Շաբաթ՝ 19 Յունուար 2019ի կէսօրուան ժամը 12ին, Հ.Գ.Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը իրենց Նոր Տարուան առաջին շաբաթը, Ուսուցչարանէն ներս, կտրեցին իրենց գաթան՝ իրարու հետ բարեմաղթանքներ ու շնորհաւորութիւններ փոխանակելով։ Գաթայի մէջ գտնուող մետաղադրամը յայտնուեցաւ դպրոցի ուսուցիչներէն տիկ. Մարիամ Դանիէլեանի մօտ եւ ան դպրոցի տնօրէնուհիին կողմէ ստացաւ գեղեցիկ նուէր մը։
Յայտնենք, որ սոյն ուրախ առիթին ներկայ էին նաեւ Թեսաղոնիկէի Հոգեւոր Հովիւն ու Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներ։
Դպրոցի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը շնորհաւորեցին տիկ. Մարիամ Դանիէլեանը՝ մաղթելով անոր երջանիկ եւ ուրախ օրեր, առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։
Թեսաղոնիկէի դպրոցը կտրեց Նոր Տարուան գաթան
Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը կտրեցին Նոր Տարուան գաթան