Կազմակերպութեամբ Հայ Գթութեան Խաչի հովանաւորութիւնը վայե-լող Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» Ծաղկոց շաբաթօրեայ դպրոցին, Շաբաթ՝ 21 Ապրիլ 2018ի առաւօտեան ժամը 11։30ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 103րդ ամեակի ծիրէն ներս, դպրոցի աշակերտները բողոքի լուռ ցոյցով ու երթով, դպրոցէն դէպի հարաւ գացող ճանապարհով, քայլարշաւ կատարեցին: Այս ձեւով իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ. Յ. Դ. Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած տաղաւարին՝ «Սպիտակ Աշտարակ»ին առջեւ, ներկայութեամբ ծնողներու, ուսուցիչներու, հայրենակիցներու, շրջանէն ներս գործող միութիւններու, հաստատութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հաւատացեալ հոծ բազմութեան։ Ներկայ էր նաեւ շրջանիս հոգեւոր հովիւը։ Աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ, ներկայացուցին հայկական աւանդական պարեր, արտասանութիւններ եւ ազգային երգեր։
Աւարտին, անոնք հայկական դրօշակի երեք գոյներով փուչիկներ արձակեցին դէպի երկինք, զանոնք նուիրելով Ս. նահատակներու յիշատակին։
Թղթակից