Չորեքշաբթի՝ 16 Սեպտեմբերէն, յունական կառավարութիւնը գործադրութեան մէջ դրաւ աւելի խիստ կանոններ, առաջքը առնելու համար թագավարակի հետզհետէ տարածուող վտանգին, յատկապէս Ատտիկէի շրջանին համար, որ լուրջ մտահոգութիւն ստեղծած է պետական առողջապահական սպասարկութիւններուն մօտ։ Մտահոգիչ աստիճանի հասած են օրական վարակումները, իսկ առողջապահական համակարգը մեծ ճնշումի տակ կը գտնուի, քանի որ հետզհետէ կը բազմանան ծանր հիւանդներու պարագաները, որոնք կը խնամուին պետական հիւանդանոցներու յատուկ բաժիններուն մէջ։ Նշենք, որ ներկայիս հսկողութեան տակ գտնուող 4.089 վարակումներու կէսը արձանագրուած է Ատտիկէի մէջ։ Այս բոլորին վրայ, պէտք է նաեւ նկատի ունենալ վարժարաններու վերաբացումը, ուր հոն եւս մտահոգիչ կը դառնայ հաւանական վարակումի պայմաններու ստեղծումը, եթէ պետութեան կողմէ սահմանուած առողջապահական կանոնները խախտին կամ թերի կերպով գործադրուին։
Յատկապէս Աթէնքի եւ անոր շրջաններուն համար պետութեան կողմէ յայտարարուած աւելի խիստ կանոններու շրջագիծին մէջ, այլեւս պարտաւորիչ կը դառնայ դիմակի գործածութինը սեփական եւ հանրային ներքին ու արտաքին վայրերուն, շարժապատկերներու եւ թատրոններու սրահներուն, հանրային բաց շուկաններու մէջ, իսկ ճաշարաններուն մէջ իւրաքանչիւր սեղանի շուրջ արտօնուած առաւելագոյն թիւը կը սահմանափակուի 6 անձերու։
Այս կանոնները ի զօրու պիտի ըլլան մինչեւ Սեպտեմբերի վերջը, սակայն կառավարութեան ներկայացուցիչը` Ս.Փեցաս յայտնեց, թէ սեղանի վրայ է Ատտիկէի մէջ նոյնիսկ ամբողջական փակումի հաւանականութիւնը, որովհետեւ, ըստ մասնագէտներուն, օրական վարակումներու ընթացքը լուրջ վտանգ մը կը ներկայացնէ հանրային առողջութեան համար։
Կառավարութեան բանբերը ներկայացուց նաեւ այլ երկիրներու պատկերը, նշելով թէ ամէն տեղ նշմարուած է վարակումներու անսանձելի կացութիւն եւ ընդգծեց, որ յաջորդ վեց ամիսներու ժամանակը բաւական դժուար շրջան մը կը նկատուի, ուր յայտնի պիտի ըլլան նաեւ հետագայ քայլերը։
Թագավարակի տարածումը Աթէնքի մէջ լուրջ մտահոգութիւններ կը ստեղծէ
Թագավարակի տարածումը Աթէնքի մէջ լուրջ մտահոգութիւններ կը ստեղծէ