Թրքական անհիմն հետապնդումներէն Յունաստան ապաստանած պոլսահայ յայտնի լեզուաբան Սեւան Նշանեան, Twitterի իր էջին վրայ, զետեղած է թուրք յայտնի պատմաբան Թանէր Աքչամի հետ իր նկարը: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am։ «Թանէր Աքչամի հետ՝ Թուրքիոյ ապագային հետ կապուած ծրագիրներ կազմելու ընթացքի մէջ ենք: Չանհանգստանաք, լաւ պիտի ըլլայ»,- գրած է Նշանեան՝ նկարին տակ։
Նշենք, որ Թանէր Աքչամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապացուցող բազմաթիւ պատմական աշխատութիւններու հեղինակ է:
Թանէր Աքչամ հանդիպած է Սեւան Նշանեանի հետ
Թանէր Աքչամ հանդիպած է Սեւան Նշանեանի հետ