Կիրակի՝ 26 Մայիս 2019ին, Յունաստանի եւ Եւրոպայի տարածքին, տեղի ունեցան Եւրոպական Խորհրդարանի ընտրութիւնները։
Մինչեւ առաւօտ հրապարակուած արդիւնքներուն համաձայն, գլխաւոր կուսակցութեանց համար կը պարզուի հետեւեալ պատկերը`
Ν.Δ. — Նոր Հանրապետութիւն` 33,25%
ΣΥΡΙΖΑ — ՍԻՐԻԶԱ` 23,81%
ΚΙΝΑΛ — ՔԻՆԱԼ` 7,44%
ΚΚΕ — ՔՔէ` 5,58%
ΧΡΥΣΗ ΑΥΓΗ — ՈՍԿԻ ԱՐՇԱԼՈՅՍ՝ 4,85%
ΕΛΛΗΝΙΚΗ ΛΥΣΗ — ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ`4,10%
ΜΕΡΑ 25 — ՄԷՐԱ 25` 3,08%
Նոյն օրը, Յունաստանի տարածքին, տեղի ունեցան նաեւ մարզային եւ քաղաքապետական ընտրութիւններ։
Եւրոպական Խորհրդարանի եւ մարզային-քաղաքապետական ընտրութիւնները յատուկ նշանակութիւն կը ստանան հայութեան համար, մասնաւորապէս Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ Հայաստանի ու Հայ Դատի հարցերուն զօրավիգ կանգնելու համար հայասէր երեսփոխաններու ընտրութեամբ։
Տեղական ընտրութիւններու պարագային, յատկապէս հայաշատ շրջաններուն համար, յունահայութիւնը կարեւորութեամբ կ՚ակնկալէ հայասէր թեկնածուներու ընտրութիւնը՝ մարզային եւ քաղաքապետական պաշտօններուն վրայ։
Այս անգամ, հայաշատ շրջաններու մարզային եւ քաղաքապետական ընտրութեանց մեծ թիւով հայկական ծագում ունեցող թեկնածուներ եւս մաս կազմեցին զանազան խմբաւորումներու ընտրական ցանկերուն։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, ընտրութիւններէն առաջ, հրապարակային յատուկ յայտարարութեամբ «Ազատ Օր»ին մէջ, մեր հայրենակիցներուն կը թելադրէր իրենց նախընտրութիւնը ցոյց տալու այն ներկայացուցիչներուն, որոնք նախկին գործունէութեամբ կամ ապագայի խոստումնալից ընթացքով կը համոզեն՝ թէ յաջորդող քառամեակին, անոնք իրենց ուժերը պիտի լարեն՝ ի սպաս հայ ժողովուրդի եւ յունահայութեան ակնկալութիւններուն։
Նաեւ՝ նոյն յայտարարութեան մէջ կը նշուէր, թէ՝ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը զօրավիգ կը կանգնի հայկական ծագումով բոլոր մեր ազգակից թեկնածուներուն։
Ընտրութիւններ՝ Յունաստանի մէջ
Եւրոպական Խորհրդարանի, մարզային եւ քաղաքապետական ընտրութիւնները կայացան Յունաստանի մէջ