Բարեխօսական կարգ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ
Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն Բարեխօսական կարգը, հանդիսապետութեամբ շրջանիս հոգեւոր հովիւ հոգշ. Տ. Եղիա աբղ. Մալխասեանի, ընկերակցութեամբ երկու սարկաւագներու, ներկայութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթին Աբրահամեանի եւ անդամներուն, Հայ դատի յանձնախումբին, ազգ. հաստատութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, պետական, զինուորական, քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, երեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու:
Նշենք, որ եկեղեցւոյ կեդրոնը զետեղուած էր Ապրիլեան Ս. Նահատակներու նուիրուած փայտեայ շարժուն յուշարձանը, ցեղասպանութեան նահատակներու մասունքներով, ինչպէս նաեւ Թաղային խորհուրդին կողմէ զարդարուած ծաղիկներ: Եկեղեցական գոհաբանական արարողութեան աւարտին, բարձրաստիճան անձնաւորութիւնները, իրենց կարգին, մեր ժողովուրդին փոխանցեցին սրտի խօսք:
Ժողովրդային բողոքի ցոյց դէպի թրքական հիւպատոսարան
Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. երիտասարդական Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբին, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 06:30-էն սկսեալ Աղիաս Սոֆիասի հրապարակին առջեւ տեղադրուած երիտասարդական տաղաւարէն ընթացք առաւ ժողովրդային բողոքի ցոյց դէպի Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսարան, ներկայութեամբ հարիւրաւոր թեսաղոնիկահայ պատանիներու, երիտասարդներու, փոքրերու եւ տարէցներու, որոնք ներկայ եղան հայրենասիրական ոգիով եւ պատրաստակամ ուղղուելու տրամադրուածութեամբ:
Նշենք, որ Հինգշաբթի, 18 Ապրիլէն մինչեւ Հինգշաբթի, 25 Ապրիլ 2023, Աղիաս Սոֆիասի հրապարակին առջեւ տեղադրուած էր Երիտասարդական միութեան տաղաւարը, ուր անցորդներուն՝ հայ թէ յոյն, ու մանաւանդ օտարներուն, տեղեկութիւններ փոխանցեցուեցան Հայ դատի վերաբերեալ ու մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեանց կապակցութեամբ:
Երեկոյեան ժամը 06:30-ին, ընթացք առաւ բողոքի ցոյցը, շարքերու խմբուածութեամբ, մեր երիտասարդներու ճշդապահ կարգապահութեամբ եւ բարձրախօսներու ու մանաւանդ օրուան կարգախօսները պարզող ցուցապաստառներու եւ ցուցատախտակներու կողքին՝ եռագոյն դրօշով, թեսաղոնիկահայութիւնը իր բողոքի ցասումը յայտնեց ամբողջ տեւողութեան: Բնականաբար, ճամբու ընթացքին, ապահովութեան ոստիկաններ հսկեցին ներկաներուն քայլերթին եւ օգտակար դարձան ճամբորդներուն՝ ուղղուելու տարբեր ճանապարհներով: Երբ բողոքի ցուցարարները մօտեցան թրքական հիւպատոսարան, այս անգամ եւս՝ ինչպէս միշտ, յոյն ոստիկաններ արգելք հանդիսացան յառաջանալու դէպի հիւպատոսարանի փողոցը, հետեւաբար, չարտօնեցին նաեւ որ ցոյցը ներկայացնող պատասխանատուներու պատուիրակութիւնը մօտենայ եւ յանձնէ յուշագիրը, այլ՝ թելադրեց պատի մը վրայ փակցնել հայութեան պահանջները: Ցուցարարները աւելի բարձրաձայն հնչեցուցին արդարութեան ձայնի պահանջները: Ի վերջոյ, երիտասարդները յունարէն լեզուով խօսք առին եւ ոգեշունչ ու խրախուսիչ պատգամներով յորդորեցին բոլորին, վճռակամ քայլերով շարունակելու մեր երթը, յանուն արդարութեան, յանուն պահանջատէր մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու մանաւանդ յանուն մեր Ս. Նահատակներու թափած արեան ամէն մէկ կաթիլին փոխարէն:
Բողոքի ցոյցը եզրափակուեցաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի հանրապետութիւններու ազգային քայլերգներով:
Քաղաքական կեդրոնական ձեռնարկ
Կիրակի, 28 Ապրիլ 2024-ին, ժամը 11:30-ին, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Թեսաղոնիկէի Վելիտիոյի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքական կեդրոնական ձեռնարկ, ներկայութեամբ շրջանիս հոգեւոր հովիւ՝ հոգշ. Տ. Եղիա աբղ. Մալխասեանին, Թաղային խորհուրդի ատենապետին եւ անդամներուն, Թեսաղոնիկէի Հ.Հ. դեսպանատան հիւպատոսի ներկայագուցիչ Սարգիս Տակազեանի, ազգ. կառոյցներու եւ հաստատութիւններու, միութիւններու, ինչպէս նաեւ Յունաստանին հոգեւոր, քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւններու, յոյն ու հայ ժողովուրդի ներկայութեան:
Նշենք նաեւ, որ սոյն ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սերրեսի մեր հայրենակիցները:
Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարուեցաւ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ ընկ. Յովիկ Գասապեանին կողմէ: Ապա, հրաւիրուեցան քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւններ եւ իրենց ողջոյնի խօսքը փոխանցեցին ներկաներուն: Հ.Յ.Դ Յունաստանի Երիտ. միութեան «Ս. Թեհլիրեան» խումբի ուղերձը արտասանեց ընկ. Աննա-Մարիա Ալեքսանեան։ Մշակութային ծիրէն ներս, հանդէս եկաւ «Աղաբի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Էլէոնորա Գալայծիտուի, որ մեր ժողովուրդին հրամցուց կոմիտասեան եւ յունական ազգային ու հոգեւոր երգեր։
Ելոյթին բանախօսեց պատմաբան Քոնստանթինոս Սամուրքացիտիս «Հայոց ցեղասպանութիւն. պատմութեան յիշատակումի կարեւորութիւնը եւ մինչեւ այսօր շարունակուող անարդարութիւնը» խորագիրով: Ան լայնօրէն անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան, հայ ժողովուրդի կրած չարչարանքներուն ու տարապանքներուն մասին:
Ելոյթէն անմիջապէս ետք, բոլոր ներկաները, քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւնները, թափօր կազմած քայլարշաւ կատարեցին դէպի Երրորդ զօրաբանակի Անծանօթ զինուորի յուշարձանը՝ ծաղկեպսակներ զետեղելու համար:
Ժողովրդային թափորի սկիզբին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Թեսաղոնիկէի սկաուտական մասնաճիւղի խումբը, ազգային եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշները պարզած, առաջնորդեց երթը դէպի յուշարձան, ներկայացնելով տպաւորիչ պատկեր մը, որ գնահատուեցաւ բոլորին կողմէ։
Ելոյթը եզրափակուեցաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի հանրապետութիւններու ազգային քայլերգներու կատարումով: