­լերգ­նե­րով:

ԹՂԹԱԿԻՑ