­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բին, ­Կի­րա­կի՝ 11 ­Հոկ­տեմ­բեր 2020-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 15։00-18։00, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս­պի­տակ Աշ­տա­րակ»ին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ բո­ղո­քի հա­ւաք՝ ընդ­դէմ թուրք-ա­զե­րիա­կան շա­րու­նա­կա­կան յար­ձակ­ման, ինչ­պէս նաեւ դրա­մա­հա­ւաք՝ հայ­րե­նի­քի ու Ար­ցա­խի մէջ պայ­քար մղող հա­յոց բա­նա­կին ու քա­ջա­րի հե­րոս­նե­րուն։
­Սոյն ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին ո՛չ միայն ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թիւ­նը, այլ նաեւ ազգ. կա­ռոյց­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, յոյն նախ­կին ե­րես­փո­խան­ներ եւ այլ քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք հան­դէս ե­կան դա­տա­պար­տե­լով թուրք-ա­զե­րիա­կան զի­նակ­ցու­թիւ­նը, միա­ժա­մա­նակ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին ­Հայ ժո­ղո­վուր­դին։
Սր­տի խօս­քե­րուն մի­ջեւ լսո­ւե­ցան յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան քայ­լերգ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ազ­գա­յին ու յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու շա­րան մը։ ­Քա­ջա­լե­րա­կան խօս­քեր ար­տա­սա­նո­ւե­ցան ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի, Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան եւ կա­մա­ւոր ան­հատ­նե­րու կող­մէ։ Իր սրտի ու քա­ջա­լե­րիչ խօս­քը ուղ­ղեց նաեւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Հայր սուր­բը։ Ս­կիզ­բէն «Ս­պի­տակ Աշ­տա­րակ»ին առ­ջեւ տե­ղադ­րո­ւած էր Ար­ցա­խի դրօ­շով զար­դա­րո­ւած դրա­մա­հա­ւա­քի փակ արկ­ղը, ուր հա­յոր­դի­ներ եւ յոյն ներ­կա­ներ, այ­լեւ օ­տար­ներ ձեռ­քեր­նին պար­զած ե­ռա­գոյն դրօ­շով ի­րենց սրտա­բուխ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­ցին առ ի զօ­րա­ցու­թիւն մեր հա­յոց բա­նա­կին։ Կր­նանք հաս­տա­տել, որ ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թիւ­նը իր մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ օ­ժան­դա­կու­թեամբ, ան­գամ մը եւս նե­ցուկ կանգ­նե­ցաւ հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան ու հա­յոց բա­նա­կին։
Բ­նա­կա­նա­բար, բո­ղո­քի հա­ւա­քի եւ դրա­մա­հա­ւա­քի ըն­թաց­քին ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն մօ­տե­ցան լրագ­րող­ներ եւ հե­ռա­տե­սի­լի կա­յան­ներ, տրո­ւե­ցան փոքր հար­ցազ­րոյց­ներ ու գո­հա­ցու­ցիչ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ օ­րո­ւան ձեռ­նար­կին մա­սին։ Ա­ւար­տին, գլխա­ւո­րու­թեամբ հայր սուր­բին եւ ներ­կա­յու­թեամբ ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն եւ կա­մա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, արկ­ղը փո­խադ­րո­ւե­ցաւ «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրահ, ուր հա­ւա­քո­ւած պատ­շաճ ու օ­րի­նա­կե­լի գու­մա­րը հա­շո­ւե­լէ ետք, մու­ծո­ւե­ցաւ տո­ւեալ «­Հա­յաս­տան ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րամ»ի հա­շո­ւե­հա­մա­րին։
«Ապ­րի՛ք, հա­զար ապ­րիք, ձեր բո­լո­րին վարձ­քը կա­տար»

ԹՂԹԱԿԻՑ