25 Յուլիս 1971-ին, երկարատեւ հիւանդութենէ մը ետք, իր մահկանացուն կնքեց աթենահայ ծանօթ ազգային՝ Յունաստանի Կապոյտ Խաչի ջերմ ու անկեղծ բարեկամ ու բարերար Թագւոր Աւետիքեան:
Հանգուցեալը ծնած էր Իզմիր 1883-ին: Կանուխէն կորսնցուցած ըլլալով հայրը՝ Երեմիա Աւետիքեանը, նախակրթութիւնը աւարտելէ անմիջապէս յետոյ ստիպուած էր նետուիլ գործի ասպարէզ:
Նախ եղած էր պաշտօնեայ համբաւաւոր Սիվրիհիսարլեան-Ազնաւորեան կերպասեղէնի հաստատութեան մէջ, ապա՝ հազիւ 22 տարեկանին հաստատած էր անձնական գործ, — Եւրոպայի հետ ներածումի եւ արտածումի առեւտրական գրասենեակ: Իր աշխատասիրութեան եւ արթնամտութեան շնորհիւ, Թագւոր Աւետիքեան իրեն համար բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելէ ետք, 1910-ին ամուսնացած էր Պոլուպէյեան ընտանիքէն ազնիւ ու պարկեշտ հայուհի մը՝ օր. Ռոզայի հետ ու կազմած ընտանեկան երջանիկ բոյն մը:
Փոքրասիական աղէտէն ետք, 1922-ին, հազարաւորներու հետ ապաստանած էր այս ասպնջական ափերը բազմանդամ ընտանիքով ու գրեթէ կիսամերկ:
Զանազան գործեր փորձելէ ետք, Թագւոր Աւետիքեան, յամառ ու տքնաջան աշխատանքով յաջողած էր ստեղծել բարեկեցիկ կեանք մը: Իր առեւտրական գործերուն զուգընթաց, Թագւոր Աւետիքեան ունեցած էր նաեւ հանրային գործունէութիւն:
Գոքինիոյ Հ.Կ.Խաչի կազմութեան առաջին օրերուն 1926-ին, Աւետիքեան եղած էր մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ տեղւոյն եկեղեցիին եւ դպրոցին հոգաբարձու եւ աշխատած եռանդով ու նուիրումով: Տարի մը վերջ, 1927-ին, եղած էր Գոքինիոյ Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» վարժարանի գլխաւոր հիմնադիրներէն եւ վարժարանի նորակառոյց շէնքը արձանագրուած էր իր անունին: Թագւոր Աւետիքեան 1956-ին եղած էր Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ եւ ստանձնած՝ գանձապահի պաշտօնը: Ամբողջ քառասուն տարի, Թագւոր Աւետիքեան իր բարոյական ու նիւթական աջակցութիւնը ընծայած էր Աթէնքի եւ Բիրէայի մեր եկեղեցական, կրթական եւ ազգային գործերուն: Երկու շրջան, եղած էր Աթէնքի ընտրեալ պատգամաւոր Թեմական ժողովին ու նաեւ անդամ՝ հաշուեքննիչ մարմինի:
Տարիներու յամառ եւ սպառիչ աշխատանքով՝ Թագւոր Աւետիքեան տիրացած էր երկու շէնքերու, մէկը Աթէնքի մօտ Նէոս Գոզմոս թաղամասին մէջ երկյարկանի տուն մը, ուր կը բնակէր 1930-էն 1952 եւ միւսը Այիա Փարասքէվի արուարձանին մէջ եռայարկ ամարանոց մը, ուր կը բնակէր մինչեւ վերջերս, իր կեանքի ընկերոջ՝ տիկին Ռոզային հետ: Այս երկու շէնքերը, տէր եւ տիկին Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան 1965-ին նուիրած էին Յունաստանի Հ.Կ.Խաչին, փափաք յայտնելով, որ յառաջիկային անոնց փոխարժէքով՝ հայ երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան համար, Աթէնքի մէջ կառուցուի արդիական բոլոր յարմարութիւններով օժտուած ընդարձակ սրահ մը՝ որ կոչուի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահ:
Այս իշխանական նուիրատուութեան առթիւ, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութիւնը զանոնք Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի բարերարներ հռչակած եւ Ֆիքս-Տուրղութիի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի մինչ այդ «Հայաստան» կոչուող սրահը՝ պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին, թեմակալ Առաջնորդ Սահակ Ս. Արք. Այվազեանի եւ Ազգ. Կեդր. վարչութեան ինչպէս նաեւ ժողովրդային բազմութեան մը ներկայութեան վերակոչած էր «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահ, որպէսզի անոնք ի կենդանութեան տեսնեն իրենց փափաքին մասնակի իրագործումը:
Թագւոր Աւետիքեան, յառաջացած տարիքի բերումով մէկ քանի տարիէ ի վեր քաշուած էր Այիա Բարասքէվիի իր բնակարանը եւ վերջին չորս ամիսներուն, տկարութեան հետեւանքով փոխադրուած էր Աթէնքի դարմանատուներէն մէկը, ուր Կիրակի օր, աւանդեց հոգին:
Յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը կատարուեցաւ Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» մայր եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդական փոխանորդ Վարդան ծ.վրդ. Տեմիրճեանի եւ մասնակցութեամբ Ներսէս Աւ. քհնյ. Խոշորեանի եւ Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեանի, ինչպէս նաեւ Աթէնքի եւ Գոքինիոյ դպրաց դասերուն: Ներկայ էին Ազգ. Կեդր. վարչութեան ատենապետը եւ անդամները, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը եւ մասնաճիւղերու վարչութիւնները իրենց լրիւ կազմերով:
Սգակիրներու մէջ էին հանգուցեալին այրին՝ տիկին Ռոզա Աւետիքեան, ազգականները եւ բարեկամները: Դամբանականներ խօսեցան Վարդան Հայր Սուրբը եւ տքթ. Եղիա Արշակունի, որոնք վեր առին հանգուցեալին ազգային գործունէութիւնը եւ մանաւանդ բարերարութիւնը, ի կենդանութեան իր կալուածները կտակելով Հ.Կ.Խաչին գործնականապէս սատարելու համար անոր բարեսիրական եւ մանաւանդ կրթական մարզէն ներս տարած աշխատանքին: Եկեղեցական արարողութեանց աւարտումէն ետք, Թագւոր Աւետիքեանի մարմինը փոխադրուեցաւ Գոքինիոյ Երմանիքա գերեզմանատունը, ուր տեղի ունեցաւ թաղումը:
Ծաղկեպսակներ ղրկած էին՝ իր այրին եւ Հ.Կ.Խաչի Շրջ. վարչութիւնը:
Կ. ԽԱՉԵԱՆ