Ընտանեկան բռնութեան դէմ օրէնքի նախագիծ

Հարցազրոյց` ակտիվիստ Աննէթ Մոսկոֆեան-Արզումանեանի հետ

0
12154

«Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը պէտք է գի­տակ­ցին,
թէ յա­րա­բե­րա­բար տկար ան­ձի մը չա­րա­շա­հու­մը
եր­բեք ըն­դու­նե­լի չէ ա­ռողջ ըն­տա­նի­քի մը հա­մար»

Հարցազրոյցը վարեց՝ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան

Երկ­րի մը մէջ, ուր կի­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը պե­տա­կան եւ հան­րա­յին պաշ­տօն­նե­րուն մէջ «ան­բա­ւա­րար»էն մին­չեւ «ան­գոյ» կա­րե­լի է բնո­րո­շել, բնաւ զար­մանք պէտք չէ պատ­ճա­ռէ, թէ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի քննարկ­ման կը ներ­կա­յա­ցո­ւի ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան դէմ օ­րէն­քի նա­խա­գիծ մը, որ պաշտ­պա­նու­թեան տակ պի­տի առ­նէ կի­նե­րը՝ ա­նոնց ֆի­զի­քա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը հաս­տա­տե­լով եւ պաշտ­պա­նե­լով զա­նոնք ըն­տա­նե­կան յար­կի տակ բիրտ վե­րա­բե­րու­մի են­թար­կո­ւե­լու փոր­ձան­քին դէմ։ Խս­տօ­րէն դա­տա­պար­տե­լի եւ քրէա­կան յան­ցան­քի հա­մա­զօր նման ե­րե­ւոյթ­ներ, յետ այ­սու, ան­թոյ­լատ­րե­լի եւ պա­տի­ժի են­թա­կայ պի­տի ըլ­լան։
­Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն, երբ ըն­կե­րու­թեան զա­նա­զան կա­ռոյց­նե­րու մէջ՝ ըն­տա­նի­քէն մին­չեւ դպրոց, հա­սա­րա­կա­կան կեան­քէն մին­չեւ պե­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ, կի­նե­րը տի­րա­պե­տող ներ­կա­յու­թիւն կը դառ­նան, մեր­ժե­լի ու դա­տա­պար­տե­լի է ա­րա­կան սե­ռի կող­մէ (ու ո՛չ միայն) բռնու­թեան կի­րար­կու­մը։
Այս օ­րի­նա­գի­ծի քննարկ­ման նա­խօ­րեա­կին, ­Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քի մէջ բա­ւա­կան ծա­ւա­լուն նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ առ­նո­ւե­ցան՝ յօ­դո­ւա­ծագ­րու­թեամբ, ստո­րագ­րա­հա­ւա­քով, հրա­պա­րա­կա­յին զրոյց­նե­րով հան­րու­թիւ­նը լու­սա­բա­նե­լու հա­մար։
­Լոն­տո­նաբ­նակ աշ­խոյժ ակ­տի­վիստ Ան­նէթ ­Մոս­կո­ֆեան-Ար­զու­մա­նեա­նի նա­խա­ձեռ­նութեամբ՝ հա­մա­ցան­ցա­յին ստո­րագ­րա­հա­ւաք մը սկիզբ ա­ռաւ, օ­րէն­քի ըն­դու­նու­մը յա­ջողց­նե­լու ի նպաստ։ ­Շատ կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ միա­ցան ստո­րագ­րա­հա­ւա­քին, ա­ւե­լի քան 2835 ստո­րագ­րու­թիւն­ներ հա­ւա­քե­լով եւ ի­րենց հա­ւա­նու­թիւ­նը յայտ­նե­լով այս գոր­ծի յա­ջո­ղու­թեան։
­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Կ­նո­ջա­կան Է­ջի կող­մէ կապ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ընկ. Ան­նէթ ­Մոս­կո­ֆեա­նի հետ՝ խնդրե­լով ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ եւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ։


­Հայ ազ­գի պատ­մու­թեան մէջ հայ կի­նը մե­ծա­րան­քի ար­ժա­նա­ցած է դա­րե­րու ըն­թաց­քին։ Որ­պէս մայր, դաս­տիա­րակ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ, այլ նաեւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ ու մտա­ւո­րա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն, հայ կնոջ ար­ժա­նի տեղ վե­րա­պա­հո­ւած է միշտ։ Որ­քա­նո՞վ ի­րա­կա­նու­թեան կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն այս բո­լո­րը։

­Նախ սկսիմ՝ յայտ­նե­լով, թէ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կի­նե­րը կը կազ­մեն բնակ­չու­թեան 52 առ հա­րիւ­րը։ Ա­նոնք պաշ­տօ­նա­պէս ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւած են գեն­դե­րա­յին (ծի­նա­սե­ռա­յին) հա­ւա­սա­րու­թեան սկզբուն­քով՝ 1991 թո­ւա­կա­նի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղ­ծու­մէն ի վեր։ Այ­սու­հան­դերձ՝ կի­նե­րը, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, նո­ւազ չա­փով ներ­կա­յա­ցո­ւած են քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։
Կ­՚ար­ժէ նշել, թէ Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի (խորհր­դա­րա­նի) 131 ան­դամ­նե­րէն միայն 14ը կի­ներ են (10,7 առ հա­րիւ­րը), թիւ՝ որ 1990ի սկզբնա­կան 36 հո­գիէն շատ ա­ւե­լի նո­ւազ է։ ­Կա­ռա­վա­րու­թեան 18 նա­խա­րար­նե­րէն միայն 3ը կի­ներ են։ ­Կան 12 կին փոխ-նա­խա­րար­ներ՝ այդ պաշ­տօ­նը զբա­ղեց­նող 51 այր փոխ- նա­խա­րար­նե­րու կող­քին։ Չ­կան բնաւ կին մարզ­պետ­ներ կամ քա­ղա­քա­պետ­ներ…։ ­Հա­մայնք­նե­րու Ա­ւա­գա­նիի ան­դամ­նե­րու միայն 8,6 առ հա­րիւ­րը կին է՝ ­Հա­յաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին, երբ հա­մայնք­նե­րու Ա­ւա­գա­նի­նե­րու ընդ­հա­նուր կազ­մը 6164 ան­դամ կը հա­շո­ւէ (ո­րոնց­մէ 534ը՝ կի­ներ)։
Grant Thornton International businessի 2011ի տուեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ մեր երկ­րի գոր­ծա­րար բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վար պաշ­տօն­նե­րուն վրայ գտնո­ւած կի­նե­րը կազ­մած են 29 առ հա­րիւր տոկոս, ցու­ցա­նիշ՝ ո­րը նո­ւա­զած է սա­կայն 2011ի տո­ւեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ հաս­նե­լով 23 առ հա­րիւ­րի։
Մ.Ա.Կ.ի կա­նանց բաժ­նի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն ­Մի­շէլ ­Պա­չէ­լէթ, որ նա­խա­պէս ­Չի­լիի նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին ընտ­րո­ւած եւ իր քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէ­զի ըն­դար­ձակ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին պայ­քա­րած է կի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ա­նոնց տրո­ւող հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ի նպաստ, յայտ­նած է հե­տե­ւա­լը.- «­Տո­ւեալ­նե­րը ցոյց կու­տան, թէ գեն­դե­րա­յին հա­ւա­սա­րու­թեան բարձր մա­կար­դակ ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րը, շատ ա­ւե­լի բարձր ցու­ցա­նիշ­ներ ու­նե­ցած են հա­մա­խառն ազ­գա­յին ար­տադ­րան­քի չա­փով, ինչ­պէս ա­ռեւտ­րա­յին բա­րե­լա­ւո­ւած ար­դիւնք­ներ։ ­Տար­բեր եր­կիր­նե­րու խորհ­դա­րան­նե­րուն մէջ փաս­տո­ւած է, թէ հոն՝ ուր կի­նե­րու թի­ւը հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի բարձր է, ա­ւե­լի՛ ա­ռար­կա­յա­կան եւ ար­դար օ­րէնք­ներ որ­դեգ­րո­ւած են, ե­րե­խա­նե­րու, կի­նե­րու եւ ըն­տա­նիք­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րուն ու կեն­ցա­ղին առն­չո­ւած ըն­կե­րա­յին ծրա­գիր­նե­րով»։
Ին­չո՞ւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կի­նե­րը ան­բա­ւա­րար չա­փե­րով ներ­կա­յա­ցո­ւած են քա­ղա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին-հա­սա­րա­կան կեան­քին մէջ։ Ո­րով­հե­տեւ հան­րու­թեան ըն­կա­լում­նե­րուն մէջ պահ­պա­նո­ղա­կան եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան կարծ­րա­տի­պե­րու տա­րա­ծուա­ծու­թիւ­նը հիմ­նա­կան խո­չըն­դոտ է։ Եւ ճիշդ այդ վե­րա­բեր­մունքն է, որ ըն­տա­նե­կան բռնու­թիւ­նը քրէա­կա­նաց­նե­լու եւ օ­րէն­քի ըն­դու­նու­մը յա­ջողց­նե­լու քայ­լե­րուն մէջ՝ ար­գելք­նե­րու կը հան­դի­պի։

Կր­նա՞ք անդ­րա­դառ­նալ ­Հա­յաս­տա­նի ըն­կե­րու­թեան մէջ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին։

Եւ­րո­պա­յի Անվ­տան­գու­թեան եւ ­Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան Proactive Society կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ 2011ին հրա­պա­րա­կո­ւած եւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան վե­րա­բե­րեալ հե­տա­զօ­տու­թեան հի­ման վրայ պար­զո­ւած է, թէ վի­ճա­կագ­րու­թեան մաս կազ­մած ան­ձե­րու 59,6 առ հա­րիւ­րը են­թար­կո­ւած է ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան, իր կեան­քին ըն­թաց­քին։
Յս­տակ է, թէ ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան դէմ հա­մա­պար­փակ օ­րէնք­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը, նման դէպ­քե­րու քրէա­կա­նա­ցո­ւած չըլ­լա­լը եւ զո­հե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ուղ­ղո­ւած քայ­լե­րու ան­բա­ւա­րա­րու­թիւ­նը շատ լուրջ խնդիր­ներ են մեր ըն­կե­րու­թեան մէջ։ Ք­րէա­կան օ­րէնսդ­րու­թեան մէջ յա­տուկ նշում չկայ ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան մա­սին, ինչ որ կը դժո­ւա­րաց­նէ մե­ղա­ւոր ան­ձանց պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան են­թար­կե­լու գոր­ծը։
Ք­րէա­կան ի­րա­ւուն­քի ընդ­հա­նուր դրոյթ­նե­րը կրնան կի­րար­կո­ւիլ ո­րոշ պա­րա­գա­նե­րու, սա­կայն ցարդ գոր­ծող օ­րէնք­նե­րու հի­մամբ դժո­ւար է դի­մու­մը հիմ­նա­ւո­րել ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան մե­ղադ­րան­քով։ ­Հայ կի­նե­րու առ­նո­ւազն 60 առ հա­րիւ­րը յայտ­նած են, թէ ի­րենց կեան­քի ըն­թաց­քին, առ­նո­ւազն ան­գամ մը, տու­ժած են ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան դէպ­քով (Ե.Ա.Հ.Կ.ի վի­ճա­կագ­րու­թեան հա­մա­ձայն)։
2011ին Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մշա­կած էր «­Գեն­դե­րա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ծրա­գիր» մը (2011-2015 ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծը ընդգր­կող) կի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան բա­րե­լաւ­ման գծով։
­Հոն նա­խա­տե­սո­ւած էր ­Կի­նե­րու ­Խոր­հուրդ մը ստեղ­ծե­լու գա­ղա­փա­րը։ Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, 2013ի ­Մա­յի­սին, Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մեր­ժեց ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան կան­խար­գիլ­ման մա­սին ներ­կա­յա­ցո­ւած օ­րի­նա­գի­ծը, որ քայլ առ քայլ սկսո­ւած էր մշա­կո­ւիլ 2007էն ի վեր ։

Օ­րէն­քի ըն­դու­նու­մը կը կար­ծէ՞ք, որ տար­բե­րու­թիւն պի­տի բե­րէ հայ ըն­տա­նի­քի կեան­քին մէջ։

­Ներ­կա­յա­ցո­ւած օ­րէն­քը դեռ եւս կա­տա­րեալ չէ՝ ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան դէպ­քե­րը պատ­ժե­լու եւ զո­հե­րուն ա­պա­հո­վու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու մէջ։ Յս­տակ է, թէ ըն­տա­նե­կան բռնու­թիւ­նը մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու լուրջ խախ­տում է, մաս­նա­ւո­րա­պէս կեան­քի ի­րա­ւուն­քի եւ հա­ւա­սա­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Ոս­տի­կա­նու­թեան մի­ջամ­տու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է, պաշտ­պա­նե­լու հա­մար զո­հե­րու հա­տուց­ման ի­րա­ւուն­քը։
Ես տե­ղե­կա­ցայ եւ մօ­տէն հե­տե­ւե­ցայ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան դէպ­քե­րու լրջու­թեան, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն սփիւռ­քեան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն մէջ հրա­պա­րա­կո­ւած լրա­տո­ւու­թեան եւ բա­ցա­յայ­տո­ւած դէպ­քե­րուն ճամ­բով։ Ա­ւե­լի քան տա­րի մըն է, որ ան­դամ եմ «­Կա­նանց ա­ջակ­ցու­թեան Ե­րե­ւա­նի կեդ­րոն»ին ( Advisory Board of Women’s Support Centre WSC)։ Այս կեդ­րո­նին մի­ջո­ցաւ փայ­լուն աշ­խա­տանք կը տա­րո­ւի ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան զո­հե­րուն ա­պաս­տան տրա­մադ­րե­լու գոր­ծով։ ­Սա­կայն ներ­կա­յիս ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­զիւ եր­կու ա­պաս­տա­րան­ներ գո­յու­թիւն ու­նին միայն։ Օ­րէն­քի ըն­դու­նու­մէն ետք, պե­տու­թիւ­նը պէտք է կա­ցա­րան­ներ ստեղ­ծէ, ո­րոնք պի­տի գոր­ծեն անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին։
Եր­կու խօս­քով բա­ցատ­րեմ օ­րէն­քին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը.-
­Կան­խար­գի­լել ըն­տա­նե­կան բռնու­թիւն­նե­րու դէպ­քե­րը՝ զո­հե­րու պաշտ­պա­նու­թեան եւ հզօ­րաց­ման մի­ջո­ցաւ։
­Վե­րա­կանգ­նել ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն կար­գա­վի­ճա­կը՝ զո­հե­րուն ա­պա­հո­վե­լով ա­պաս­տա­րան­ներ։ ­Բու­ժել եւ անհ­րա­ժեշտ հո­գե­բա­նա­կան ու ըն­կե­րա­յին օգ­նու­թիւ­նը տրա­մադ­րել ա­նոնց, ինչ­պէս նաեւ ա­պա­հո­վել ե­րե­խա­նե­րը։

­Կա­րե­լի՞ է զա­նա­զա­նու­թիւն դնել ե­րի­տա­սարդ զոյ­գե­րու դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րուն մէջ։

Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը պէտք է կա­նու­խէն դաս­տիա­րա­կո­ւին այս հար­ցե­րով ու գի­տակ­ցին, թէ յա­րա­բե­րա­բար տկար ան­ձի մը չա­րա­շա­հու­մը եր­բեք ըն­դու­նե­լի չէ ա­ռողջ ըն­տա­նի­քի մը կազ­մու­թեան հա­մար։
Անհ­րա­ժեշտ է բարձ­րաց­նել ըն­կե­րու­թեան ի­րա­զե­կու­թիւ­նը՝ գեն­դե­րա­յին հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ըն­տա­նի­քին մէջ ար­դա­րու­թեան սկզբունք­նե­րուն վրայ ու դաս­տիա­րա­կել սե­րունդ­նե­րը ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րու յո­ռի ե­րե­ւոյթ­նե­րուն դէմ։ Ն­ման փո­փո­խու­թիւն­նե­րով է, որ մեր երկ­րին մէջ ա­ւե­լի ա­ռողջ ըն­կե­րու­թիւն պի­տի ստեղ­ծո­ւի, ուր պի­տի յար­գո­ւին իւ­րա­քան­չիւր մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը։ Ի վեր­ջոյ, հայ­կա­կան զօ­րա­ւոր ըն­կե­րու­թիւն մը իւ­րա­քան­չիւր հայ ան­հա­տի նպա­տակն ու փա­փաքն է։