Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանթիէի համաձայն՝ Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծին բնագիրը գրեթէ պատրաստ է, «եւ յառաջիկային պիտի լսենք այդ մասին»:
21 Յունիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, դեսպանը յայտնած է այս մասին` աւելցնելով, որ օրինագիծը միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումին չի վերաբերիր, այլ նաեւ Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած բոլոր ցեղասպանութիւններուն: «Այս Յունուարին, Ֆրանսայի հայկական կառոյցներու համակարգող ժողովին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ելոյթ ունեցաւ եւ յստակօրէն ըսաւ, թէ պէտք է կրկին սկսիլ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման հոլովոյթին: Յստակօրէն յանձնարարութիւն տուաւ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի նախկին նախագահ Ժան Փոլ Քոսթային` ձեռնամուխ ըլլալու նոր օրինագիծի մշակման աշխատանքներուն:
Կ՛ենթադրեմ, որ նոր օրինագիծին բնագիրը գրեթէ պատրաստ է: Յառաջիկային մենք պիտի լսենք այս մասին»,- ըսած է դեսպանը:
Անդրադառնալով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու փեթերսպուրկեան հանդիպման` դեսպանը «լաւ նշան» նկատած է այն, որ Սարգսեան ու Ալիեւ սկսած են յաճախակիօրէն հանդիպելու, նաեւ՝ պարտաւոր են կանոնաւոր դարձնելու այդ հանդիպումները եւ խօսելու խաղաղութեան մասին: Դեսպանը աւելցուցած է, որ Ե.Ա.Հ.Կ.ի ծիրին մէջ աշխատանքներ կը տարուին վստահութեան մեքենականութիւններու ստեղծման ու ներդրման համար:
«Ինչ կը վերաբերի վստահութեան մեքենականութիւններուն, ատիկա նախ եւ առաջ կ՚ենթադրէ Ե.Ա.Հ.Կ. գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի իրաւասութիւններու ընդլայնում եւ շփման գիծի երկայնքով հետաքննութեան, հսկողական մեքենականութիւններու տեղադրում: Այսինքն` մարդոց տեղակայում: Խօսքը խաղաղապահ ուժերու տեղակայման մասին չէ, խօսքը դիտորդներու թիւի յաւելման մասին է»,- յայտնած է Ֆրանսայի դեսպանը: