Կիրակի՝ 5 Փետրվար 2017ին, «Վ. եւ Վ. Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Հ.Գ.Խ. Թեսաղոնիկէի «ԱՆԻ» մասնաճիւղի անդրանիկ անդամական ժողովը եւ Գաթայի կտրումը։
Ըստ Օրակարգին՝ ընկերուհի Սիլվա Գասեմեան բացաւ ժողովը եւ իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց բոլոր ներկաներուն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով, թէ բոլորն ալ, անտեսելով երկրին մէջ տագնապալի տնտեսական ճգնաժամը, կը շարունակեն ամուր կանգնիլ միութեանս կողքին եւ սատարել մեզի՝ մեր ազգօգուտ գործունէութեան մէջ։
Այնուհետեւ, ընկ. Իրէն ներկայացուց միութեան եռամսեայ գործունէութեան համառօտ տեղեկագիրը՝ յատկապէս անդրադառնալով Նոր Տարուան պազարի կատարեալ յաջողութեան եւ կազմակերպումին՝ համագործակցաբար դպրոցի նորաստեղծ ծնողական միութեան հետ։
Իսկ ընկ. Աննա Կասապին ներկայացուց նիւթական համառօտ տեղեկագիրը։ Ընկերուհի Գասեմեան անդամներուն ներկայացուց նաեւ վարչութեան քառամսեայ գործունէութեան ձեռնարկներու յայտագիրը եւ անգամ մը եւս խնդրեց ներկաներէն իրենց մասնակցութեամբ աջակցելու մեր միութեան։
Այնուհետեւ, խօսքը փոխանցուեցաւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի ընկերուհի Նուէր Տերէյեանին, որ իր հերթին ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «ԱՆԻ» մասնաճիւղի վարչութեան՝ նման գեղեցիկ հաւաք կազմակերպելուն համար, իսկ այնուհետեւ յանձնեց «Հ.Օ.Մ.»ի կրթաթօշակը Ռաիսա Արութիւնովային՝ անոր մաղթելով յաջողութիւններ ամէն ասպարէզի մէջ։
Վարչութեան կողմէ Հայր Սուրբը հրաւիրուեցաւ իր խօսքը ուղղելու ներկաներուն, իսկ միասնական աղօթքէն ետք՝ վարչութիւնը կտրեց գաթան։
Ժողովը բազմամարդ էր, բաւական ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտին մէջ, ինչ որ դրական արձագանգ գտաւ թէ՛ վարչութեան եւ թէ միութեան անդամներու սիրտերուն մէջ։
Ընկերուհիներու վարձքը կատար։
Թեսաղոնիկէի Հ.Գ.Խ.
Հ.Գ.Խ. Թեսաղոնիկէի «ԱՆԻ» մասնաճիւղի անդամական ժողով եւ Գաթայի կտրում