Հոկտեմբեր 2ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր մեծատաղանդ արուեստագէտներէն Թաթուլ Ալթունեանի, որուն անունն ու գործը անմահութիւն նուաճեցին՝ իբրեւ հիմնադիր խմբավարը Հայաստանի Երգի ու Պարի Պետական Համոյթին։
Գեղարուեստական բարձրորակ ճաշակով ու յղացումներով օժտուած երաժիշտն ու խմբավարն է Թաթուլ Ալթունեան, որ իբրեւ հայ մշակոյթի գեղարուեստական մեծահարուստ ժառանգութեան աւետաբերի՝ հայոց երգին ու պարին կախարդական աշխարհը բացաւ ոչ միայն սեփական ժողովուրդին, այլեւ ողջ մարդկութեան առջեւ՝ հմայելով արուեստի ծարաւ բոլոր հոգիները անխտիր։
Ինչպէս բոլոր իրա՛ւ արուեստագէտներու պարագային, մարդուն եւ մարդկայինին նկատմամբ անհուն սէրն ու ջերմեռանդ պաշտամունքը առաջնորդող լոյսը եղան Թաթուլ Ալթունեանի, որ խորապէս հաւատաց եւ անվհատ ստեղծագործեց այն մղումով, թէ՝
«Երբեմն մի պտղունց բարութեամբ կարելի է չարութեան մի բլուր փլցնել»։
Մեծատաղանդ հայը ծնած էր 116 տարի առաջ, Հոկտեմբեր 2ի այս օրը, հայկական Կիլիկիոյ գեղատեսիլ, բայց թրքական պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով արեան բաղնիքի վերածուած Ատանայի մէջ։
Ծնած էր Տիգրան Ալթունեանի ընտանեկան համեստ յարկին տակ եւ կնքուած էր հայ ժողովուրդի հերոսական զաւակներէն Թաթուլ Վանանդեցիի անունով։
Ծնած ըլլալով հայ ժողովուրդի փառքի եւ ողբերգութեան ժամանակաշրջանին՝ 20րդ դարասկիզբին, Կիլիկիոյ հայութեան բաբախուն սիրտը հանդիսացող Ատանա քաղաքին մէջ աչքերը բացած Թաթուլ Ալթունեան, հայոց դաժան ճակատագրին հետեւանքով, երկար չվայելեց բնական գեղեցկութեամբ յատկորոշ իր ծննդավայրը։ Մանուկ տարիքին ճաշակեց դառն բաժակը 1909ի Կիլիկիոյ Աղէտին, իսկ 1915ին արդէն 14ամեայ պատանի՝ Թաթուլ Ալթունեան անձամբ ապրեցաւ արհաւիրքը Մեծ Եղեռնին։
Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական տեղահանութեան ու սպանդի, արեան ու սուգի ճանապարհները կտրելով, հայոց մեծ խաչելութենէն մազապուրծ, պատանի Թաթուլ Ալթունեան ապաստանեցաւ Երեւան։
Ի վերուստ երաժշտական տաղանդով օժտուած հայ պատանի գաղթականին համար Երեւանը դարձաւ անփոխարինելի իր մեծ օճախը՝ Թաթուլ Ալթունեանին տալով հնարաւորութիւնը լիովին զարգացնելու թէ՛ երաժիշտի ու խմբավարի իր ընդունակութիւնները, թէ՛ հայոց երգ ու պարի առինքնող աշխարհին խորաթափանց ճանաչողութիւնը, թէ՛ ազգային-ժողովրդական շունչով ստեղծագործելու տաղանդը։
Թ. Ալթունեան 1928ին աւարտեց Երեւանի, իսկ 1934ին՝ Լենինկրատի (այժմ՝ վերստին Սան Փեթերսպուրկ անուանակոչուած) երաժշտանոցները: 1934էն իսկ սկսաւ դասաւանդել Երեւանի երաժշտանոցին մէջ:
1935էն մինչեւ 1949 թուականը, տարբեր հանգրուաններով, Թ. Ալթունեան ստանձնեց ղեկավարութիւնը Երեւանի երաժշտանոցին եւ Հայաստանի պետական երգչախումբերուն։ Իսկ 1938էն մինչեւ 1970 տեւաբար ղեկավարեց Հայկական Ժողովրդական Երգի-Պարի Համոյթը (Անսամպլը, որ իր մահէն տարի մը ետք՝ 1974ին, պաշտօնապէս կոչուեցաւ Թաթուլ Ալթունեանի անունով)։
Թաթուլ Ալթունեան 1958էն մինչեւ 1973 վարեց նախագահութիւնը Հայաստանի Երգչախմբային Ընկերութեան, իսկ 1966-69ին միաժամանակ ղեկավարեց Ընկերութեան Երգչախումբը:
Այդպէ՛ս, շուրջ քառասուն տարի, Թաթուլ Ալթունեանի ղեկավարութեան տակ, հայ թէ օտար բեմերու վրայ, Խորհրդային կողմն աշխարհի թէ երկրագունդի ողջ տարածքին, ինքնատիպ մեկնաբանութեամբ հնչեցին ու լայն ժողովրդականութեան արժանացան Կոմիտասի «Գարուն»ը, «Կալի երգը», «Սոնա եար»ը, «Լօ, լօ»ն, «Անձրեւն եկաւ»ը, «Քաղհան»ը, նոյնպէս՝ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի «Գացէք, տեսէք»ը, «Զինչ ու զինչ»ը, Սպիրիդոն Մելիքեանի «Թխկոնդա», «Պիլիբի» երգերը, հայկական ժողովրդական երգերու բազում մշակումներ, հայկական, ռուսական, արեւմտաեւրոպական խմբերգային ստեղծագործութիւններ։
Թաթուլ Ալթունեանի գեղարուեստական մեծ տաղանդին անմահ վկաներն են ինքնատիպ ոճով իր մշակումները ոչ միայն Կոմիտասի եւ Ս. Մելիքեանի, այլեւ իր իսկ կողմէ ձայնագրուած գուսանական եւ ժողովրդական երգերուն ու պարեղանակներուն, ինչպիսին են «Հոյ, իմ Նազանի եարը», «Նուբար, Նուբար»ը, «Եաման Եար»ը, «Հոպինա»ն, «Խամբաջի»ն, «Քա, դէ եսիմ»ը եւայլն: Թաթուլ Ալթունեան հեղինակն է նաեւ մեր ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս հանդիսատեսին կողմէ այնքա՜ն սիրուած «Սեւանի», «Նազելի», «Նազպար», «Արտաշատի» եւ այլ պարեղանակներուն: Երգի-Պարի Համոյթի գեղարուեստական շրջապտոյտներով, երկար տարիներ եւ բազում անգամներ, Թաթուլ Ալթունեան գտնուեցաւ Սփիւռքի գրեթէ բոլոր հայօճախներուն մէջ եւ մեծապէս նպաստեց տեղական երգի-պարի կամաւոր ու սիրողական խումբերուն կատարողական վարպետութեան բարձրացումին։
Մեծ վարպետին անունով կոչուեցան Գահիրէի, Պուէնոս Այրէսի եւ այլ գաղութներու հայկական երգի-պարի համոյթները։ Մեծատաղանդ խմբավարին, երաժշտական ուսուցիչին եւ Հայաստանի Պետական Երգչախումբին ու Հայկական Ժողովրդական Երգի-Պարի Համոյթին վաստակաշատ հիմնադիրին ծննդեան 116րդ տարեդարձին նուիրուած ոգեկոչման ու մեծարանքի այս ամփոփ վկայութիւնը եզրափակելու համար, յատուկ կարեւորութեամբ կ’արժէ շեշտել, որ Թաթուլ Ալթունեան եղաւ նաե՛ւ պատգամի տէր ՀԱՅը, որ միշտ վառ պահեց անհուն բարութիւնը մեր ժողովուրդին՝ ծանրագոյն հարուածներէ վերապրելու եւ մարդուն ու աշխարհին նկատմամբ իր բարի հաւատքը չկորսնցնելու հայու ազգային հրաշազօր լաւատեսութեան:
Թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրի արհաւիրքէն յարութիւն առած Հայաստանի ու հայութեան հաւատքով, մեր ժողովուրդի բազմադարեան լուսաւոր երթը նոր հորիզոններու բանալու ստեղծագործական անշէջ հուրով վարակուած՝ Թաթուլ Ալթունեան հայ մշակոյթն ու արուեստը վերանորոգելու կենսունակութեամբ ու գեղարուեստական վարպետութեամբ պատասխանեց Չարակամին եւ, արժանաւորապէ՛ս, իր բարձրադիր պատուանդանը նուաճեց վերապրող հայութեան հոգեմտաւոր առաջնորդներու անմահ փաղանգին մէջ։
Հայ երգին ու պարին բեմականացման մեծատաղանդ վարպետին մեր սերունդները պիտի յիշեն անոր գեղարուեստական թեւաւոր կտակով՝
«Հայ երգը մի բարձրահասակ, նիհար ու նուրբ գեղեցկուհի է, որին եթէ շատ զարդարես` կը կորչի ու կը խեղդուի, կը կռանայ ու կը փշրուի»։
Թաթուլ Ալթունեան (1901-1973).
Թաթուլ Ալթունեան (1901-1973). Հայոց երգի ու պարի բեմականացման մեծ վարպետը Ն.