Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը հաղորդենք, թէ Չորեքշաբթի, 20 Մարտ 2024-ի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի պիտի ունենայ Մեծ Պահքի առաջին Արեւագալի-Ապաշխարութեան Ժամերգութիւնը Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ:
Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ եւ օրուան խորհրդածութիւնը
կատարէ, Յունաստանի Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԱՆ
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու այս հոգեպարար արարողութեան եւ լսելու Առաջնորդ Սրբազան հօր օրուան պատգամը:
Պիտի յաջորդէ թէյասեղան եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, պատրաստութեամբ եկեղեցանուէր Տիկնանց մարմնոյ անդամուհիներուն:
Ս. Յովհ. Կարապետ Եկեղեցի