Կիրակի՝ 14 Յունուար 2018ի առաւօտեան ժամը 10։30ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, կազմակերպութեամբ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան անդամուհիներուն, եկեղեցւոյ յարակից «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցան 2018 տարուան գաթայի կտրման պաշտօնական կատարումն ու պատշաճ հիւրասիրութիւնը, ներկայութեամբ՝ թեսաղոնիկահայ հաւատացեալներու, ինչպէս նաեւ գաղութի բոլոր հաստատութիւններու, կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն։ Պաշտօնական կատարումին ներկայ էր նաեւ շրջանի Հոգեւոր Հովիւը։
Առաջին հերթին, Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի տիկ. Վերգին Աւետիսեան յունարէն լեզուով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց բոլորի Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը եւ մաղթեց առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։
Ապա՝ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան հրաւիրուեցաւ իր սրտի խօսքը փոխանցելու ներկաներուն։ Հայր Սուրբը նշեց, թէ՝ «այս օրերուն, երբ տակաւին կը շարունակենք զիրար ողջունել Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բարեմաղթանքներ կատարելով, ահաւասիկ անգամ մը եւս կը հաւաքուինք եւ կը կատարենք աւանդական գաթայի կտրումը. կարծէք գաթա՛ն մեզ կը համախմբէ՝ իրարու աւելի մօտենալու, զիրար աւելի ճանչնալու եւ իրարու հետ լաւ ու սերտ յարաբերութիւններ մշակելու…։
Միշտ կողք-կողքի մնանք, զիրար սիրենք, ներենք եւ նոյն ոգիով շարունակենք մեր ծառայութիւնը բերել մեր ժողովուրդին…»։ Ան անգամ մը եւս շնորհաւորեց բոլորը անխտիր, ինչպէս նաեւ Տիկնանց Միութեան անդամուհիները եւ, առիթը օգտագործելով, յիշեց յաջորդ օրուան Սուրբ Յովհաննու Կարապետի տօնը՝ շնորհաւորելով բոլոր Յովհաննէս եւ Կարապետ անուն կրողները, ինչպէս նաեւ նախօրեակին՝ մեր տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անուանակոչութեան տօնին առիթով, շնորհաւորեց նաեւ բոլոր Էմմանուէլ, Քրիստոս, Աւետիս, Նազարէթ, Մկրտիչ, Օննիկ անուն կրողները եւ բոլորին մաղթեց առողջութիւն, յաջողութիւն եւ շա՜տ տարիներ։
Աւարտին, Տիկնանց Միութեան անդամուհիները, Հայր Սուրբին հետ միասին կտրեցին 2018 տարուան գաթան եւ բաժնեցին ներկաներուն։
Թեսաղոնիկէի Տիկնանց Միութեան գաթայի կտրումը
Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը կատարեց գաթայի կտրում