Ուր­բաթ՝ 8 ­Հոկ­տեմ­բեր 2021-ին, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ազգ. վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, նշո­ւե­ցաւ թարգ­ման­չաց ­Սուրբ վար­դա­պե­տաց տօ­նը։ ­Հարկ է նշել, թէ քո­րո­նա հա­մա­ճա­րա­կէն յա­ռա­ջա­ցած ա­ռող­ջա­պա­հա­կան պատ­ճառ­նե­րով, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի ո­րո­շու­մով, սոյն տօ­նը այս տա­րի նշո­ւե­ցաւ ­Կի­րա­կի օր Ս. պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին։ Տ­նօ­րէ­նու­թեան հրա­ւէ­րով եւ ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր տնօ­րի­նու­թեամբ, ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00-ին, վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ 5-րդ­ եւ 6-րդ ­դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան հետ ու­նե­ցաւ մօտ մէկ ժա­մուան տե­ւո­ղու­թեամբ շա­հե­կան ու հե­տարք­րա­կան զրոյց մը։
Տ­նօ­րէ­նու­հի տիկ. ­Հայ­կան ­Մի­նա­սեա­նի բաց­ման ու բա­րի գալս­տեան խօս­քէն ետք, ­Պա­րէտ քա­հա­նայ հայ­րը նախ ըն­թեր­ցեց ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեա­նի, ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մին եւ յատ­կա­պէս ա­շա­կեր­տու­թեան ուղ­ղած թարգ­ման­չաց տօ­նի յա­տուկ պատ­գա­մը։
Սր­բա­զան հայ­րը, փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար մատ­չե­լի լե­զո­ւով ընդգ­ծեց հե­տե­ւեալ­նե­րը։
«Ին­չու՞ հա­մար այդ­քան տա­րի­ներ յե­տոյ տա­կա­ւին մենք հա­յերս շատ մեծ ու­րա­խու­թեամբ եւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը տօ­նենք հա­յե­րէն գի­րե­րու այս տօ­նը։ Ա­մէն տա­րի ան­պայ­ման բո­լոր հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն մէջ այս տօ­նը մեծ կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը յի­շա­տա­կենք, հայ­կա­կան դպրո­ցի ու­սու­ցիչ­նե­րը ա­շա­կերտ­նե­րուն կը պատ­մեն, կը բա­ցատ­րեն Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցին ը­րած այս կա­րե­ւոր յա­ջո­ղու­թիւ­նը։
Ո­րով­տե­տեւ Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց նախ եւ ա­ռաջ հայ­կա­կան դպրոց­ներ շի­նեց եւ բա­ցաւ, ձեր այս դպրո­ցին պէս եւ հայ պզտիկ­նե­րը սկսան հայ­կա­կան դպրոց եւ եր­թալ եւ հա­յե­րէն լե­զու սոր­վիլ, հա­յոց պատ­մու­թիւն սոր­վիլ։ Եւ ոչ միայն ­Հա­յաս­տա­նի մէջ սկսան հայ­կա­կան դպրոց­ներ բա­ցո­ւիլ, այլ այն բո­լոր եր­կիր­նե­րուն մէջ ուր հա­յեր կ­՚ապ­րին, ինչ­պէս դուք կ­՚ապ­րիք ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, ու­րիշ պզտիկ­ներ Եւ­րո­պա­յի մէջ եւ աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րը։
Ինչ­պէս որ յոյ­նե­րը ու­նին ­Մեծն Ա­լեք­սանտ­րը (­Մե­ղա­լեք­սանտ­րոն), այն­պէս ալ հա­յե­րը ու­նին Ս. ­Մաշ­տո­ցը։ Այն տար­բե­րու­թեամբ սա­կայն, որ ­Մեծն Ա­լեք­սանտ­ր իր զօ­րու­թիւ­նը, ու­ժը ու­նէր իր զի­նո­ւո­րա­կան բա­նակ­նե­րուն եւ զէնք­նե­րուն մէջ, իսկ Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց իր ու­ժը մին­չեւ այ­սօր ալ ու­նի հա­յե­րէն գի­րե­րու այ­բու­բէ­նին մէջ, քա­նի որ հայ ժո­ղո­վուր­դին ու­ժը իր հա­յե­րէն լե­զուն է եւ 1615 տա­րի­նե­րէ ի վեր հայ ժո­ղո­վուր­դը գո­յու­թիւն ու­նի, կ­՚ապ­րի շնոր­հիւ իր հա­յե­րէն լե­զո­ւին։ ­Քա­նի որ ա­մէն մէկ հայ ա­շա­կերտ Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի քաջ զի­նո­ւոր է»։
­Յա­ջոր­դա­բար, ­Տէր հայ­րը ներ­կա­յա­ցուց թարգ­ման­չաց տօ­նի պատ­մա­կա­նը եւ կա­տա­րեց ար­ժե­ւո­րու­մը։ ­Քա­հա­նայ հայ­րը իր խօս­քին մէջ յա­տուկ շեշ­տը դրաւ ինք­նու­թեան ու պատ­կա­նե­լիու­թեան կա­րե­ւոր կէ­տե­րուն վրայ։ Ան յայտ­նեց, թէ ա­նուն ու մա­կա­նու­նին, հայ­րե­նի­քին ու կրօն­քին կող­քին, մայ­րե­նի լե­զուն՝ հա­յե­րէ­նը, իւ­րա­քան­չիւր հա­յու գո­յու­թեան հի­մե­րէն ու գո­յա­տեւ­ման մի­ջոց­նե­րէն մին կը հան­դի­սա­նայ։
Ան յա­տուկ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր ուղ­ղած պատ­գա­մի կա­րե­ւո­րու­թեան ու ի­մաս­տին։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը, թարգ­ման­չաց տօ­նը կը կո­չէ իւ­րա­քան­չիւր հա­յու եւ ի մաս­նա­ւո­րի իւ­րա­քան­չիւր հայ ա­շա­կեր­տին տօ­նը։ ­Նո­րա­նոր հայ սե­րունդ­ներ պատ­րաս­տե­լու սրբա­զան ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ, հա­յե­րէն լե­զուն կը հան­դի­սա­նայ որ­պէս ան­փո­խա­րի­նե­լի ար­ժէք եւ հիմ­նա­կան պայ­ման։
Զ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին, քա­հա­նայ հայ­րը ա­շա­կերտ­նե­րուն լայն ա­ռի­թը ըն­ծա­յեց տօ­նին կա­պակ­ցու­թեամբ ի­րենց հար­ցում­նե­րը ուղ­ղե­լու, ինչ­պէս նաեւ ի­րենց կար­ծիք­ներն ու տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ար­տա­յայ­տե­լու։ Եւ հարկ է նշել, թէ սոյն պա­հը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծեց ա­նոնց մօտ։
Ա­ւար­տին, ա­շա­կերտ­նե­րը ծա­փա­հա­րու­թեամբ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին քա­հա­նայ հօր ու ան­ցան ի­րենց դա­սա­րան­նե­րը։
­Թարգ­ման­չաց ­Սուրբ վար­դա­պե­տաց տօ­նի ծի­րէն ներս, Ե­րեք­շաբ­թի՝ 12 ­Հոկ­տեմ­բեր 2021-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11։00-ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ազգ. վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կերտ­նե­րը, Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ եր­գե­ցին տօ­նին նո­ւի­րո­ւած «ԱԲԳ» եր­գը, պատ­րաս­տու­թեամբ ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի տիկ. Ա­նի Ա­բի­կեա­նի։ Ա­ւար­տին, ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց ու քա­ջա­լե­րեց փոք­րիկ­նե­րը։

ԹՂԹԱԿԻՑ