­Յու­նաս­տա­նի մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ե­լոյթ­նե­րու ծի­րէն ներս, ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թիւ­նը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս նշեց մեր մէկ ու կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը, կազ­մա­կեր­պե­լով մեծ թի­ւով հրա­պա­րա­կա­յին եւ առ­ցանց ե­լոյթ­ներ։
­Թա­գա­վա­րա­կի ճնշիչ մթնո­լոր­տը պատ­ճառ չդար­ձաւ, որ կա­րե­ւոր եւ ծա­ւա­լուն ծրա­գիր­նե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւին հայ եւ յոյն հան­րու­թեան, ի­րա­զե­կե­լու հա­մար ան­պա­տիժ մնա­ցած՝ ­Թուր­քիոյ կող­մէ գոր­ծո­ւած ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին։ ­Բո­լոր ե­լոյթ­նե­րը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի հա­մադ­րու­մով եւ գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ղ.­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի եւ «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի։

Առ­ցանց կլոր սե­ղա­նի զրոյց

­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ «­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, Ուր­բաթ՝ 23 Ապ­րիլ 2021-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8։00-էն սկսեալ, տե­ղի ու­նե­ցաւ առ­ցանց կլոր սե­ղա­նի զրոյց, նիւթ ու­նե­նա­լով՝ «Ապ­րում եւ յի­շո­ղու­թիւն. 1915-ի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թո­ղած հետ­քը ա­րո­ւես­տին վրայ»։ ­Սոյն կլոր սե­ղա­նին հրա­ւի­րուած էին 5 հայ եւ յոյն անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ Եան­նիս ­Քէ­սո­փու­լոս, Եոր­ղոս-Իու­լիոս ­Փա­փա­տո­փու­լոս, Է­տո­ւար­տօ ­Սա­քա­լեան, ­Յա­կոբ ­Ճե­լա­լեան եւ Ար­մէ­նու­հի ­Գաս­պա­րեան։ Օ­րո­ւան հա­ղոր­դա­վարն էր ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լով ու հան­րու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լով հրա­ւի­րեալ­նե­րը, մեկ­նար­կը դրաւ օ­րո­ւան առ­ցանց կլոր սե­ղա­նի զրոյ­ցին։
Օ­րո­ւան հա­ղոր­դա­վա­րի ճար­տա­րու­թե­նէն մեկ­նած, առ­ցանց ե­լոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ 3 ժա­մուան տե­ւո­ղու­թիւն, յու­նա­րէն լե­զո­ւով, ուր հրա­ւի­րեալ­նե­րը ի­րենց ներ­կա­յա­ցում­նե­րով, կար­ծիք­նե­րով, պատ­կեր­նե­րով, փաս­տա­թուղ­թե­րով կա­րո­ղա­ցան ար­տա­յայ­տո­ւիլ մշա­կոյ­թին ու ա­րո­ւես­տին վրայ 1915-ի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թո­ղած հետ­քե­րուն մա­սին։ Ա­ւար­տին, ընկ. ­Գա­սա­պեան, «­Հա­մազ­գա­յին»ի վար­չու­թեան ա­նու­նով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հրա­ւի­րեալ­նե­րուն եւ փակ­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ։

­Բա­րե­խօ­սա­կան կարգ
«Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ

­Շա­բաթ՝ 24 Ապ­րիլ 2021-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։00-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րուն բա­րե­խօ­սա­կան կար­գը, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս ծ. վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի, ներ­կա­յու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, պե­տա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ե­րես­փո­խան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու, նկա­տի ու­նե­նա­լով երկ­րէն ներս հա­մա­ճա­րա­կի տա­րած­ման դէմ պե­տու­թեան առ­նո­ւած ո­րո­շում­նե­րը։
Ն­շենք, որ ե­կե­ղեց­ւոյ կեդ­րո­նը զե­տե­ղո­ւած էր ապ­րի­լեան ս. նա­հա­տակ­նե­րու նո­ւի­րո­ւած փայ­տեայ շար­ժուն յու­շար­ձա­նը, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու մա­սունք­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ զար­դա­րո­ւած ծա­ղիկ­ներ։
Ե­կե­ղե­ցա­կան գո­հա­բա­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ե­լոյ­թը։ Ապ­րի­լեան ս. ­նա­հա­տակ­նե­րու ո­գե­կոչ­ման առ­թիւ իր խօս­քը փո­խան­ցեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մար­զա­յին շրջա­նի փոխ­մարզ­պե­տու­հի տիկ. ­Փա­րաս­քէ­վի ­Փա­թու­լի­տու։ ­Բա­րե­խօ­սա­կան պաշ­տօ­նա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք, բո­լոր հիւ­րե­րու ներ­կա­յու­թեան Գ. զօ­րա­բա­նա­կի յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ծաղ­կեպ­սա­կի զե­տե­ղում։

Ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւն

Ար­դէն սո­վո­րու­թիւն դար­ձած, ա­մէն տա­րի, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կո­չում­նե­րու ծի­րէն ներս, կը կա­տա­րո­ւի ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւն։
Այս տա­րի եւս, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Գ.Խ.-ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղին, ­Շա­բաթ՝ 24 Ապ­րիլ 2021-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9։30-13։30, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնո­ւող «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւն։ ­Մեծ թի­ւով հայ եւ յոյն ան­ձեր ներ­կա­յա­ցան ի­րենց տուր­քը մա­տու­ցե­լու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին։

­Բո­ղո­քի նստա­ցոյց եւ
մո­մա­վա­ռու­թիւն

­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին, ­Շա­բաթ,՝ 24 Ապ­րիլ 2021-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։00-էն սկսեալ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս­պի­տակ Աշ­տա­րակ»ի առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ բո­ղո­քի նստա­ցոյց եւ մո­մա­վա­ռու­թիւն։
­Նոյն գի­շեր, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հետ յա­տուկ կար­գադ­րու­թեամբ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս­պի­տակ Աշ­տա­րակ» պատ­մա­կան կո­թո­ղը լու­սա­ւո­րո­ւե­ցաւ ե­ռա­գոյ­նով, տպա­ւո­րիչ պատ­կեր մը ստեղ­ծե­լով ե­րե­կո­յեան ու գի­շե­րո­ւան խորհր­դա­ւո­րու­թեան մէջ։ ­Մինչ այդ, խումբ մը հայ­րե­նա­կից­ներ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Լան­կա­տա շրջա­նէն, ի­րենց անձ­նա­կան ինք­նա­շարժ­նե­րով, ե­ռա­գոյն դրօշ­ներ բարձր պար­զած, պե­տա­կան մար­մին­նե­րու հսկո­ղու­թեամբ, ի­րենց եր­թի սկիզ­բը դրին, շրջե­լով գրե­թէ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի կեդ­րո­նա­կան մայր պո­ղո­տա­նե­րէն եւ հա­սան «Ս­պի­տակ Աշ­տա­րակ»ին առ­ջեւ ու միա­ցան բո­ղո­քի նստա­ցոյ­ցին։

Տ­պա­ւո­րիչ հա­մերգ

Օ­րո­ւան ե­լոյթ­նե­րուն շար­քը իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ տպա­ւո­րիչ հա­մեր­գով մը՝ նո­ւի­րո­ւած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-ա­մեա­կին։
­Թե­սա­ղո­նի­կէի սիմ­ֆո­նիք նո­ւա­գա­խում­բը, համ­բաւ վա­յե­լող ե­րա­ժիշտ ­Միլ­թոս ­Լո­ղիա­տի­սի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մեր­գաս­րա­հի տպա­ւո­րիչ բե­մէն հան­դէս ե­կաւ հայ եւ յոյն յօ­րի­նող­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, իսկ մի­ջազ­գա­յին բե­մե­րու վրայ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով պսա­կո­ւած յու­նա­հայ համ­բա­ւա­ւոր սոփ­րա­նօ ­Սի­րան ­Չա­լը­քեան, իր ո­գե­շունչ մեկ­նա­բա­նու­թեամբ եւ քաղց­րաթր­թիռ ձայ­նով, եր­գեց հայ­կա­կան հո­գե­ւոր մե­ղե­դի­ներ։ Ե­լոյ­թը ծաղ­կե­ցաւ նաեւ հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն աս­մունք­նե­րով, ո­րոնք խոր ապ­րու­մով եւ յու­զա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով կա­տա­րո­ւե­ցան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի պե­տա­կան թատ­րո­նի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տնօ­րէն ­Նի­քոս ­Քո­լո­վո­սի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի վար­չու­թեան ան­դամ Ա­րաք­սիա ­Գա­նա­պե­տեա­նի կող­մէ։
Ե­լոյ­թին հա­մար, յա­տուկ ու­շադ­րու­թեամբ ընտ­րո­ւած էին հայ եւ յոյն յօ­րի­նող­նե­րու ստեղ­ծա­գորղ­ծու­թիւն­նե­րը։ Այս­պէս, կար­գով ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան Է­դո­ւարդ ­Միր­զո­յեա­նի «­Շու­շա­նիկ» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, Խ­րիս­թոս ­Խա­ծի­սի «­Լոյս ­Խա­չէն» հայ­կա­կան հո­գե­ւոր մե­ղե­դի­նե­րու վրայ հիմ­նո­ւած իւ­րա­յա­տուկ յօ­րի­նու­մը եւ Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի «Ս­փար­թակ» հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նա­չո­ղու­թիւն ու­նե­ցող պա­լէէն բա­ժին մը։
­Թե­սա­ղո­նի­կէի սիմ­ֆո­նիք նո­ւա­գա­խում­բը ցոյց տո­ւաւ իր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան եւ կա­տա­րո­ղա­կան բարձր մա­կար­դա­կը, իսկ հայ սի­րո­ւած երգ­չու­հի ­Սի­րան ­Չա­լը­քեա­նի մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը ե­րան­գա­ւո­րեց հո­գե­ւոր մե­ղե­դի­նե­րու հո­գեզ­մայլ կա­ռու­ցո­ւածքն ու ե­րաժշ­տա­կան խո­րու­թիւ­նը:
Ն­շենք, որ ե­լոյ­թի սփռու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ամ­բողջ ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին պե­տա­կան EPT3 հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նին կող­մէ, իսկ ա­նոր ի­րա­գոր­ծու­մը կա­րե­լի ե­ղաւ շնոր­հիւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մեր­գաս­րա­հի նոր գե­ղա­րուես­տա­կան տնօ­րէն, հա­յազ­գի համ­բա­ւա­ւոր ջու­թա­կա­հար Խ­րիս­թոս ­Ղա­լի­լէա­սի ջան­քե­րուն։ Ե­լոյ­թի սկիզ­բին, ան նաեւ հան­դէս ե­կաւ խօս­քով, ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար յայ­տա­գի­րի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը եւ ե­լոյ­թի նպա­տա­կը։

­Վա­ւե­րագ­րա­կան ե­լոյթ

Ա­ւագ Եր­կու­շաբ­թի եւ Ե­րեք­շաբ­թի, 26-27 Ապ­րիլ 2021-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9։00-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի TV-100 հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նէն, տե­ղի ու­նե­ցաւ վա­ւե­րագ­րա­կան ե­լոյ­թի մը հա­ղոր­դու­մը, նո­ւի­րո­ւած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-ա­մեա­կին։ ­Սոյն հա­ղոր­դու­մին ներ­կա­յա­ցան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րապ­րող­նե­րուն յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք անդ­րա­դար­ձան ի­րենց ապ­րում­նե­րուն, յի­շա­տակ­նե­րուն եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի յա­րա­տեւ պայ­քա­րի կա­րե­ւո­րու­թեան։ ­Ներ­կա­յա­ցու­մի ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կան հա­յազ­գի ծա­նօթ դե­րա­սա­նու­հի Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ ­Յա­րու­թիւն Աբ­րա­հա­մեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մեր­գաս­րա­հի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տնօ­րէն Խ­րիս­թոս ­Ղա­լի­լէաս, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու «Collgate» հա­մալ­սա­րա­նի մար­դա­սի­րա­կան ու­սուց­ման դա­սա­խօս եւ հան­րա­ծա­նօթ գրող ­Փի­թըր ­Պա­լա­քեան, ինչ­պէս նաեւ եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ ընկ. ­Տիգ­րան Պ­լէ­ճեան, ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեան եւ ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան։ Ե­լոյ­թի հա­ղոր­դա­վարն էր Եան­նիս ­Քե­սո­փու­լոս։ ­Բո­լոր խօ­սող­նե­րը ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան ի­րենց նախ­նի­նե­րուն կող­մէ փո­խան­ցո­ւած յու­շե­րուն մա­սին, ներ­կա­յաց­նե­լով սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցո­ւող ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­հա­ւոր տե­սա­րան­նե­րը եւ անձ­նա­կան դառն ապ­րում­նե­րը, իսկ փրոֆ. ­Պա­լա­քեան խօ­սե­ցաւ ­Թուր­քիոյ ան­պատ­ճե­լիու­թեան եւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­հա­տոյց մնա­ցած ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թեան մա­սին։

«­Թող մեր նա­հա­տակ­նե­րուն թա­փած ան­մեղ ա­րիւ­նը եր­բե՛ք մեր ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակ­ցու­մին

մէջ մո­ռա­ցու­թեան չտրո­ւի»

«­Յի­շա­տակն ար­դա­րոցն օրհ­նու­թեամբ ե­ղի­ցի»

ԹՂԹԱԿԻՑ