Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ներկայացուց Երեւանի Աւագանիի ընտրութիւններու քուէարկութեան նախնական արդիւնքները:
Արդիւնքները ներկայացուեցան ըստ ընտրական տեղամասերու, տարածքային ընտրական յանձնախումբերու սպասարկման տարածքներու եւ ընտրական տարածքներու:
Այսպիսով`« Ելք» կուսակցութիւններու Դաշինքը ստացաւ 61.564 ձայն, որ կը կազմէ ընտրողներու 21,06 առ հարիւրը, «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութիւնը` 22.724 ձայն, այսինքն` 7,71 առ հարիւրը, Հանրապետական Կուսակցութիւնը` 208.013 ձայն կամ ընտրողներու 71,16 առ հարիւրը:
Նախնական տուեալներով` Երեւանի մէջ ընտրելու իրաւունք ունեցող 842.147 քաղաքացիներէ ընտրութեան մասնակցեցաւ 345.226 ընտրող, որ կը կազմէ մասնակցութեան 40,99 առ հարիւրը: Այս մասին կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նստավայրէն յայտնեց յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան: Ան ըսաւ, որ երեկոյեան ժամը 8:00ին փակուած են բոլոր ընտրատեղամասերը եւ սկսած է հաշուարկի հոլովոյթը:
Նախագահ Սարգսեան քուէարկեց «յանուն լաւ Երեւանի»
Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր կնոջ` Ռիթա Սարգսեանի հետ Կիրակի առաւօտեան մայրաքաղաքի թիւ 9/18 ընտրատեղամասին մէջ մասնակցեցաւ Երեւանի Աւագանիի ընտրութիւններու քուէարկութեան:
Ընտրատեղամասին մէջ պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումներուն, թէ Երեւանի մէջ ի՞նչ պիտի փոխուի, եթէ Տարօն Մարգարեան ընտրուի քաղաքապետի պաշտօնին՝ հանրապետութեան նախագահը ըսած է.- Երեւանը աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Մէկ այլ հարցումի մը, թէ յանուն ինչի՞ քուէարկած է, նախագահը պատասխանած է.- յանուն լաւ Երեւանի:
Միջադէպ` Հ.Հ.Կ.ի ընտրական գրասենեակին մէջ
Միւս կողմէ՝ Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու Զարուհի Փոստանջեան մտած է Աւան վարչական շրջանի Հ.Հ.Կ. ընտրական գրասենեակի կեդրոն եւ պահանջած է բանալ դարակները: Փոստանջեան ըսած է, թէ այդտեղ ցուցակներ կը պահուին:
Ոստիկանները յորդորած են Փոստանջեանը, որ լքէ ընտրական գրասենեակի տարածքը, սակայն ան չէ ենթարկուած: Ոստիկանները Փոստանջեանի թեւերէն քաշելով դուրս հանած են զինք տարածքէն, փորձած են բերման ենթարկել, յորդորած են զայն ոստիկանութեան ինքնաշարժ նստիլ, բայց ան չէ ենթարկուած հրահանգին: